Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոստիկանութիւնը Բրտութիւն Կիրարկեց Նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի Հետ Հանդիպիլ Ուզած Դաշնակցական Երիտասարդներուն Հետ

Դեկտեմբեր 4, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 3 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները հաւաքուեցան Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան դիմաց` յայտնելով, որ եկած են  նախարարին հետ հանդիպումի: Սակայն նախարարութենէն տեղեկացուցին, որ հանդիպման համար կայ յատուկ ընթացակարգ. անկէ ետք երիտասարդները` ճեղքելով ոստիկանական պատը, հաւաքուեցան դրան դիմաց, իսկ ոստիկանութիւնը` բիրտ միջոցներու դիմելով, հեռացուց ցուցարարները:

Անոնք նախարարութեան շէնքէն դուրս ելան եւ անհնազանդութեան խաղաղ գործողութիւն կատարեցին, փակեցին Վազգէն Սարգսեան փողոցը: Հոն եւս, ոստիկանները բռնի միջոցներու դիմեցին, քաշքշեցին, հրեցին ու հարուածեցին ցուցարարները եւ զանոնք բռնի կերպով ոստիկանական ինքնաշարժներուն մէջ դրին ու տարին ոստիկանութեան կեդրոն:

Ձերբակալուեցան 24 խաղաղ ցուցարարներ, որոնցմէ 19 հատը տարուեցան Կենտրոնական բաժին, իսկ 5 ուրիշներ` Էրեբունիի բաժին: Աւելի ուշ երեկոյեան, անոնք հերթով ազատ արձակուեցան:

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան` ոստիկանութեան Կենտրոնի բաժանմունք բերման ենթարկուած ցուցարարներուն այցելեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ Լիլիթ Գալստեան եւ Արթուր Խաչատրեան, ինչպէս նաեւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի ներկայացուցիչները, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ` «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Անի Սամսոնեան եւ Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան քարտուղար Արման Աբովեան:

Ձերբակալուած Գերասիմ Վարդանեան վկայեց, որ քաշքշած են զինք, կոճակները պոկած, «կոճակ առ կոճակ պատասխան պիտի տան», նշեց ան` աւելցնելով, որ ոստիկանութեան բաժանմունք տարուած են անհիմն կերպով, ոստիկանութիւնը հակաօրինական գործողութիւններ կատարած է: «Բնականաբար, կը հասկնանք, որ ասիկա ըրած են կառավարութեան հրահանգով, կառավարութեան յանձնարարականով: Մենք կ՛ըսենք` եթէ իրենց կը թուի, թէ մեզ փռած են ասֆալթին, իրենք այս ամէն ինչէն ետք իբրեւ քաղաքական մարմին ասֆալթին փռուած են», նշեց Գերասիմ Վարդանեան:

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի ցուցարարներ ըսին. «Ոստիկանութիւնը ոչ թէ կը ծառայէ ժողովուրդին, այլ օրուան իշխանութեան. ոչինչ փոխուած է` նոյն անյարգալից վերաբերմունքը, նոյն խեղդելը, նոյն միջոցները, որ նախապէս կը կիրարկէին քաղաքացիին հանդէպ, հիմա ալ կը կիրարկեն: Նոր Հայաստանի մէջ ոստիկանը ցուցարարին կ՛ըսէ` «կը թքեմ վրադ»:

ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան կոչ ուղղեց Արայիկ Յարութիւնեանին` հրաժարական տալու հետեւեալ բովանդակութեամբ. «Ես տապալած եմ քաղաքականութիւնը կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ, իմ գործողութիւններովս չեմ նպաստած պետականամէտ եւ  զարգացած քաղաքացիի կերտման, ուստի կը խնդրեմ զիս ազատ կացուցել նախարարի պաշտօնէն»:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան յայտարարեց, որ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը բողոքի ցոյցերու մասնակիցներուն հետ խօսելու քաջութիւն չէ ունեցած. «Ինծի համար կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան  գերնախարարը ոչնչացաւ, ան արդէն քաղաքական դիակ է: Անոր չներկայանալը, այսպիսի պահուածք դրսեւորելը ողորմելի է ու ճղճիմ: Անհամաչափութեան հարց նոյնիսկ չկար, 20 ցուցարար էր եւ հարիւրաւոր ոստիկաններ»:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Մեր երիտասարդները քաղաքականապէս բաւական հասուն մարդիկ են, իրենք իրենց քայլերը կրնան կշռադատել: Ոչ մէկս մեր երիտասարդներուն ետեւը կը պահուըտինք, ատիկա երիտասարդական միութեան շարժումն էր, իրենք սկսած են, իրենք կը շարունակեն»:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ ակնյայտ է, որ անհամաչափ ուժ գործադրուած է իրենց սեփական երկրին, սեփական կառավարութեան անդամին հետ հանդիպում ունենալ ուզած երիտասարդութեան նկատմամբ:

Եթէ երիտասարդներուն նկատմամբ նման վարքագիծ կը կիրարկուի, ասիկա, ըստ անոր, կը նշանակէ, թէ այս իշխանութեան տուեալ ներկայացուցիչը այլեւս կատարելիք չունի այս երկրին մէջ:

Մինասեան դիտել տուաւ, որ երիտասարդները պահանջած են հանդիպում եւ, նախարարութեան կողմէ արձագանգ չստանալով, փորձած են մտնել նախարարութիւն եւ նախարարութեան մէջ հանդիպում ունենալ, սակայն անոնք բռնի ուժի ենթարկուած են:

«Ասոր պատասխանը պէտք է տան թէ՛ իրաւապահ մարմինները, թէ՛ այն պատասխանատու անձերը, որոնք այսօր կը զբաղեցնեն այդ հանրային պաշտօնները եւ կը ցուցաբերեն նման վերաբերմունք հայ երիտասարդին  նկատմամբ», ընդգծեց Ա. Մինասեան: Երիտասարդներուն գործողութիւնները, որոնց կարգին նախարարութեան մուտքը փակելը, ըստ անոր, անօրինական չեն:

Նախորդը

Պերլին. «Սուրիոյ Մէջ Ներկայիս Չկայ Ապահով Վայր Մը, Ուր Գաղթականները Կարենան Անվտանգ Վերադառնալ»

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Պաքուի Դատարանին Մէջ «Հայաստանի Կողմէ Վարձկաններ Ներգրաւելու Փաստաթուղթեր» Հրապարակուած Են
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Դատարանին Մէջ «Հայաստանի Կողմէ Վարձկաններ Ներգրաւելու Փաստաթուղթեր» Հրապարակուած Են

Հոկտեմբեր 10, 2025
Օքամփօ. «ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբը  Պէտք Է Անվաւեր Ճանչնայ Ռուբէն Վարդանեանի Վերաբերեալ Իր Կարծիքը` Նախագահողի Ազրպէյճանի Հետ Ունեցած Կապերուն Պատճառով»
Գլխաւոր լուրեր

Օքամփօ. «ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբը Պէտք Է Անվաւեր Ճանչնայ Ռուբէն Վարդանեանի Վերաբերեալ Իր Կարծիքը` Նախագահողի Ազրպէյճանի Հետ Ունեցած Կապերուն Պատճառով»

Հոկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?