Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Ճեմարանի Երկարամեայ Ուսուցչուհի Անի Կէօքճեանին

December 28, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, ուրբաթ, 27 դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Ճեմարանի երկարամեայ ուսուցչուհի եւ ֆրանսերէնի համակարգող Անի Կէօքճեանի նուիրուած յուշ երեկոյ մը` դպրոցի «Չալեան» սրահին մէջ:

Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր յուշերու, սրտի ու հրաժեշտի խօսքերու ընթերցումներ Ճեմարանի անձնակազմին, աշակերտներու եւ շրջանաւարտներու կողմէ: Յուզիչ երեկոյին իրենց նուագներով մասնակցեցան նաեւ աշակերտներ եւ ուսուցիչներ:

Յայտագիրը եզրափակեց Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան` ըսելով. «Ճիշդ է, որ Անին ֆիզիքապէս մեզմէ հեռացաւ 40 օրեր առաջ, սակայն իր ջերմ ժպիտն ու տաքուկ խօսքերը միշտ պիտի մնան զինք բոլոր ճանչցողներուն սրտերուն մէջ… Շատ տխուր է անցեալի եղանակով խօսիլ անձի մը մասին, որ միշտ լաւատես ու դրական, կեանքով լեցուն ու բարի կամեցողութեան տէր ներկայութիւն էր մեր շուրջ: Անին միշտ կը յիշեցնէր մեզի կեանքի ընթացքին ըլլալ համեստ ու ազնիւ, կը յիշեցնէր մեզի, որ մեր առօրեայ կեանքին ամէնէն պարզ վայրկեաններուն եւ ամէնէն փոքր դէպքերուն մէջն է, որ կարելի է ուրախութիւն գտնել…»:

Իր խօսքի աւարտին, տնօրէնը շեշտեց Անի Կէօքճեանի նախասիրութիւններէն փոքրիկներուն հետ ժամանակ անցընելն ու ընթերցասիրութիւնը եւ հրաւիրեց ներկաները  տարրական բաժինի «Յովհաննէս Թումանեան» գրադարան, որուն մէկ բաժինը կոչուեցաւ «Անի Կէօքճեան»: Անի Կէօքճեանին դուստրերը` Արփին, Դալարը եւ Կարինը, իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին, եւ իւրաքանչիւրը յուշ մը ընթերցեց:

Այնուհետեւ ներկաները ճոխացուցին գրադարանը` իրենց հետ բերած մանկական ֆրանսերէն գիրքերով:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (28 Դեկտեմբեր 1969)

Յաջորդը

Կաղանդի Ծառին Հետքերով

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.