Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 7, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Ճիւնիի իր գրասենեակին դէմ գործուած յարձակումը: Նշենք, որ առաւօտեան կանուխ ժամերուն անծանօթներ Ազգային ազատ հոսանքի գրասենեակին վրայ նետած են քոքթէյլ մոլոթովներ` պատճառելով նիւթական վնասներ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարարի պաշտօնակատար Մահմուտ Քումաթի յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ գործուած տնտեսական ահաբեկչութեան նպատակն է պաղեստինցիները բնակեցնել եւ Իսրայէլի շահերուն ծառայող սահմանագծում կատարել:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ երէկ ստորագրեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ չորս միլիառ եւ հինգ հարիւր միլիոն լ. ոսկիի գումար մը պիտի յատկացուի ամէնէն աւելի համեստ դասակարգի ընտանիքներուն բաժնելու համար:

ԱՐՏԱՔԻՆ առեւտուրի պետական նախարարի պաշտօնակատար Հասան Մըրատ յայտնեց, որ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները սրբագրելու իմաստով արձանագրուած մեծամտութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ յարաբերութիւններուն ընդմէջէն տնտեսական արդիւնքներ ու օգտակարութիւն քաղելու անտեսումը` Լիբանանին մեծ վնասներ հասցուցած է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ կը մասնակցին Լիբանանը քանդելու աշխատանքին` որդեգրելով այնպիսի կեցուածքներ, որոնք կ՛ուշացնեն կառավարութեան կազմութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաամաթ Աֆրամ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն համացանցի դրութեամբ իրեն հետ բաժնելու անունը վարչապետի այն թեկնածուին, որուն նշանակումը կը փափաքին` նոր կառավարութիւնը կազմելու համար:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց կազմելու փրկութեան եւ համախոհական կառավարութիււն մը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալեն Խաթիպ հաստատեց, որ Լիբանան կը գտնուի մասնագէտներու դիմակով եւ քաղաքական խորքով կազմուելիք կառավարութեան մը դիմաց:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին ընդգծեց, որ իրենց գումարները դրամատուներուն պահ դրած լիբանանցիներէն ոչ ոք իր գումարները պիտի կորսնցնէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի նշեց, որ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլի, Հըզպալլայի եւ ներկայ իշխանութիւններուն նախապայմանները ընդունող անձնաւորութիւնը յաջողութեան յոյսեր չի կրնար ներշնչել:

ՍԱՅՏԱՅԻ «Պահաէտտին Հարիրի»-ի անուան մզկիթին կից տեղի ունեցաւ ցոյց մը, որուն ընթացքին Ապրայի դէպքերու բանտարկեալներուն ընտանիքները զօրակցութիւն յայտնեցին իրենց զաւակներուն եւ հարազատներուն` պահանջելով, որ համաներման խոստումը յարգուի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը կը հաստատեն, որ Սաատ Հարիրի դարձեալ վարչապետ պիտի նշանակուի` ֆրանսական եւ ռուսական երաշխիքներով:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Թեմի Առաջնորդն Ու Ազգային Վարչութեան Կրօնական Եւ Քաղաքական Ժողովները

Յաջորդը

«Կոչ Կ՛ուղղենք Երիտասարդներուն Այս Տագնապին Տոկալու` Պահպանելու Համար Լիբանանը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?