Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (21 Դեկտեմբեր 2019)

Դեկտեմբեր 21, 2019
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՆ ՈՒ
Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ ՏՕՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը այս տարի եւս հանդիսաւոր կերպով պիտի նշէ Ս. Ստեփանոս նախավկայ սարկաւագին տօնը, կիրակի, 22 դեկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Պատարագի աւարտին գեղարուեստական յայտագիր պիտի ներկայացուի դպրեվանքի սարկաւագներուն կողմէ` կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ: Սիրով կը հրաւիրենք ժողովուրդի բոլոր զաւակները` տօնակից դառնալու դպրեվանքի սարկաւագաց դասուն:

Դպրեվանքը կը շնորհաւորէ հայ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան նուիրուած բոլոր սարկաւագներուն տօնը:

————————————-

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Տօնական օրերուն առիթով խաչաձեւումներէ խուսափելու համար, երեքշաբթի գիշերներու Ս. պատարագի մատուցումը պիտի դադրեցնենք 24 եւ 31 դեկտեմբեր 2019-ին եւ 7 յունուար 2020-ին:

Ս. պատարագի մատուցումը պիտի վերսկսինք երեքշաբթի 14 յունուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-8:00, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

————————————-

ՏՕՆ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ

ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ, ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՏՕՆ,
ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՄԱՍՈՒՆՔՈՎ ՋՐՕՐՀՆԷՔ

Չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2019, տօնն է Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ սարկաւագներուն:

Այս օրհնեալ առիթով, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տնօրինումով, առաջին անգամ ըլլալով Անթիլիասի կաթողիկոսարանէն թեմ պիտի բերուի Ս. Ստեփանոսի մասունքը` մեր հաւատացեալներուն հոգեւոր մխիթարութեան համար, սուրբ պատարագի ընթացքին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, որուն պիտի մասնակցին թեմիս քահանայից դասը, սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները:

Եկեղեցական արարողութեանց պիտի հանդիսապետէ, ձեռնադրութիւնը եւ ջրօրհնէքը կատարէ ու իր պատգամը ուղղէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց

Պիտի պատարագէ`
ԱՐԺ. Տ. ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Խարտաւիլակութիւնը պիտի կատարէ`
ԱՐԺ. Տ. ՂԵՒՈՆԴ ՔՀՆՅ. ԼՈՇԽԱՃԵԱՆ

Սարկաւագ պիտի ձեռնադրուին թեմիս եկեղեցիներուն մէջ ծառայող տասնհինգ կիսասարկաւագներ` Արա Օհանեան, Զաւէն Տաւուտեան, Հրակ Քալաճեան, Յակոբ Սարեան, Յակոբ Քէլէշեան, Յակոբ Քէշիշեան, Յարութիւն Չորպաճեան, Յարութիւն Իզմիրլեան, Շահէ Քէշիշեան, Պօղոս Տօնիկեան, Սարգիս Մալաքեան, Սարգիս Պագալեան, Սեւակ Կիւվլեքճեան, Վարդան Աւետիքեան եւ Ֆիլիփ Ժինեան:

Սկիզբ ժամերգութեան`առաւօտեան ժամը 7:30-ին
Ս. պատարագ`առաւօտեան ժամը 9:30-ին
Ձեռնադրութիւն`առաւօտեան ժամը 10:00-ին
Պատգամ`առաւօտեան ժամը 11:00-ին
Ջրօրհնէք`առաւօտեան ժամը 11:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ստանալու Ս. Ստեփանոսի օրհնութիւնը եւ աղօթակից դառնալու մեր սարկաւագներուն ու կիսասարկաւագներուն:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

————————————-

 

Նախորդը

Դահուկարշաւ. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Գումարեց Իր Համագումարը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (23 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 23, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (22 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 22, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (20 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?