Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Գոհունակութիւն Յայտնեց Հայաստանի Բարեփոխումներուն Գծով

December 18, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

16 դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի (ՀԸԳՀ) ծիրին մէջ ստեղծուած Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Գործընկերութեան կոմիտէի երկրորդ հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ համաձայնագիրի կատարման ընթացքը: Լուրը հաղորդեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը:

Համաձայնագիրը կարեւոր դերակատարութիւն ունի Հայաստանի կառավարութեան յաւակնոտ եւ երկարաժամկէտ ռազմավարական տեսլականին համահունչ բարեփոխումներու իրականացման եւ երկրի արդիականացման մէջ:

Եւրոպական Միութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց ցարդ Հայաստանի կողմէ բարեփոխումներու օրակարգի իրականացման յառաջընթացին գծով, մասնաւորապէս դատական եւ փտածութեան դէմ նոր ռազմավարութիւններու ուղղութեամբ: Միեւնոյն ժամանակ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ առկայ է յաջող համագործակցութիւն Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան արդարադատութեան երկխօսութեան ծիրին մէջ: Եւրոպական Միութեան կողմը ընդգծեց Հայաստանի կողմէ որդեգրուած բարեփոխումներու ուղիի շարունակութիւնը, որուն կարգին` մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ապահովման տեսանկիւնէն: Բարեփոխումը պէտք է համապատասխանէ իրաւունքի գերակայութեան հիմնական սկզբունքներուն եւ հիմնուած ըլլայ բոլոր շահագրգիռ կողմերու, ներառեալ` հասարակութեան հետ ընդգրկուն երկխօսութեան եւ գործընկերութեան վրայ:

Իբրեւ Հայաստանի բարեփոխումներու առանցքային գործընկեր` Եւրոպական Միութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց հետագային տրամադրելու փորձագիտական եւ ֆինանսական անհրաժեշտ աջակցութիւն բարեփոխումներու մշակման եւ իրականացման, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան չափանիշներուն մօտենալու ուղղութեամբ կառավարութեան կարողութիւններու ուժեղացման համար:

Գործընկերութեան կոմիտէն քննարկեց նաեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի իրականացման ընթացքը երթեւեկի, ուժանիւթի եւ շրջակայ միջավայրի բնագաւառներուն մէջ` ուղղորդելով դէպի հետագայ առաւել մանրամասն քննարկումներու կազմակերպման փորձագէտներու մակարդակով Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան ուժանիւթի, երթեւեկի, շրջակայ միջավայրի, կլիմայի գործողութեան եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան հարցերով ենթակոմիտէի ծիրին մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ մարտ 2020-ին, Երեւանի մէջ:

Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ կը շարունակուի կրթական բարեփոխումներու շուրջ երկխօսութիւնը: Կողմերը հետամուտ պիտի ըլլան համագործակցութեան հետազօտութիւններու ոլորտին մէջ «Հորիզոն 2020» ծրագիրի հովանիին տակ խորհրդակցութիւններու սկսիլ` «Հորիզոն Եւրոպա» ծրագիրին շուրջ: Աւելի՛ն, Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը պիտի դիտարկեն երիտասարդութեան ռազմավարութեան եւ գործողութիւններու ծրագիրի մշակման կարելիութիւնները:

Քննարկուեցան նաեւ տնտեսական զարգացման, անվտանգութեան, Արեւելեան գործընկերութեան եւ շրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումին համանախագահեցին արտաքին գործողութեան եւրոպական ծառայութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Լիւք Տեւին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աւետ Ադոնց:

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Թրամփի Վարչակազմին Դիրքորոշումը Չէ Փոխուած

Յաջորդը

Ստեփանակերտի Մէջ Գումարուեցաւ Հայաստանի Եւ Արցախի Ազգային Ժողովներուն Միջեւ Համագործակցութեան Յանձնախումբի Նիստը

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.