Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Գումարեց 2019 Նստաշրջանի Երկրորդ Նիստը

December 14, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 2019 նստաշրջանի Բ. նիստը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին:

Առաջնորդ սրբազան հօր աղօթքէն ետք Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց առաջնորդը, որ շեշտեց, թէ այս փուլին բոլորիս սրբազան պարտականութիւնն է հասնիլ մանաւանդ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամէնէն կարիքաւորներու ընկերային պէտքերուն: Նարեկ արքեպիսկոպոս գնահատեց մեր ժողովուրդի ընկերային ծառայութեան լծուած բոլոր կառոյցներուն եւ հայորդիներուն աշխատանքները, եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց միասնաբար լծուելու մեր ժողովուրդի կարիքներու գոհացման նուիրական եւ անյետաձգելի աշխատանքին:

Սրբազան հայրը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց մեր վարժարաններու բոլոր պատասխանատուներուն, աշակերտներուն եւ ծնողներուն, որոնք հակառակ բազմաբնոյթ դժուարութիւններուն եւ արգելքներուն, հայեցի դաստիարակութեան անփոխարինելի դերակատարութեան առաջնահերթութիւն կ՛ընծայեն եւ զոհողութեամբ կը մասնակցին հայ դպրոցը իր առաքելութեան լծուած պահելու մեր ճիգերուն:

Ապա համաձայն նիստին համար ճշդուած օրակարգին, առիթ ընծայուեցաւ, որ ժողովականները քննարկեն ու վաւերացնեն նախորդ նիստի ատենագրութիւնը:  Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, ազգային երեսփոխան եւ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան  Յակոբ Բագրատունի ամփոփ կերպով ներկայացուց Լիբանանի քաղաքական պայմանները եւ ընկերային-տնտեսական դժուարութիւնները` շեշտելով, որ այս փուլին լիբանանահայութիւնը պէտք է հաւաքական ճիգերով յաղթահարէ բոլոր մարտահրաւէրները եւ հասնի մեր ժողովուրդի բոլոր կարիքներուն:

Այնուհետեւ, Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեան ներկայացուց Ազգային երեսփոխանական ժողովի Տնտեսական շտապ օգնութեան յանձնախումբի զեկուցումը, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարանի եւ վարժարաններու տնտեսական վիճակը ներկայացնող տեղեկագիր մը: Այս շրջագիծին մէջ, երկրի տնտեսական դժուարութիւնները յաղթահարելու նպատակով, ժողովականները կատարեցին առաջարկներ ու թելադրութիւններ:

Ժողովը փակուեցաւ սրբազան հօր պահպանիչով:

 

 

Նախորդը

Տպաւորութիւն. «Կռունկ, Մեր Աշխարհէն Խապրիկ Մը Չունի՞ս…»

Յաջորդը

Ակնարկ. Պաքուն Կը Շահարկէ ԵԱՀԿ-ի Ձեւակերպած «Այլ»-ը. Հայ Գաղթականներու Տունդարձի Իրաւունքը

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.