ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Կարեւոր զարգացում մը տեղի պիտի ունենայ ձեր կեանքին մէջ: Ձեր դժուարութիւնները պիտի յաղթահարէք եւ մեծ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Նոր ծրագիրներ պէտք է մշակէք յառաջիկայ տարուան համար:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ այս շրջանին: Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Առինքնող ձեր ներկայութիւնը մեծ ազդեցութիւն պիտի գործէ ձեր շրջապատին վրայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Վիրաւորական խօսքեր մի՛ ուղղէք ձեր ընկերներուն: Պէտք է յարմարիք ձեր նոր պայմաններուն: Գոհ ու ինքնաբաւ եղէք ձեր վիճակէն: Ակնկալութիւններ մի՛ ունենաք, որպէսզի հոգեպէս խաղաղ ապրիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Խանդավառութեամբ ու մեծ աշխուժութեամբ պիտի շարունակէք ձեր գործը: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Ձեր դատը պիտի շահիք: Ընտանեկան անցողիկ հարց մը պիտի ունենաք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Աշխատանքային յոգնեցուցիչ ճնշումներ պիտի ունենաք: Ձեր առաջնահերթութիւնները ճշդեցէք եւ մանր խնդիրներու համար ժամանակ մի՛ վատնէք: Բարի կամեցողութիւն ունեցէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ամսուան ամէնէն բախտաւոր օրերէն մէկը պիտի ապրիք: Ձեր բոլոր հարցերը պէտք է լուծէք այս շրջանին: Տարուան աւարտին վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր իրագործած ծրագիրները:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Անձնական հարցի մը համար վիճաբանութիւն մը պիտի ունենաք ձեր բարեկամներէն մէկուն հետ: Ձեր առողջութեան հոգ պէտք է տանիք: Մի՛ աճապարէք որոշում տալ, ժամանակ առէք` հանդարտ մտածելու:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր պարտքերը կը կուտակուին օրէ օր: Պէտք է երկրորդ գործ մըն ալ ընէք, որպէսզի կարենաք թեթեւցնել ձեր պարտքը: Բարիդրացիական յարաբերութիւններ պիտի մշակէք ձեր շէնքի նոր բնակիչին հետ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Անակնկալ ծախսեր պիտի ունենաք այս օրերուն: Իմաստուն եղէք ուրիշներուն հետ ձեր վարուելակերպին մէջ: Սիրոյ եւ գուրգուրանքի պահեր պիտի ապրիք ձեր հարազատներուն հետ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Տարուան աւարտին կարեւոր որոշումներ մի՛ տաք: Բախտէ զուրկ շրջան մըն է, արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Ձեր գործերը տեղքայլի մէջ պիտի ըլլան:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Աշխատեցէք ջերմացնել ձեր ընկերական շրջանակին մէջ լարուած մթնոլորտը: Ինքնավստահութեամբ ներկայացուցէք ձեր առաջարկները` ձեր ընկերութեան մէջ: Ինքնաբաւ եղէք այս շրջանին:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Նեղութիւն մը պիտի ունենաք եւ վիրաւորական խօսքեր պիտի լսէք այս շրջանին: Պէտք է գործակցիք ձեր ընկերներուն հետ եւ անոնց խրատները լսէք: