ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Պիտի պատրաստուիք ճամբորդութիւն մը կատարելու: Մի՛ յանձնուիք, պաշտպանեցէք ձեր դատը ամէն գնով: Աշխատեցէք դասաւորել ձեր ժամանակը եւ գործերը:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Իրաւունք չունիք պարտադրելու ձեր տեսակէտը, պէտք է ընդունիք նաեւ ուրիշներուն կարծիքը եւ տեսակէտը: Հարցի մը պատճառով պիտի տագնապիք: Համբերող եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Հակառակութիւններ պիտի ստեղծուին ձեր գործի շրջանակին մէջ, եւ դուք նեղութեան պիտի մատնուիք: Պիտի աշխատիք փոփոխութիւն մտցնել ձեր կեանքին մէջ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Կանուխ գացէք աշխատանքի, որպէսզի ձեր գործերը չուշանան: Եթէ պէտք ըլլայ, ձեր ընկերներէն օգնութիւն խնդրեցէք: Առողջական խնդիրներ պիտի ունենաք: Հետեւեցէք ձեր բժիշկի խորհուրդներուն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր հարցերը պիտի լուծուին, եւ դուք մեծ ուրախութիւն մը պիտի ապրիք: Ձեր շրջապատին զօրակցութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ ձեր անձնական շահերուն համար:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ընտանեկան եւ անձնական ծիրին մէջ հարց մը նեղութիւն պիտի պատճառէ ձեզի: Քմահաճ մի՛ ըլլաք, հանդարտ եղէք եւ առարկայականօրէն լուծեցէք ձեր խնդիրները:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Յուսախաբ մի՛ ընէք անոնք, որոնք իրենց յոյսը ձեր վրայ դրած են: Լաւ պատրաստեցէք ձեր գործը եւ պատասխանատուութիւններու մէջ մի՛ թերանաք: Զրոյցի մը պիտի մասնակցիք եւ ձեր կարծիքը համարձակութեամբ պիտի արտայայտէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Բաւական կոկիկ գումար մը պիտի ծախսէք տնային նորոգութեան համար: Պիտի հրաժարիք ձեր մէկ ծրագիրէն նիւթական դժուարութեան պատճառով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ամսուան ամէնէն յաջող եւ ուրախ օրերէն մէկն է: Աշխուժօրէն եւ կայտառութեամբ պիտի կատարէք ձեր բոլոր պարտականութիւնները: Տեղքայլի վիճակէն դուրս պիտի գաք եւ ձեր փափաքներէն մէկը պիտի իրականացնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Մի՛ աճապարէք ձեր որոշումներուն մէջ, որպէսզի չզղջաք: Բախտէ զուրկ շրջան մըն է, գրաւի մի՛ գաք: Քիչ մը տխուր եւ յուսահատ պիտի ըլլաք այս շրջանին:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Հաճելի պահեր պիտի ապրիք ձեր մէկ ընկերոջ հետ: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Մի՛ ուշանաք ձեր պարտականութիւնները կատարելու: Յոգնութիւն եւ ճնշում պիտի զգաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Անբնական ձեւով ձեր պարտականութիւնները եւ պատասխանատուութիւնները պիտի բազմանան: Ձեզի դէմ եղած հակառակութիւնները պէտք ունին դիւանագիտական եւ ճկուն մօտեցումի: