Երէկ` 19 դեկտեմբերին կառավարութեան շէնքին դիմաց բողոքի ցոյց կատարեցին ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները: Անոնք կը շարունակեն պահանջել Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը:
Ցոյցին սկիզբը ՀՅԴ ՀԵՄ-ի անդամ Արգիշտի Գէորգեան յայտարարեց. «Ազգային ժողովի որոշ դասալիք պատգամաւորներու եւ ծերունի աւազակներու կ՛ըսենք` հանգիստ նստեցէք ձեր տեղերը: Մի՛ փորձէք յանկարծ ներկայացնել, թէ դուք պետականութիւնը կը պաշտպանէք մեզմէ: Այս երկրի պետականութեան պաշտպանն ու արթուն պահակը մենք ենք, չփորձէք Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտպանել մեզմէ: Եթէ դառնանք պարտիզան, լաւ գիտենք, որ սահմանին այն կողմը այդ պարտիզանութիւնը պիտի ընենք, իսկ Հայաստանի մէջ բոլոր օրինական միջոցներով ե՛ւ պիտի քննադատենք իշխանութիւնները, ե՛ւ պէտք եղած պարագային պիտի աջակցինք»:
ՀՅԴ ՀԵՄ-ի անդամ Գերասիմ Վարդանեան իր կարգին դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութեան դէմ պատմութեան ընթացքին պայքարած են 3 կայսրութիւններ, կառավարութիւններ եւ իշխանութիւններ, որոնք այսօր գոյութիւն չունին:
ՀՅԴ ՀԵՄ-ի ներկայացուցիչները նամակով ներկայացուցին իրենց պահանջները, հրապարակաւ կարդացին զանոնք ու նամակը յանձնեցին կառավարութեան աշխատակիցին: Անոնք ներկայացուցին 15 փաստ, թէ ինչո՛ւ նախարար Արայիկ Յարութիւնեան պէտք է հրաժարական տայ: Անոնք յատկապէս անդրադարձան այն երեւոյթին, որ Արայիկ Յարութիւնեան ազգայինը կը նկատէ յետադիմական, կը հեգնէ ու կը վիրաւորէ մարդոց:
Երիտասարդ դաշնակցականները յայտարարեցին, որ այս տարի վերջին անգամ ըլլալով բողոքի ցոյց կը կազմակերպեն, շնորհաւորեցին հայ ժողովուրդը եւ շեշտեցին, որ իրենք անհանդուրժողականութեան գործողութիւններ կատարած են միայն այն պատճառով, որ նախարարը չէ ուզած լսել իրենց, հասկնալ, թէ ի՛նչ խնդիրներ կը բարձրացնեն:
Աւարտին ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան յայտնեց. «Նախագիծի քննարկումներ կը սպասուին, մեր գործողութիւնները կը բխին մեր պահանջներէն: Այնքան մը պիտի հետապնդենք մեր պահանջները, մինչեւ որ իրականացուին: Ե՛ւ Արայիկ Յարութիւնեանը, ե՛ւ կառավարութիւնը ունին բոլոր կարելիութիւնները` յարմար ձեւով արձագանգելու եւ հարցը տեղափոխելու կառուցողական դաշտ: Ի՞նչ ընէինք, եթէ նախարարը չէ ուզած լսել մեզ, իսկ մենք ունէինք յստակ առաջարկներ այնպիսի հարցերու, որոնք խնդրայարոյց են մեզի համար: Եթէ նախարարութեան կողմէ այսուհետեւ յարմար արձագանգ ըլլայ, մեր կողմէ ալ համապատասխան արձագանգ պիտի ըլլայ»:
Armenian youth must think FIRST about ARMENIA EXISTENCE..Atomic weapons on Turkish soil is PHYSICAL and Psychical threat for us in case UNDER TOTAL TURKISH CONTROL. This kind of weapon LEAVES ARMENIA WITHOUT ANY DEFENSE against TOTAL DESTRUCTION A 2nd GENOCIDE,due Turkey DENIAL of OBVIOUS 1st GENOCIDE 1915-1923 and SIMILAR THREAT by Azerbaijan for Armenia and Georgia occupation..DEFENSE EQUALITY DOES NOT EXIST…WE MUST OBTAIN SIMILAR WEAPON ..BIG POWERS are RESPONSIBLE TO KEEP WEAPON BALANCE… ATOMIC FREE ZONE,REMOVAL, SUPPLY or LET PRODUCE.