Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրաժեշտի Խօսք` Արտասանուած Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի Կողմէ Անի Կէօքճեանի Թաղման Արարողութեան Ընթացքին

December 28, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելինե՛ր,

Քիչ ետք հողին պիտի յանձնենք մեր սիրելի Անիին անշնչացած մարմինը:

Այս շատ տխուր վայրկեաններուն Ճեմարանի մեծ ընտանիքին անունով մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր հարազատներուն եւ մեր հրաժեշտի խօսքը կ՛ուղղենք բոլորիս սիրելի Անիին:

Ճեմարանը աւելի քան 30 տարիներէ ի վեր եղած է Անիին տունը, եւ բոլորս միասին կազմած ենք մեծ ընտանիք մը. զինք ճանչցած ենք իբրեւ ուսուցչուհի եւ գործընկերուհի, բայց մանաւանդ` իբրեւ համբերատար եւ հոգատար դաստիարակ:

Անին ջանասէր, աշխուժ եւ մանաւանդ ազնիւ ու լաւատես ներկայութիւն էր դպրոցէն ներս. կեանքով լեցուն եւ կեանքը սիրող, միշտ նոր գաղափարներով, նոր ծրագիրներով եւ նոր առաջարկներով կ՛ուզէր ճոխացնել իր շրջապատը: Կը սիրէր կարդալ, խանդավառել, զարդարել, հիւրասիրել ու քաջալերել:

Անին դասարան կը մտնէր ոչ միայն դասաւանդելու, այլ` դաստիարակելու. իր առաքելութեան սահմանում կարելի չէ տալ. ան կը սիրէր պատմել կեանքի դրուագներ, կը կարդար իր ընթերցած գիրքերէն խօսքեր, կու տար իր դիտած յայտագիրներէն տեղեկութիւններ, կը փոխանցէր կենցաղավարական սովորութիւններ եւ կը շեշտէր առողջ ապրելու, առողջ սնունդ ստանալու եւ առողջ միջավայր մը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Շատ տխուր է անցեալ եղանակով խօսիլ քու մասիդ, սիրելի՛ Անի, մատա՛մ Անի, ինչպէս քեզ կը կանչէին աշակերտներդ:

Պարտաճանաչ ու աշխատասէր բնաւորութեամբ, լաւագոյնին ձգտելու փափաքը սփռեցիր շուրջդ. առօրեայ կենսունակութեամբդ, ուժ ու քաջալերանք ներշնչեցիր բոլորին. եղար ընտանիքիդ օրինակելի մայր եւ եղար Ճեմարանէն ներս տիպար դաստիարակ. միշտ նախանձախնդիր էիր մեր բոլորին եւ մանաւանդ աշակերտներուդ յաջողութեան եւ վերելքին:

Անհանգստութիւնն ու երկար դարմանումները չընկճեցին քեզ: Գէթ մեզի ցոյց չտուիր քու տառապանքդ:

Վերջին տարիներուն մոռնալով անհանգստութիւն ու ցաւեր` ստանձնեցիր նաեւ ուսուցչական մեր ընկերային աշխատանքները:

Միշտ պիտի յիշենք դժուար պահերուն քու լաւատեսութիւնդ, բոլորին օգնութեան հասնելու քու բարի կամեցողութիւնդ, քու պատրաստած սննդարար ուտելիքներդ, կազմակերպած խաղերդ, դաստիարակիչ ձեռային աշխատանքներդ ու ստեղծած ճոխ մթնոլորտդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Անի,

Թէեւ ֆիզիքապէս հեռացար մեզմէ, սակայն տաքուկ խօսքերդ եւ ջերմ ժպիտդ պիտի մնան մեր բոլորին սրտերուն մէջ:

Դուն պիտի մնաս քեզ ճանչցողներուն եզակի մատամ Անին:

Յիշատակդ անթառամ մնայ:

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔ

Նախորդը

Անիին (Անի Կէօքճեանի քառասունքին առիթով)

Յաջորդը

Ծառայասէր Ֆիլոր Ինճէեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Հայկազեան Համալսարանը Կը Գուժէ Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Դոկտ. Սոնա Մ. Ճէրէճեանի Մահը
Անդրադարձ

Իսկական Ղեկավարի Տիպարը` Սոնա Ճէրէճեան

September 26, 2026
Թանթ Մարոյին  (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Թանթ Մարոյին (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)

September 26, 2026
Տեսիլքի Եւ Առաքելութեան Հովիւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

Յարգանքի Տուրք՝ Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Վախճանման 26-Ամեակին Առիթով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.