Եգիպտոսի նախագահութեան բանբեր Պասսամ Ռատի յայտնեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է շարք մը շրջանային թղթածրարներ, մասնաւորաբար Լիպիոյ կացութիւնը:
«Սիսի յայտնեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի լիպիացի ժողովուրդին` իր երկրին մէջ անվտանգութիւն ու կայունութիւն հաստատելու կամքին, եւ այդ առումով կը շեշտէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, ամբողջ շրջանային անվտանգութեան սպառնացող խմբաւորումներու եւ զինեալ միլիսներու գործունէութիւնը զսպելու Լիպիոյ ազգային բանակի դերակատարութեան կարեւորութիւնը:
«Եգիպտոսի նախագահը նաեւ շեշտեց, որ կարեւոր է վերջ տալ լիպիական հարցին մէջ «արտաքին ապօրինի միջամտութիւններուն», ըսաւ Սիսիի բանբերը:
Սպիտակ տունը իր կարգին հաղորդեց, որ երկու նախագահները համաձայնած են մերժելու Լիպիոյ տագնապին «արտաքին շահագործում»-ը եւ տագնապի կողմերուն կոչ ուղղած են բախումներուն վերջ տալու համար «անմիջական քայլեր» որդեգրելու:
Նշենք, որ Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը մէկ օր առաջ պաշտօնապէս թրքական ցամաքային, ծովային եւ օդային զինուորական օժանդակութիւն խնդրած էր: