Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԻՋՄԱՐՈՆԻԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԿՈՂՄԷ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՄԸ ՇՈՒՐՋ ԳՈՅԱՑՈՒԱԾ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԶԻ ՉԻ ՎԵՐԱԲԵՐԻՐ» Կ՛ԸՍԷ Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

December 29, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Վանայ ձայն»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ 2011-ի լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող ներկայ հրատապ հարցերուն, որոնց շարքին` աշխատավարձերու սրբագրութիւնը, Արսալէն դէպի Սուրիա ներթափանցող Քայիտայի անդամներուն գոյութիւնը եւ այլ հարցեր:

Աշխատավարձերու յաւելման մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ թղթածրարին շուրջ գաղափարական տարակարծութիւններ կան:

Երեսփոխան Բագրատունի նկատել տուաւ, որ այսօր կը հաստատուի, որ նախկին կառավարութիւնները աշխատաւորներուն իրաւունքները ոտնակոխ դարձուցած են եւ դրացի կամ հեռաւոր երկիրներու հետ բաց առեւտուրի քաղաքականութիւն վարած են ու երկիրը լեցուցած են ներածուած արտադրութիւններով, ինչ որ պատճառ դարձած է երկրին տնտեսական իրավիճակին վատթարացման:

«Մենք բոլորս պատասխանատու ենք այսօրուան կացութեան եւ մենք բոլորս պէտք է ամրապնդենք Լիբանանի ելեւմտական կացութիւնը: Աշխատավարձի յաւելման կողքին պէտք է մշակել ծրագիր մը` սրբագրելու համար լիբանանցիին տրամադրուած ելեկտրականութեան եւ ջուրի մատակարարումը, ինչպէս նաեւ բարելաւելու համար երկրին ենթակառոյցը եւ  քաղաքացիներուն հայթայթելու բժշկութիւն եւ ուսում», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Ան ընդգծեց, որ կարելի չէ լիբանանցի աշխատաւորին թելադրել, որ ան անօթի մնայ` սպասելու համար երկրին քաղաքական տարակարծութիւններուն լուծումին, տագնապներու լուծումին եւ կամ այս կամ այն երկրին յեղափոխութեան գարնան:

Կառավարութեան աշխատանքին մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ կառավարութիւնը տակաւին ինքզինք չէ փաստած «Բոլորս դէպի աշխատանք»-ի իր կարգախօսին հաւատարմութիւնը: «Պէտք է իրապաշտ ըլլանք եւ համոզուինք, որ եթէ քաղաքական հիմնական ուժ մը որոշէ հրաժարիլ կառավարութենէն, ապա կառավարութիւնը կը հրաժարի: Սակայն այս պայմաններուն տակ տակաւին ոչ ոք կը փափաքի այդ մէկը կատարել եւ կառավարութիւնը կը փորձէ իր ոտքերուն վրայ կանգնիլ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ կառավարութեան կողմէ մշակուելիք ընտրական նոր օրէնքին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի համար անհրաժեշտութիւն է, որ ընտրական օրէնքը ըլլայ Թաէֆի համաձայնագիրին հիման վրայ, ուրիշը ընդունի, հաւասարութեան սկզբունքը յարգէ, ինչպէս նաեւ արդարացնէ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնն ու մասնակցութիւնը: Երբ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ըսենք, այսինքն` ըսել կ՛ուզենք, որ 64 իսլամ երեսփոխանները պէտք է ըլլան անոնք, որոնք այդ համայնքին մեծամասնութեան ներկայացուցիչներն են, նոյնը կը վերաբերի նաեւ 64 քրիստոնեայ երեսփոխաններուն, ըսաւ ան:

Ներկայիս առկայ եղող երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող օրէնքներուն մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի ակնարկեց Յոյն ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրէնքին` ընդգծելով, որ Լիբանանի մէջ ընտրական որեւէ օրէնք որդեգրելու համար պէտք է համախոհութիւն գոյացնել եւ բոլոր համայնքներուն հաւանութեան արժանանալ:

«Այս առիթով, կը փափաքիմ Պքերքէի միջմարոնիական հանդիպումին նկատմամբ ամբողջ յարգանքովս հանդերձ ըսել, որ մարոնիական հանդիպումին որոշումները մեզի չեն վերաբերիր իբրեւ համայնք, որովհետեւ մենք ներկայ չենք գտնուիր այդ հանդիպումներուն եւ ոչ ոք մեր կարծիքը հարցուցած է այդ մասին: Յոյն ուղղափառ հանդիպումին պարագային մենք ունեցանք հանդիպում մը եւ տեսակէտներ փոխանակեցինք, սակայն մարոնիական հանդիպումին մենք ներկայ չեղանք եւ կարծիքներ չփոխանակեցինք: Հետեւաբար, եթէ ընտրական օրէնքին մասին, միջմարոնիական հանդիպումին կողմէ համաձայնութիւն մը գոյանայ, ապա այդ մէկը չի նշանակեր, որ այդ համաձայնութիւնը կը պարտադրուի քրիստոնեայ այլ համայնքներուն վրայ», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կան 7 հիմնական համայնքներ, որոնք միասին պէտք է գործեն` վաւերացնելու համար ընտրական օրէնքը: «Կը մաղթենք, որ միջմարոնիական հանդիպումը ընտրական օրինագիծին մասին կատարած իր քննարկումներուն պարագային նկատի ունենայ լիբանանեան բոլոր համայնքները: Իսկ եթէ ընտրական օրինագիծի քննարկման հոլովոյթը այս ընթացքով շարունակուի, ապա 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2009-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ», նշեց ան:

Արսալ գիւղաքաղաքէն Սուրիա ներթափանցող Քայիտայի անդամներուն մասին պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի յայտարարութեան անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ պաշտպանութեան նախարարը այդ յայտարարութիւնները օդին մէջ չէ, որ կը կատարէ, այլ` տեղեկութիւններու վրայ հիմնուելով:

«Այս յայտարարութիւնը պէտք չէ Արսալի սիւննի բնակչութեան դէմ ուղղուած ամբաստանութիւն մը նկատել», ըսաւ ան:

Ներքին լիբանանեան քաղաքական տագնապին լուծման առումով Յ. Բագրատունի շեշտեց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը քաղաքական հարց չէ, այլ` ռազմավարական կարիք, որուն ծիրին մէջ կարելի է յստակացնել Լիբանանի ապագան: «Իսկ լիբանանեան ներքին քաղաքական տագնապը միայն երկխօսութեան միջոցով կարելի է լուծել», շեշտեց ան:

Ներքին լիբանանեան իրադարձութիւններուն մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի խստիւ դատապարտեց այն մօտեցումը, որ երբ կարգ մը քաղաքական ուժեր իշխանութեան վրայ կ՛ըլլան, Դիմադրութեան ապազինումը չեն պահանջեր, եւ երբ իշխանութենէն դուրս կը մնան, առաջին առիթով իսկ կը պահանջեն Դիմադրութեան զինաթափումը:

Այս ծիրին մէջ, երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ ապազինեալ Պէյրութ մը ունենալու ոմանց պահանջին եւ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ նաեւ նոյն սկզբունքը պիտի չվերաբերի լիբանանեան այլ շրջաններու, ինչպէս` Թրիփոլիին, Պեքաային, Սայտային եւ Լեռնալիբանանին:

«Եթէ լիբանանցիները չամրապնդեն իրենց ազգային միասնականութիւնը, համերաշխութիւնն ու գոյակցութիւնը, ապա անոնք իրենց ներկայ վատ իրավիճակը պիտի գերազանցեն եւ ուղղուին դէպի վատագոյնը»,  հաստատեց Յ. Բագրատունի:

Սուրիոյ մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ-ն դէմ է Սուրիոյ մէջ գործուած բռնարարքներուն եւ անհրաժեշտ կը նկատէ որդեգրուած բարեկարգումներն ու ժողովրդավարութիւնը: «Սակայն պէտք է շեշտել, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած ահաբեկչութիւնն ու պայթումը` բարեկարգումի նպատակով չի կատարուիր, ինչպէս որ ոչ ոք կը հաւատայ, որ Եգիպտոսի «յեղափոխութիւն»-ը բարեկարգումի նպատակով է», ըսաւ ան:

Շրջանին մէջ թրքական ներթափանցումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ անոնք, որոնք Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ եւ լիբանանեան կարեւոր հաստատութիւններու եւ դպրոցներու վրայ թրքական դրօշ բարձրացուցին, սկսած են տեսնել, համոզուիլ եւ խոստովանիլ, որ Թուրքիա դիմակազերծուած է:

«Թուրքերը արդէն իսկ մոռցած են «Մաւի Մարմարա» նաւը եւ կազմ ու պատրաստ են միջամտելու Սուրիոյ հարցերուն: Պէտք է ըմբռնել, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում թրքական կուսակցութիւնը կը կրէ ամերիկեան ծրագիր մը, որուն հիման վրայ ամբողջ շրջանը պիտի բաժնուի` միջիսլամական սադրանքներու եւ ամբողջ շրջանէն քրիստոնեայ գոյութիւնը դատարկելու ընդմէջէն», յայտնեց Յ. Բագրատունի:

Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին եւ իսրայէլեան Քնեսեթին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հեռանկարներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ իր անկեղծ մաղթանքն է տեսնել, որ արաբական երկիրները նաեւ ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս Լիբանանի խորհրդարանը: «Ցեղասպանութեան մասին առաջին անգամ արաբները տեղեակ մնացած են, որովհետեւ հայերը իրենց հողերէն տեղահանուելով հասած են Սուրիա, Իրաք,  Լիբանան, Յորդանան, Պաղեստին եւ Եգիպտոս: Լիբանանի մէջ արաբները իրենց կարգին ենթարկուած են սպանդներու, սովի, առեւանգումի եւ չարչարանքի: Երանի այսօր արաբական խորհրդարանները ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ այդ աղէտը պատճառող Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը: Ամէն պարագայի, սակայն, եթէ ճանչցան կամ ուրացան ցեղասպանութիւնը, անկարելի է ժխտել անոր իրողութիւնը: Մենք սերունդ մըն ենք, որ տակաւին կը կրենք ցեղասպանութեան ցաւերը, ունինք արդար իրաւունքներ եւ անպայման պիտի տիրանանք անոնց», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

 

 

Նախորդը

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ 2011-Ի ԻՐ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՆԻՍՏԸ

Յաջորդը

ՓԱՇԱԶԱՏԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԱԶԳԱՄԻՋԵԱՆ ԵՐԿՊԱՌԱԿՈՒԹԻՒՆ ՀՐԱՀՐՈՂ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.