ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Թոյլ մի՛ տաք, որ կասկածի ենթարկուին ձեր կարողութիւնները: Քննարկեցէք եւ հասկցէք տեղի ունեցած հարցին բոլոր մանրամասնութիւնները: Այլոց փորձառութենէն օգտուեցէք եւ կառչած մի՛ մնաք ձեր կարծիքին:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Մասնագէտներուն կարծիքը հարցուցէք, թէ ինչպէ՛ս կրնաք ձեր դրամները ապահով տնօրինել: Դրական շրջան մըն է, օգտուեցէք առիթէն: Այս ընթացքին շահ մը պիտի ապահովէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Մի՛ յամառիք եւ այլոց կարծիքը լսեցէք այս օրերուն: Մի՛ ծուլանաք, այլ աշխատեցէք սրբագրել ձեր սխալները: Մի՛ չափազանցէք ձեր ծախսերը տօնական այս օրերուն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Լաւատես եղէք կեանքին հանդէպ: Աշխատանքային կարեւոր հանդիպումները պիտի ունենաք եւ փորձառութիւն ձեռք պիտի ձգէք: Ձեր յարաբերութիւնները առողջ պահեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Նորութիւն մը պիտի մտցնէք ձեր կեանքին մէջ եւ անձնական հարց մը պիտի յաջողիք լուծել: Յառաջիկային տեղի ունենալիք դէպքերը պիտի գրգռեն ձեր ջղայնութիւնը: Մի՛ աճապարէք որոշում տալու համար, որ չզղջաք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր ժամանակը լաւ դասաւորեցէք եւ յստակ ըրէք ձեր առաջնահերթութիւնները: Առիթ մի՛ տաք, որ ձեզ ջղայնացնեն: Ձեր մրցակիցները նախանձով պիտի նային ձեր յաջողութիւններուն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Դէպքերը արագ կը զարգանան: Ձեր ամբողջ աշխուժութիւնը պիտի վերագտնէք եւ ստանաք սպասուած պատասխանը: Պիտի ուրախանաք լուրով մը: Ձեր հին ծանօթներէն մէկուն պիտի հանդիպիք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Այսօր յարմար առիթ է` ճշդելու ձեր նպատակները եւ կատարելու գործ մը, հետեւաբար ձեռնածալ մի՛ մնաք: Կը պատրաստուիք սերտել նոր ծրագիր մը կամ ճամբորդութիւն մը: Լաւ շրջան մըն է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր աշխուժութիւնը պիտի վերագտնէք եւ պիտի սկսիք իրականացնել ձեր մէկ նպատակը: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Անհասկացողութիւն պիտի տիրէ այս օրերուն ձեր կեանքին մէջ: Ձանձրոյթ պիտի զգաք: Ձեր աշխատանքը պիտի ուշանայ կամ չեղեալ նկատուի: Կը փափաքիք հեռու մնալ առօրեայ աղմուկէն: Բացասական շրջան մըն է:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Յարմար շրջան է` ձեր դիրքը վերագտնելու եւ ամրապնդելու ձեր ընկերային յարաբերութիւնները: Տօնական այս օրերուն ձեր կարողութեան սահմաններուն մէջ օգնութեան ձեռք երկարեցէք ուրիշներուն:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Մթնոլորտը ճնշող է եւ պատասխանատուութիւնը` մեծ: Կարեւոր կապուածութիւն մը պիտի ունենաք, կարելի չէ ձախողիլ: Արկածախնդրութեան մի՛ ենթարկէք ձեր դիրքը եւ անունը: Ճնշող, բայց կարեւոր շրջան մըն է: