ՄՕՏ ՕՐԷՆ «ԱԶԴԱԿ»-Ի 2020-Ի ԲԱՑԱՌԻԿԸ
————————————-
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
2020-Ի Ս. ԾՆՈՒՆԴԻ ՏՆՕՐՀՆԷՔ
Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը յայտնենք, թէ 2020-ի Ս. Ծնունդի տնօրհնէքը պիտի կատարուի հետեւեալ տեղաբաշխումով.
1.- ԽԱՉԻԿ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՄԻՍԻՍԵԱՆ. Անթիլիաս Նաքքաշ, Ռապիէ Նաքքաշ, Մթայլեպ, Պէյթ Գօգօ, Մազրաաթ Եաշուհ, Պիքֆայա, Տըպպայէ, Զուք Խարապ, Ատոնիս, Ճիւնի` մինչեւ Ֆիտար, Պալլունէ, Ժեհիթա:
2.- ՆԱՐԵԿ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՀԷՃԻՆԵԱՆ. Հաճըն, Հըրշ Թապեթ, Պրումմանա, Պաապտաթ, Մանսուրիէ, Պէյթ Մերի, Պսալիմ, Պընէիա, Ռապուէ` Յունական պատրիարքարանի շրջան, Աուքար, Պէյթ Շաար, Տիք Մըհտի` մինչեւ Շանվիլ դպրոցի մայր մուտք:
3.- ԱՌԱՔԵԼ ՔՀՆՅ. ՏՄՏՄԵԱՆ. Էհլանի ժողովրդային տուներ, Մխիթարեան վարի Ռաուտա, Տըքուենի, Սի Սուիթ, Սեպթիէ:
4.- ՄԵՍՐՈՊ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՔԷՐՔԷԶԵԱՆ. Յունական հիւանդանոցի շրջան եւ հանրային պարտէզ, Ժեհթաուի, Զօրանոց, Ճերմակ տուներ, Քարանթինա, Ճըմմէյզէ, Մար Մըխայէլ:
5.- ՎԱՐԴԱՆ ՔՀՆՅ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ. Հայաշէն, Շահրուրի-Ֆասսուհ, Սիուֆի, Էշրեֆիէի-Սասին-Աշինակ, Սոտիքօ-Ռըզք հիւանդանոց, Ֆըրն Շըպպեք Սիրիանիներու թաղ, Հազմիէ, Կիլիկիա, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ ծխական շրջան:
6.- ՆԵՐՍԷՍ ՔՀՆՅ. ՊԱՍԻԼԵԱՆ. Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծխական շրջան, Արագած, Մասաքեն:
7.- ՄԿՐՏԻՉ ՔՀՆՅ. ՔԷՇԻՇԵԱՆ. Պէյրութ, Պատարօ, Այն Ռըմմանէ, Տահիէ, Հատաթ, Պաապտա-Ժամհուր-Քահհալէ, Ուատի Շահրուր-Քֆարշիմա, Սայտա, Մաղտուշէ, Այն Ընուպ-Պէյթէտտին, Ամանոսի շրջան` արձանէն Տորա երկարող մասը մինչեւ «Ֆալաֆել Արաքս» եւ շրջակայք:
8.- ՍԱՐԳԻՍ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ. Անթիլիաս, Մզհեր 1, Ռապուէ, Պայատա, Էլիսար:
9.- ՇՆՈՐՀՔ ՔՀՆՅ. ՏԷՐ ԱՐԹԻՆԵԱՆ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական շրջան (Արաքս 1):
10.- ՍԻՄԷՈՆ ՔՀՆՅ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ. Զալքա, Պըննէյա-Ժալ Էլ Տիպ, Պիաքութ:
11.- ՌՈՒԲԷՆ ՔՀՆՅ. ՄԻՍԻՍԵԱՆ. Զահլէ, Ժալալա, Ապլահ, Ռայաք, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական շրջան (Արաքս 2), Փոլիկարպոս:
12.- ՂԵՒՈՆԴ ՔՀՆՅ. ԼՕՇԽԱՃԵԱՆ. Խալիլ Պատաուի, Քուպայաթ, Սեփեթ Տուրմազ, Մզհեր 2 («Աղբալեան» ակումբի վերի շրջան), Մզհեր-Պսալիմ հիւանդանոցի շրջան:
13.- ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ. Այնճար:
14.- ՄԻՔԱՅԷԼ ՔՀՆՅ. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ. Ֆանարի ազգային բակարաններ, վերի Ֆանար, Ժտէյտի 1, Ռումիէ, Սեպթիէ, Պաուշրիէ:
15.- ՅԱԿՈԲ ՔՀՆՅ. ՊԶՏԻԿԵԱՆ. Ժտէյտի 2, Նահր Մոթ, Հանքաշ, Մար Եուսեֆ հիւանդանոց, Մասաքեն, Սին Էլ Ֆիլ:
16.- ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ. Ապու Արթին կայարանէն երկարող գիծ` մինչեւ Ազգային միացեալ վարժարանի աջ կողմը, Ամանոս-Իթալեան թաղ:
17.- ՍԱՄՈՒԷԼ ՔՀՆՅ. ԱՃԷՄԵԱՆ. Թրիփոլի, Էնֆէ, Շըքքա, Պաթրուն, Ժիպէյլ, Զղարթա, Մըզիարա:
ԾԱՆՕԹ.- Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հաճեցէք կապուիլ Ազգային առաջնորդարանի 70-258301 թիւին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————-
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Երկուշաբթի, 6 յունուար 2020-ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, հայրապետական հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:
Պիտի պատարագէ եւ հայրապետական
իր պատգամը ուղղէ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Ժամերգութիւն` | ժամը 8:00-ին |
Ս. պատարագ` | ժամը 10:00-ին |
Ջրօրհնէք` | ժամը 11:00-ին |
Քարոզ` | ժամը 11:30-ին |
Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարուի կաթողիկոսարանի «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին, լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը եւ հաղորդուելու Ս. Ծնունդի խորհուրդով:
Ծանօթ.- Սուրբ պատարագէն ետք, վեհափառ հայրապետը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի վեհարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ ժամը 1:30, եւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-7:00: Իսկ յաջորդ օր` երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:00:
Յայտնենք, որ երեքշաբթի, 7 յունուարին, ՄԵՌԵԼՈՑ ՅԻՇԱՏԱԿին, դարձեալ Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
————————————-
Ս. ԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Այս շնորհաբեր տօնին առիթով` 6 յունուար 2020-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՇՆՈՐՀՔ ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 7:30-ին |
Ս. պատարագ` | ժամը 9:30-ին |
Քարոզ եւ ջրօրհնէք` | ժամը 11:00-ին |
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ օրուան պատգամին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————-
Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով երկուշաբթի, 6 յունուար 2020-ին, սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Պէյրութի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ
Քարոզիչ Լիբանանի հայոց թեմին
Ժամերգութիւն` | առաւօտեան ժամը 7:00-ին |
Ս. պատարագ` | առաւօտեան ժամը 9:30-ին |
Քարոզ` | առաւօտեան ժամը 10:30-ին |
Ջրօրհնէք` | առաւօտեան ժամը 11:30-ին |
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակցելու սուրբ պատարագին, վերանորոգուելու Ս. Ծնունդի խորհուրդով եւ լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————-
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, երկուշաբթի, 6 յունուար 2020-ին, Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ ՀՈԳՇ. Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ եւ Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————-
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս.
ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ
Երկուշաբթի, 6 յունուար 2020. Ս. Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին:
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին:
Ս. պատարագը պիտի մատուցանէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՅԱԿՈԲ ԱԲՂՅ. ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Ջրօրհնէք` ժամը 11:00-ին:
Կը հրաւիրենք մեր բոլոր հայորդիները` պայծառակերպուելու Բեթղեհէմի աստղէն ճառագայթող մեծ խորհուրդով:
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————-
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երկուշաբթի, 6 յունուար 2020-ին, Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱԿԱՐ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին |
Ս. պատարագ` | ժամը 10:00-ին |
Քարոզ` | ժամը 11:00-ին |
Ջրօրհնէք` | ժամը 11:45-ին |
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին` լսելու սրբազան հօր պատգամը եւ վերանորոգուելու Ս. Ծննդեան խորհուրդով:
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————-
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ`
ՃԻՒՆԻԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ երկուշաբթի, 6 յունուար 2020-ին Տեառն մերոյ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԶԱՐԵՀ ՎՐԴ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին |
Ս. պատարագ` | ժամը 9:30-ին |
Քարոզ` | ժամը 11:00-ին |
Ջրօրհնէք` | ժամը 11:30-ին |
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԾԱՆՕԹ.- Ս. պատարագէն ետք ընկերակցութեամբ «Ծիածան» մանկապատանեկան խումբին պիտի բաժնուին նուէրներ Կաղանդ պապուկին կողմէ, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենայ ճաշի տօնավաճառ` եկեղեցւոյ բակը:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՃԻՒՆԻԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ,
ԶԱԼՔԱՅԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————-
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ
Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
Երկուշաբթի, 6 յունուար 2020-ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՓԱՌԷՆ Ծ. ՎՐԴ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին |
Ս. պատարագ` | ժամը 9:30-ին |
Քարոզ` | ժամը 10:30-ին |
Ջրօրհնէք` | ժամը 11:30-ին |
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու Ս. Ծննդեան խորհուրդով:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————-
Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ`
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով երկուշաբթի, 6 յունուար 2020-ին, սուրբ եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱԲՂՅ. ՔԻՒՐԻՒՄԵԱՆ
Ժամերգութիւն` | առաւօտեան ժամը 7:30-ին |
Ս. պատարագ` | առաւօտեան ժամը 9:30-ին |
Քարոզ` | առաւօտեան ժամը 10:30-ին |
Ջրօրհնէք` | առաւօտեան ժամը 11:30-ին |
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակցելու սուրբ պատարագին եւ վերանորոգուելու Ս. Ծնունդի խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————-
Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ
ՀԱՅԱՇԷՆԻ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ երկուշաբթի, 6 յունուար 2020-ին, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ, ապա ջրօրհնէք պիտի կատարուի Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ:
Պիտի պատարագէ եւ ջրօրհնէքը կատարէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՎԱՀՐԻՃ ՎՐԴ. ՂԱՐԱԽԱՆԵԱՆ
Ուստի կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 7:30-ին |
Ս. պատարագ` | ժամը 10:00-ին |
Քարոզ եւ ջրօրհնէք` | ժամը 11:00-ին |
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————-
ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահն ու Կեդրոնական մարմինը շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունին երկուշաբթի, 6 յունուար 2020-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ ընդունելութեանց դահլիճին մէջ, Մեքսիք փողոց, Պէյրութ:
ՄԱՀԱԵ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ԴԻՒԱՆ
————————————-
ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ – ԱԶՈՒՆԻԷ
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Բուժարանիս խնամակալութիւնը եւ տնօրէնութիւնը, տօնական այս օրերուն, բուժարանին մէջ ապաստան գտած մամիկներն ու պապիկները ուրախացնելու համար, զանազան ձեռնարկներ կը կազմակերպեն:
Տրուած ըլլալով, որ կարգ մը ապաստանեալներու պարագաները երթեւեկի դժուարութեանց պատճառով չեն կրնար այցելել իրենց հարազատներուն, խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը որոշեցին յատուկ կարգադրութիւն մը ընել` հետեւեալ ձեւով.
Երեքշաբթի, 7 յունուար 2020-ին, բուժարանը ապաստանեալներու պարագաներուն տրամադրութեան տակ պիտի դնէ իր երկու մինի պասերը: Փափաքողները ճամբայ պիտի ելլեն առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ապա Պէյրութ վերադառնան կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին: Երթուդարձը` անվճար:
Մեկնում` Պուրճ Համուտ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ առջեւէն, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ
ԾԱՆՕԹ.- Անհրաժեշտ է տեղեակ պահել մինչեւ շաբաթ, 4 յունուար 2020: Տեղերը ապահովելու համար կը խնդրուի հեռաձայնել Պէյրութի գրասենեակ` 01-248851, WhatsApp 81-287735, Բուժարան-Ազունիէ 05-220406 եւ 05-220405 ext: 106 կամ 104:
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ.- Հակառակ պարագային, փոթորիկի եւ կլիմայական աննպաստ պայմաններու պատճառով երթեւեկի դասաւորումը չեղեալ պիտի նկատուի:
————————————-
ԾԱԽՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Սանթըր «ԱՐԻՆ», 9-րդ յարկ, 36 քառ. մեթր: Հեռ. 70-755006: