ՆՈՐԱ
Գրեթէ երկու տասնամեակ առօրեայ դրութեամբ միատեղ ապրած եմ Անիին հետ Ճեմարանի յարկին տակ ու վայելած` իր անկեղծ եւ ջերմ մտերմութիւնը:
Այսօր սրտակից ընկերոջ բացակայութիւնը ընկճող է, այդ բացակայութենէն յառաջացած պարապութիւնը լեցնելը` դժուար:
Բարի շունչով եւ քաղցր ժպիտով ուսուցչարան մուտքը, լոյսով լեցուն առաւօտեան ողջոյնի արտայայտութիւն` իր «բարի լոյս»-ը կը պակսին մեր առօրեայէն:
Ազնուական եւ յարգալից կեցուածքը Անիին նկարագիրին իւրայատուկ գիծ մըն էր, որ կը պարտադրէր, կամայ թէ ակամայ, յարգանք: Կեանքի հանդէպ նայուածքը տարբեր էր: Ան իր լայն եւ վեհ հոգիով կը նսեմացնէր ամէն դժուարութիւն եւ կը վերացնէր ամէն պատնէշ` խրախուսելով եւ լաւատեսութեամբ համակելով բոլորս:
Իր ստանձնած գործերուն եւ ծրագիրներուն մէջ փաստեց իր ստեղծագործ ոգին եւ գործի նկատմամբ անուրանալի հաւատքը: Ճեմարանէն ներս թէ դուրս, Անին ճանչցողէն չեն կրնար վրիպած ըլլալ անոր աշխատասիրութիւնն ու հմտութիւնները, որոնց արդիւնքն են մեր դպրոցէն ներս իր ստեղծած զանազան նորարարութիւնները:
Ուսուցչական երկարամեայ փորձը կոչումի վերածած` կը ձգտէր աւելիի՛ն, կը պեղէր եւ իմաստութեամբ ու առաքինութեամբ կը սնուցանէր աշակերտին միտքն ու հոգին եւ կը զարգացնէր անոր թաքուն ուժերը: Իսկ ամէնէն կարեւորը այն է, որ իր դասերուն միախառնելով իր վարքաձեւերը` լաւ օրինակ կը հանդիսանար աշակերտին:
Աշակերտին պաշտպանն ու զայն քաջալերողն էր միշտ, շատ կը սիրէր «սատանային փաստաբան»-ը կամ իր խօսքերով` «լ՛աւոքա տիւ տիապլ»-ը ըլլալ դասարանափոխութեան ժողովներուն կամ ուսուցչական հանդիպումներուն ընթացքին եւ կ՛ամրապնդէր աշակերտին դիրքը` ոսկի միջինը փնտռելով:
Ո՞ր աշակերտը կրնայ մոռնալ ֆրանսերէնի ուսուցչուհի տիկին Անիին հետ բեմականացուցած դասերը, հոգին ազնուացնող արուեստին մօտենալու թատերական փորձերը, դասական երաժշտութեան ունկնդրութիւնները, տակաւի՛ն, քննութենէն ետք գեղեցիկ տուփերով հրամցուցած քաղցրեղէնները, գեղեցիկի ճաշակը փոխանցելու, անհնարը կարելի դարձնելու ճիգերը: Եւ այս բոլորը ապացոյցն են մանկավարժութեան դժուար աշխատանքին մէջ կարեւոր այն կէտին, որ կրթութեան մէջ դաստիարակելը առաջնահերթ է, որովհետեւ մարդու անհատականութիւնը կը կերտուի դաստիարակութեամբ: Եւ Անին կ՛առաջնորդուէր այս գաղափարով:
«Իւրաքանչիւր դպրոց տիկին Անի մը կ՛ուզէ», գրած էր աշակերտներէդ մին, ինչպէս իւրաքանչիւր ընտանիք` մայր մը: Այո՛, մայր եղար բոլորին եւ քու տաքուկ շունչովդ սատարեցիր անոնց վերելքին` միշտ վստահելով նոր սերունդներու իրագործումներուն` կարելիութիւն տալով անոնց հաւատալու իրենց ստեղծագործ ուժին եւ եռանդին:
Վաստակաւոր ուսուցչուհիի կոչումդ կը վկայեն Ճեմարանի բոլոր աշակերտներդ, որոնք մահուանդ լուրին առաջինը արձագանգեցին: Անոնք ճաշակած էին համով եւ հոտով ներկայութիւնդ եւ գիտակից են թողած բացիդ: Իւրաքանչիւրին սիրոյ արտայայտութիւնը, երախտագիտութեան խօսքը, տխրութիւնն ու ցաւը հեռուէն ու մօտէն լսուեցան, միացան իրարու եւ հրաժեշտի պահուն իրենց վերջին յարգանքը յայտնեցին քեզի:
Կը հաւատայինք, որ քու կամքովդ եւ լաւատեսութեամբդ պիտի յաղթահարէիր նաեւ այս դժուարութիւնը, քու լուսամիտ հնարքներդ չկարողացան քեզի դաւաճանող մարմինդ վերականգնել` շարունակելու հազարումէկ ծրագիրներդ:
Եւ կը շարունակէիր ծրագրել, ծրագրել ու երազել, վերջին հնարքդ ֆրանսերէնով եւ հայկական նիւթով թատրոն մը բեմադրելն էր: Ընդարձակած էիր երազներուդ սահմանը, թերեւս կը զգայիր, որ վերջինը պիտի ըլլայ: Շուրջդ հաւաքած էիր քեզի պէս եւ քեզմով խանդավառ խումբ մը նախկին եւ ներկայ աշակերտներ, չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս գտած էիր ֆրանսահայ թատերագիր մը, կապ հաստատած ու տեսակցած անոր հետ` կրտսերիդ աւարտաճառը ներկայացնելու առթիւ Պելճիքա գտնուած պահուդ:
Այո՛, խանդավառ էիր, կը հաւատայիր գործիդ յաջողութեան, խօսակցութեան ընթացքին, Ճեմարանի աշակերտներովդ բեմադրութիւնը նոյնիսկ կը տեսնէիր եւրոպական քաղաքի մը բեմերուն վրայ: Կը հաւատամ, որ այս ծրագիրդ ալ անաւարտ պիտի չմնայ ու անպայման պիտի գտնուի աշակերտ մը, որուն փոխանցած ըլլաս այս բարի վարակը:
Դուն ալ, սիրելի՛ Անի,
Քեզմէ առաջ այս ճամբէն անցած Ճեմարանի բազմաթիւ ուսուցիչներու երախտաւոր փաղանգին նման` Ճեմարանի ոգեղէն այս հսկայ կառոյցին մէջ շինեցիր քու գողտրիկ անկիւնդ, լուռ, բայց միեւնոյն ժամանակ` խօսուն եւ փայլփլող անկիւն մը, որուն պատերը հիւսուած են առաքինութեամբ եւ կորովով:
Անկիւնդ, ուր աշակերտը պիտի դիմէ, երբ փնտռէ քիչ մը գուրգուրանք եւ ջերմութիւն:
Անկիւնդ, ուր ծնողները պիտի գտնեն իրենց սպասած քաջալերանքն ու ցուցմունքը:
Անկիւնդ, ուր մենք` ուսուցիչներս, պիտի ապաստանինք, երբ լաւատեսութիւնը դաւաճանէ մեզ, նախ` ըլլալու քեզի հետ, վայելելու անուշ ժպիտդ, հանդարտութիւնդ, հաղորդուելու` չտկարացող կամքովդ, լսելու պատգամդ` լինելութեան ճանապարհին, ապա` աւելի վճռական շարունակելու մեզի վստահուած գործը:
Վերջապէս անկիւնդ, որ կրթական այս տաճարը պիտի դարձնէ քիչ մը աւելի անսասան: