Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ երէկ Պոլսոյ մէջ «Ասիոյ սիրտը» խորհրդաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ:
Երկու նախարարները երկկողմանի յարաբերութիւններուն կողքին քննարկեցին շրջանային ու միջազգային հարցեր, որոնց շարքին` Սուրիոյ մէջ դէպքերու զարգացումն ու Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ ստեղծուած կացութիւնները: