
Ազրպէյճանական «Էյ. Էն. Էսփրես» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան ղեկավար Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման առնչութեամբ դիմած է Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի եւ ֆրանսացի երեսփոխաններուն:
Փաշազատէ յայտարարած է, որ այդ որոշումը ուղղուած է ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ նաեւ` Ազրպէյճանի դէմ, եւ կասկածի տակ կը դնէ Կովկասի մէջ տագնապներու խաղաղ լուծման կարելիութիւնը:
«Քաղաքական գործիչներու եւ կրօնական ծայրայեղականներու յայտարարութիւնները երբեմն պատճառ դարձած են, որ մարդիկ իրարու դէմ յանցանք գործեն: Շատ լաւ քրիստոնէական պատուիրան մը կայ` «Մի՛ դատեր, որ չդատուիս», ցաւօք սրտի, ժողովրդավարութեան եւ եւրոպական մշակոյթի օրրան նկատուող ծերակոյտը (ըսել կ՛ուզէ խորհրդարանը. «Ա.») խիստ հակասական եւ վտանգաւոր որոշում որդեգրեց», նշած է Փաշազատէ:
Ան աւելցուցած է, որ այդ օրինագիծը հիմնուած է կեղծիքի, պատմութեան խեղաթիւրման վրայ եւ ազգամիջեան երկպառակութիւն հրահրելու ուղղուածութիւն ունի: «Ասիկա յստակ հակաժողովրդավարական օրէնք մըն է, որ կը սահմանափակէ մարդու խօսքի եւ մտքի ազատութեան իրաւունքը: Եթէ ֆրանսացի խորհրդարանականները արդարութեան նման ջատագովներ են, ապա ինչո՞ւ իրենց ձայնը չբարձրացուցին 1992-ին Խոջալուի մէջ ազրպէյճանցիներու ցեղասպանութեան ժամանակ», ըսած է Փաշազատէ:


