Մոսկուա Անգարային կոչ կ՛ուղղէ` աշխուժացնելու Իտլիպի վերաբերեալ ձեռք բերուած յուշագիրին կատարումը, մասնաւորաբար ապազինեալ գօտիի ստեղծման եւ ահաբեկիչները ընդդիմադիր ուժերէն առանձնացնելու կէտերը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Ակնյայտ է, որ կարելի չէ անվերջ հաշտուիլ ահաբեկիչներու` Իտլիպի մէջ ներկայութեան հետ: Ռուսիան այդ ուղղութեամբ հանդէս կու գայ 17 սեպտեմբեր 2018-ին Սոչիի մէջ Իտլիպի վերաբերեալ ձեռք բերուած յուշագիրին գործադրութեան ի խնդիր», ըսած է Զախարովա:
Սուրիական բանակը երեքշաբթի օր յայտնած էր Իտլիպ նահանգի մէջ աւելի քան 40 գիւղի ազատագրման մասին եւ խաղաղ բնակիչներուն կոչ ուղղած էր` լքելու այն բնակավայրերը, որոնք կը շարունակեն մնալ զինեալներուն վերահսկողութեան տակ: