ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Այս օրերուն բաւական ազատ ժամանակ պիտի ունենաք` մտածելու եւ հասկնալու, թէ ինչի՛ մէջ դուք սխալեցաք նախորդ օրերուն: Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Բարդ շրջան մըն է, վստահեցէք ձեր կարողութեան եւ ուժին: Պատրաստ եղէք անակնկալներու: Պէտք է խելամիտ փոխզիջումներ կատարէք, որպէսզի ձեր գործերը յառաջ երթան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Այս շրջանին ձեր բոլոր գործերը ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնան: Հաճելի հանդիպում մը պիտի ունենաք ձեր հին ընկերներէն մէկուն հետ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր մշակած բարիդրացիական յարաբերութիւնները մեծապէս օգտակար պիտի ըլլան ձեզի այս շրջանին: Դժուարութիւնները հեշտութեամբ պիտի յաղթահարէք: Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ այս շրջանին:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Օրը շատ յարմար է ստեղծագործական աշխատանք կատարելու համար: Ձեր նախասիրութիւններուն ժամանակ պէտք է տրամադրէք: Դրական լիցքաւորում պիտի ունենաք այս շրջանին:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Այս օրերուն դիտողութիւն եւ յանդիմանութիւն պիտի լսէք ձեր հասցէին: Յանձն պիտի առնէք ձեր սխալները ուղղել: Ձեր դատը պիտի շահիք եւ մեծ գումար մը պիտի տրամադրէք ձեր փաստաբանին:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Նորութիւններու մասին մտածելը անհնար պիտի ըլլայ ձեզի այս շրջանին: Բարենպաստ օր մը պիտի ունենաք ընտանեկան հարցերը լուծելու համար: Բացասական միտքերը հեռու վանեցէք ձեզմէ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր աշխատանքները մեծ կեդրոնացում կը պահանջեն ձեզմէ: Ձեր աշխատանքային պայմանները բաւական դժուար պիտի ըլլան այս շրջանին, բայց մի՛ յուսահատիք եւ մի՛ մտածէք ձեր գործէն հրաժարիլ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Յարմար շրջան է նոր ծրագիրներ մշակելու: Նիւթական բաւական լաւ պայմաններ պիտի ունենաք: Պէտք է լսէք աւագ սերունդի խորհուրդները եւ կարծիքները:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր անձնական յարաբերութիւնները լուրջ փոփոխութեան պիտի ենթարկուին: Աշխատանքային առաջարկներ պիտի ստանաք: Շատեր փափաք պիտի յայտնեն օգնութեան ձեռք երկարելու ձեզի` ձեր հարցերը լուծելու նպատակով:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Անսահմանափակ հնարաւորութիւններ պիտի ունենաք` ձեր մէկ ծրագիրը իրականացնելու եւ աշխատանքային նոր շուկաներ մտնելու: Նիւթական ձեր բոլոր հարցերը յարմար լուծումներ պիտի գտնեն:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Օրը յարմար է կարեւոր որոշումներ կայացնելու: Հարցերէն ու վիճաբանութիւններէն հեռու մնացէք: Հիանալիօրէն լեզու պիտի գտնէք ձեր ընկերներուն հետ եւ պիտի կիսէք անոնց ուրախութիւնն ու մտահոգութիւնը: