Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց Երիտասարդ Արուեստագէտներու Հետ

Սեպտեմբեր 4, 2019
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, նախագահութեամբ Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաանի տեղի պիտի ունենայ երիտասարդ արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթ, 21 սեպտեմբեր 2019` առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ երիտասարդ արուեստագէտներուն հետ` իմանալու անոնց նկարչական ուղղութեան, աշխատանքներուն եւ ներկայացուցած գործերուն մասին: Երիտասարդ արուեստագէտներն են` Արին Չէքիճեան, Արամ Փափազեան (չկրցաւ մասնակցիլ հարցազրոյցին), Քրիստ Իսկէնտէրեան, Քրիսթինա Գապաքեան, Հրանդ Գալեմքէրեան, Մուշեղ Գարավարդանեան, Նորայր Պուտաքեան, Նաթալի Խաչատուրեան, Նորա Տիպան եւ Սիլվիա Սէրայտարեան:

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս որոշեցիք նկարիչ դառնալ, ի՞նչ բան ձեզ ներշնչած է ընտրելու այս ճիւղը:

ՆՈՐԱ ՏԻՊԱՆ.- Մանկութենէս միշտ գծած եմ: Գծելը ինծի շատ հաճոյք պատճառած է: Թէ ինչո՛ւ ուզած եմ գծել` չեմ գիտեր, հետս ծնած է այս շնորհը: Մանկութեանս յաճախած եմ գծագրութեան ակադեմիա, բայց հետագային կանգ առած եմ երկրորդականի եւ համալսարանի ուսանողութեան տարիներուս, ապա` ընտանիք կազմելուս պատճառով, բայց բոլորովին չեմ հեռացած գծելու մթնոլորտէն, առիթ գտած եմ երբեմն պատկերներ նկարելու: Վերջերս հետեւեցայ  ու աւարտեցի Համազգայինի կերպարուեստի դպրոցը, որպէսզի զարգացնեմ տաղանդս:

Կը ներշնչուիմ բնութեան գեղեցկութենէն, անոր գոյներէն: Արուեստը ինծի համար կեանքի գեղեցկութիւնները արտայայտելու միջոց է: Մենք կ՛ապրինք ճնշող, տագնապալից ու հեւքոտ կեանք մը, արուեստը միակ միջոցն է հանգստանալու, ներաշխարհիդ հետ ազատ ու հարազատ ըլլալու, հետեւաբար արուեստը  ինքնարտայայտուելու լաւագոյն միջոցն է:

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԳԱՊԱՔԵԱՆ.- Մանկութենէս սիրած եմ գծել: 9 տարեկանէս հետեւած եմ Համազգայինի կերպարուեստի դպրոցին եւ այս տարի աւարտեցի: Ծնողներս ու հարազատներս շատ քաջալերած են զիս, որ գծեմ: Բնութիւնը, պատմական վայրերը եւ յատկապէս ծովեզերքը զիս շատ կը ներշնչեն:

ՆԱԹԱԼԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Մանկութեան ինչ նիւթ, որ ձեռքս անցած է, անով գծած եմ: Գծագրութեան առաջին «թուղթերը» մեր տան պատերը կամ առարկաները եղած են: Կը յիշեմ ունէինք տախտակէ սեղան մը, որուն վրայ ես միշտ կը գծէի տարբեր պատկերներ: Մեր տունը կը նայէր դէպի ծով, ունէինք նաեւ պարտէզ, հետեւաբար կենդանիներու ձայնը ինծի համար երգի նման էր, իսկ բնութիւնը` հանգիստի եւ դրական լիցքաւորման միջոց:  Երեւակայութիւնս գործածելով, մանկութեանս եւ պատանեկութեան օրերուն աշխատած եմ գծելու ձիրքս զարգացնել: Դպրոցական օրերուս զբօսանքին կամ դասապահի ընթացքին միշտ կը գծէի: Ուսուցիչներս երբ տեսնէին, որ կը գծեմ, բան չէին ըսեր եւ կը քաջալերէին: Այսպէս գծելով ինքզինքս բաւական զարգացուցի եւ սխալներս սրբագրեցի քայլ առ քայլ: Օրէ օր աւելի կը յառաջանայի այս մարզին մէջ: Մանկութեանս նկարած պատկերներէս հինգ հատ «Ազդակ»-ի «Պզտիկ-մզտիկ» մանկապատանեկան յաւելուածին մէջ լոյս տեսած են, երեւոյթ մը, որ օրին շատ քաջալերած եւ ուրախացուցած է զիս: Իմ ծանօթներէս շատեր քաջալերած են զիս, բայց ոմանք ալ ըսած են, որ ըրածս մեծ բան չէ, աւելի լաւ է փոխեմ ընտրած ճիւղս եւ աւելի լուրջ մասնագիտութեան հետեւիմ ապագայի առումով, բայց ես կ՛ուզէի կեդրոնանալ միայն նկարչութեան արուեստին վրայ: Գծագրութիւնը ես եմ: Արուեստագէտ ըլլալը գործ չէ: Արուեստագէտը դուն ես, անձդ է, ես եմ:

Այս տաղանդը Աստուծմէ ինծի նուէր է: 2013-ին դպրոցական գծագրական մրցում մը կար, ես չէի մտածած մասնակցիլ: Ընկերներս անունս տուին, ու ես մասնակցեցայ ու յաղթեցի: Նուէրը Համազգայինի կերպարուեստի դպրոցին մէջ գծագրութեան դասընթացքի հետեւիլ էր: Մինչեւ 2019 հետեւեցայ դասընթացքին ու աւարտեցի: Մասնակցած եմ հաւաքական քանի մը ցուցահանդէսներու:

ՀՐԱՆԴ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ.- Փոքր տարիքէս գծելու սկսած եմ: Ծնողներս նկատած են, որ շատ լաւ կը գծեմ: Հայրս եւ մեծ հայրս գծելու ձիրքը ունեցած են: Տան մէջ միշտ տեսած եմ հայրս կը գծէր, իրմէ մեծապէս ներշնչուած եմ շատ: Մայրս ու մեծ մայրս ալ քաջալերած են զիս: Մեծ հայրս միշտ կը բացատրէր ինծի, որ մեր մականունը Գալեմքէրեան է: Գալեմքար թրքերէն կը նշանակէ այն անձը, որ գծագրութեամբ կը զբաղի, եւ որուն պատկերները դիտելով մարդիկ կը հանգչին: Գծելը մեր ընտանիքի արեան մէջն է: Ես շատ հետաքրքրուած եմ հայ մշակոյթով եւ կ՛ուզեմ զայն զարգացնել: Կ՛ուզեմ ըսել նաեւ, որ միշտ ուզած եմ ուսուցիչիս Գրիգոր Արփատճեանին պէս ըլլալ, հակառակ անոր որ արուեստի մէջ տարբեր ճաշակներ ունինք:

Առաւելաբար կը գծեմ դիմապատկերներ, զգացումներ արտայայտող պատկերներ: Կը սիրեմ գծել նաեւ փիլիսոփայական պատկերներ, կը կարդամ փիլիսոփայական ոճի պատմութիւններ, կը ներշնչուիմ անոնցմէ, կ՛երեւակայեմ եւ զանոնք պատկերներու կը վերածեմ: Միշտ ուզած եմ դուրս ելլել մեզ շրջապատող առօրեայէն ու նեղութիւններէն, որպէսզի  պատկերներուս մէջ մարդիկ իմաստ մը փնտռեն:

ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ.- Հաւատալով, որ «արուեստը հոգին կ՛ազնուացնէ» եւ ունենալով նկարելու աստուածատուր  տաղանդը, ինչպէս նաեւ արժանանալով զիս շրջապատողներու քաջալերանքին, ես դարձայ համեստ նկարիչ: Կեանքին մէջ արուեստը գնահատող անձերու ներկայութիւնը զիս աւելի սեղմ կապերով միացուց բոլորին ծանօթ, նիւթական կեանքէն բոլորովին տարբեր, արուեստի վերացական կեանքին: Ես հասկցայ, որ արուեստը կոչում է, հետեւաբար, ամէն անձ չէ, որ կ՛ունենայ այդ կոչումը եւ կը դառնայ արուեստագէտ: Տարբեր է զգացումը, երբ «կը ստեղծագործես», երբ նախ քեզի եւ ապա հանրութեան կը ներկայացնես գործ մը, որ անտիպ է եւ իւրայատուկ. գործ մը, որուն մէջ դուն ներկայ ես, ներկայ է քեզ այլ նկարիչներէ զատորոշող գիծդ ու ճաշակդ, ինչպէս նաեւ գոյներու ներդաշնակութիւնը: Հետեւաբար, ապրելով վերոյիշեալ զգացումներու յատկութիւնները, ճարտարապետութեան կողքին դարձայ նկարիչ:

ՍԻԼՎԻԱ ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ.- Ես ալ փոքր տարիքէս սկսած եմ գծել: Մայրս շատ քաջալերած է զիս, որ  զարգացնեմ ձիրքս: Մայրս ինծի համար գրադարան մը պատրաստած էր եւ մղած կարդալու, այս երեւոյթը շատ օգնած ու զարգացուցած է երեւակայութիւնս եւ մղած գծելու: Նշեմ նաեւ, որ մեծ մայրս եւ մայրս ձեռագործով կը զբաղէին, ինչ որ առիթ եղած է ինծի տեսնելու ու տպաւորուելու անոնց գեղեցիկ գործերով եւ գոյներով:

2006-ին, եօթը տարեկանիս մայրս զիս արձանագրեց «Այբ թու զետ» գծագրութեան ակադեմիա: Մարալ ու Ժիրայր Փանոսեանները զիս գրկաբաց ընդունեցին: Մինչեւ 2017 հետեւած եմ այդ

ակադեմիային, կը շարունակեմ ալ հետեւիլ յաւելեալ փորձառութեան համար: Արուեստը տարբեր աշխարհ կը տանի մեզ, մեր ամբողջ յոգնութիւնը մեզմէ դուրս կը հանէ:

Կը սիրեմ բնութիւնը գծել, դիմանկարներ, աւելի շատ իրապաշտ պատկերներ կը գծեմ: Ունիմ երեւակայական գործեր ալ:

ԱՐԻՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ.- Մանկութենէս սկսած եմ գծել, երբ  առիթ ունեցած եմ: Դպրոցէս` Եղիշէ Մանուկեան ազգային քոլեճէն եւ ուսուցչուհիներէս շատ մեծ քաջալերանք ստացած եմ: Ծնողներս ալ ստեղծած են այն միջավայրը, ուր ես կարենամ գծել: Լիբանանի պատերազմի օրերուն, երբ կը հաւաքուէինք պատսպարաններու մէջ, մեզ` փոքրերս կը զբաղցնէին գծելով, որպէսզի ժամանակ անցնի, ու մենք չզգանք պատերազմի արհաւիրքը:

Զիս կը ներշնչեն գոյները եւ շրջապատս, շատ կը սիրեմ նաեւ քաղաքը իր խառնաշփոթութեան մէջ եւ բազմազանութեամբ,  օրինակ` կը սիրեմ Պուրճ Համուտը իր շէնքերով եւ զանոնք իմ ձեւովս կը ներկայացնեմ: Ես համոզուած եմ, որ ո՛ւր որ մարդ արարածը կ՛ապրի, գեղեցիկ է, իսկ ուր որ մարդ չ՛ապրիր, պէտք է հոն գեղեցկացնենք մեր ուզած գոյներով:

ՆՈՐԱՅՐ ՊՈՒՏԱՔԵԱՆ.- Փոքր տարիքէս մայրս աշխատած է զիս եւ քոյր եղբայրներս նախասիրութիւններու կատարելագործման մղել: Ուրեմն մեզի պարի դասընթացքի արձանագրած է, ես հոն զգացած եմ, որ  տեղս չէ. բայց երբ բարձրացած եմ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցի երրորդ յարկ` գծագրութեան բաժինը, զգացած եմ, որ հո՛ն տեղս է: Այսպէս տասը տարեկանէս հետեւած եմ գծագրութեան դասընթացքին եւ զայն աւարտած 2009-ին: Նոյն ճիւղը շարունակած եմ Լիբանանի համալսարանին մէջ, ուրկէ ստացած եմ նաեւ մագիստրոսական վկայականս:

Ես կը գծեմ բնութիւնը` վերացական եւ ժամանակակից ձեւով: Տարբեր նիւթեր կը գործածեմ պատկերներուս մէջ: Միշտ չէ, որ ներկը զգացում կը ներշնչէ ինծի: Կը գործածեմ աւազ, շաղախ, գաճ, չորցած տերեւներ, մեռած տախտակ եւ տարբեր նիւթեր, որոնք աւելի խօսուն կը դարձնեն պատկերը: Հիմա կ՛աշխատիմ հայկական բնոյթ ունեցող պատկերներու վրայ: Թէեւ ես Հայաստան չեմ գացած, բայց համացանցէն կը հետեւիմ տեսարժան վայրերու նկարներուն, որոնցմէ կը ներշնչուիմ եւ իմ դրոշմս անոնց վրայ դնելով կը պատրաստեմ պատկերներս:

ԱՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ.- Որոշեցի նկարիչ դառնալ, երբ երեք տարեկանիս, մատիտ մը վերցնելով, տան գետինը, պատերը, կահ կարասիները գծագրեցի: Նոյնը շարունակուեցաւ դպրոցական տարիներուս, երբ կը գծագրէի դասարաններուն պատերուն, աթոռներուն եւ սեղաններուն վրայ: Եւ այսպէս… Իսկ զիս ներշնչողը հետաքրքրութիւնն է փորձարկելու տարբեր ոճեր, տարբեր մետիաներ, տարբեր նիւթեր, առարկաներ եւ գոյներու, հիւսուածքներու, ձեւերու համադրման զանազան տարբերակներ…

«Ա.».- Ձեր մասնագիտութեան մէջ նկարչական ի՞նչ ուղղութեան կը հետեւիք: Հաւաքական ցուցահանդէսին ձեր ներկայացուցած պատկերները ինչի՞ մասին կը խօսին:

Ն. Տ.- Ընդհանրապէս իմ գործերս իրապաշտ ուղղութեան կը պատկանին: Աշխատանք կը տանիմ նաեւ conceptual ուղղութեան մէջ յառաջ երթալու: Ցուցահանդէսին ներկայացուցած պատկերներս բնութենէն առնուած են, ունիմ նաեւ նաթիւրմորթ (nature morte), ջրաներկով եւ աքրիլիք պատկերներ, որոնք բնութիւնը կը պատկերեն իրապաշտ ոճով:

Ն. Խ.- Ես աքրելիքով, մատիտով եւ տարբեր ձեւերով աշխատած եմ, բայց աւելի ջրաներկով կը սիրեմ աշխատիլ: Եւ որովհետեւ առանց ջուրի մարդ չի կրնար ապրիլ եւ առանց գոյնի աշխարհը տեսք չէր ունենար, հետեւաբար ես ճերմակ պաստառը գոյներով եւ ջուրով կեանքի կը վերածեմ:  Կ՛աշխատիմ բոլոր պատկերներուս կեանք տալ: Գծագրութիւններս անպայման ըսելիք մը ունին մարդոց, յիշատակ մը ունին արթնցնելիք դիտողին մէջ: Գծագրութիւններուս յետնապատկերը սովորաբար պղտոր կ՛ըլլայ, որովհետեւ պատմութիւն մը ունի իր մէջ թաքնուած, իսկ կեդրոնական հատուածին մէջ մանրամասնութիւններս կը տեղադրեմ: Կը կեդրոնանամ կեդրոնական հատուածին վրայ: Կ՛աշխատիմ գործածել լուսաւոր գոյներ, որովհետեւ լոյսը կեանք է:

Ք. Գ.- Իմ գործերս սուռիալիզմ եւ վերացական են: Գրեթէ բոլորն ալ հայկական նիւթեր են եւ աքրիլիքով: Կը սիրեմ մութ գոյներ գործածել պատկերներուս մէջ:

Հ. Գ.- Ես տարբեր ոճի նկարներ ունիմ: Տակաւին ուղղութիւնս չեմ ճշդած: Աւելի կը սիրեմ սուռիալիստ գործերը, որոնք հետաքրքրական են ինծի համար: Կը սիրեմ բաց ու գրաւիչ գոյներ գործածել եւ դրական մթնոլորտ ստեղծել պատկերներովս: Այս ցուցահանդէսին ներկայացուցած պատկերներս փիլիսոփայական բնոյթ ունին:

Ք. Ի.- Ընդհանրապէս իմ նկարներս կը պատկերեն մարդկային յարաբերութիւններ, ապրումներ, զգացումներ, ինչպէս նաեւ կը հետապնդեն անիրաւուածներու դատ, մասնաւորապէս` Հայոց ցեղասպանութեան դատը, որ կը ներկայացնէ համայն մարդկութեան հաշուոյն կատարուած ոճիր մը: «Ազդակ»-ի հովանաւորութեամբ կայացած իմ առաջին անհատական ցուցահանդէսիս մասին «Ազդակ» օրաթերթին հետեւեալ անդրադարձը ամբողջական ձեւով կը ներկայացնէ գործերուս նիւթերն ու օգտագործած գոյներս. «Անոնցմէ իւրաքանչիւրը օժտուած է տարբեր իւրայատկութեամբ, գոյներու համադրումով, ներկայացման ուրոյն ձեւով: Հոն է հայութեան կեանքն ու մահը ամբողջ, հոն են սպանդն ու վերապրումը, տարագրութիւնն ու վերամիացումը, յարութիւնն ու վերընձիւղումը: Ստեղծագործութիւններուն մէջ գրաւիչ ձեւով ու հետաքրքրական ներկայացմամբ կ՛երեւին մարդոց առօրեան, աշխատանքը, հեւքոտ կեանքէն պատկերներ, նաեւ` մարդկային ամէնէն  նուիրական զգացումներ»:

Այս ցուցահանդէսին պատկերներուս նիւթերը, ինչպէս նշեցի, դարձեալ մարդկային զգացումներու հետ առնչուած են ու զանոնք ներկայացուցած եմ երբեմն վառ, երբեմն մեղմ եւ երբեմն նոյնիսկ միայն գիծերու միջոցաւ: Աւելին իմանալու համար, գոհ կ՛ըլլանք, եթէ ընթերցողը այցելէ եւ անոնց մօտէն ծանօթանայ մեր գործերուն:

Յատուկ շնորհակալութիւն «Ազդակ» օրաթերթին, որ իր յարկն ու էջերը միշտ բաց կը պահէ հայ երիտասարդին դիմաց` զայն մղելով դէպի նպատակներու իրականացում:

Ս. Ս.- Ես գծագրութեան բոլոր ճիւղերը փորձած եմ ակադեմիային մէջ: Գործածած եմ աքրելիք, կուաշ, ածուխ եւ իւղաներկ, բայց ընդհանրապէս բոլոր գործերս իւղաներկ են: Քիչ գործեր ունիմ աքրիլիք: Քանի մը տարի առաջ գտայ ուղղութիւնս, որ իրապաշտն է: Ունիմ երեւակայական գծագրութիւններ, որոնց մեծ մասին նիւթը հայկական է: Ներշնչուած եմ հայկական նուռէն: Բնութեան պատկերներ ունիմ, դիմանկարներ: Կ՛օգտագործեմ մութ գոյներ պատկերներուս մէջ: Ցուցահանդէսին ներկայացուցած գործերուս նիւթերը հայկական են, որոնք կը ներկայացնեն չորս եղանակները եւ իրենց մէջ կը պարփակեն նուռը եւ Արարատը: Նուռը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդը, թէ ինչպէ՛ս գարնան ծաղկեցաւ, աճեցաւ, պտուղ տուաւ, իսկ աշնան` Ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ: Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացնեմ նաեւ ծով եւ բնութիւն: Ունիմ նուագարաններ պատկերող նկար մըն ալ, որ երեւակայութեամբ նկարած եմ: Ունիմ նաեւ պատկեր մը, որ կը ներկայացնէ կնոջ դերն ու ուժը աշխարհին վրայ:

Մասնակցած եմ հաւաքական ցուցահանդէսներու դպրոցին եւ ակադեմիային մէջ: Պատկերներ ունիմ նաեւ Եղիշէ Մանուկեան դպրոցի եւ ԼՕԽ-ի օրացոյցին մէջ:

Ա. Չ.- Ոճային իմաստով ես կը սիրեմ նորը փորձել: Չեմ սիրեր մէկ ոճի վրայ կեդրոնանալ, որովհետեւ կը զգամ, որ կ՛ուզեմ իմ սիրածս ընել: Շատ կը սիրեմ փորձել, երբ մէկ բանի վրայ կեդրոնանամ, կը ձանձրանամ: Ունիմ աքրիլիք, ջրաներկ, իւղաներկ եւ միքսմետիա պատկերներ:

Թեմայի իմաստով կը սիրեմ գոյները եւ երեւակայութիւնս գործածել: Կը սիրեմ նոր քաղաքներ տեսնել: Կը սիրեմ քաղաքները եւ թաղերը վառ գոյներով ներկայացնել, երբ քաղաք կայ, մարդ կայ, երբ մարդ կայ, ուրեմն հոն կեանք կայ: Այսպէս ալ կը ծաղկի եւ յառաջ կ՛երթայ կեանքը:

Այս ցուցահանդէսին ունիմ Պուրճ Համուտին վերաբերող պատկերներ, ուր ներկայացուցած եմ հանգիստ ոճով շէնքերը, որոնք պայման չէ, որ մարդոց տեսածին պէս ըլլան:

Ն. Պ.- Համալսարանի իմ աւարտականի գործիս մէջ ազդուած էի գերմանացի նկարիչ Անսըլմ Քիֆըրի գործէն: Ան իր մանկութեան ապրած է Համաշխարհային երկրորդ պատերազմը եւ ազդուած անկէ: Անոր բոլոր գործերը տարբեր նիւթերով պատրաստուած են: Ես ներշնչուեցայ այս գծագրիչէն: Իմ աւարտականի նիւթս էր Distraction of civilization: Ուրեմն այն օրերուն ազդուած էի Սուրիոյ պատերազմէն, երբ հնագիտական յայտնի վայրեր կ՛աւերուէին ծայրայեղականներու կողմէ: Ասկէ ազդուելով ընդհանուր նիւթ մը ներկայացուցի առանց առանձնացնելու: Հիմա կը փորձեմ նոյն ոճը ներկայացնել հայկական թեմայով` Հայաստանի մէջ հին, փլատակ շէնքեր կը պատկերեմ, որոնց գոյները մեռած են: Գործածած նիւթերուս մէջ կայ մոխիրը, որ ոչնչացման նշան է, շաղախը, որ հինը նորով կը փոխարինէ, աւազը, որ յատակն է: Այս ցուցահանդէսին կը ներկայացնեմ հինգ նկար, որոնց մէջ վերացական բան մը կայ եւ տարբեր գաղափարի կը տանի դիտողը:

Ն. Տ.- Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, որ այս առիթը տուաւ մեզի, հաւաքական այս ցուցահանդէսը իրապէս մեծ քաջալերանք է բոլորիս համար: Այս շրջանին, երբ երկիրը տնտեսական տագնապներ կը դիմագրաւէ, շատ դժուար է  անհատական ցուցահանդէս կազմակերպել: Այս ցուցահանդէսը նոյն ատեն նոր գործեր պատրաստելու խթան պիտի հանդիսանայ բոլորիս համար: Երանի այսպէս յաջորդական առիթներ տրուին բոլոր արուեստագէտներուն, որպէսզի յառաջ երթան ու քաջալերուին: Շնորհակալ ենք նաեւ «Ազդակ»-ին, հարցազրոյցի առիթ տալու եւ մեզ քաջալերելու համար:

Ա. Չ.- Ես ալ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին ու անոր պաշտօնէութեան, որ մեզի առիթ տուաւ  ծանօթանալու եւ հաւաքաբար ներկայացնելու մեր արուեստը լիբանանահայ հասարակութեան: Յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլոր մասնակիցներուն:

Ա. Փ.- Մասնագիտութեամբ  կրաֆիք տիզայնըրի ուսում ստացած եմ Էլ. Էյ. Եու.-ի մէջ, Պէյրութ, Լիբանան եւ Էֆ. Տի. Էյ.-ի, Ֆլորանս, Իտալիա: Զիս կը հետաքրքրէ վիժուըլ արթզի դաշտը ընդհանրապէս` ձեւագիտութիւն, նկարչութիւն, լուսանկարչութիւն, փողոցի արուեստ, եւ այս տարբեր ճիւղերուն մէջ կը փորձեմ կիրարկել իմ մօտեցումս: Գծագրութեան գալով` իմ ուղղութիւնս է վերացական, փորձարարական, արտայայտչական եւ էքշըն արթ… Նախասիրած արուեստագէտներս են Jackson Pollock, jean michel Basquiat, Banksy, Andy Warhol… Հաւաքական ցուցահանդէսին իմ ներկայացուցած պատկերներս պէտք չէ ընկալուին տրուած իմաստին միջոցաւ: Ով ինչ տեսնէ կամ ինչի կապէ` իր տեսածը կ՛ունենայ իր ներաշխարհին մէջ գտած իմաստը կամ ազդեցութիւնը: Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւրին տուած եմ վերնագիր, բայց նոյնիսկ անոնք, երբ նկատի առնուին դիտողին կողմէ, կը յուսամ, որ կը մղեն մտածելու, տեսնելու եւ ինքնուրոյն մեկնաբանելու, եւ ոչ թէ սահմանափակելու` ըսելով, թէ Քիլիմանճարօ լեռն է կամ վարդ մըն է ծաղկամանի մը մէջ, տանձի մը կողքին, գորգի մը վրայ կամ կը ներկայացնէ երջանիկ մտքի վիճակ մը  եւ այլն…

 

 

 

Նախորդը

Մանկութեան Յուշեր (Այնճարի 80-ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանի 2019 Տարեշրջանի Ամառնային Ծրագիրի Ամավերջի Հանդէսը Հայկականութիւն Բուրեց

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?