Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանկութեան Յուշեր (Այնճարի 80-ամեակին Առիթով)

Սեպտեմբեր 4, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ

Քանի մը շաբաթէ ի վեր ձեռնարկները սկսած են Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով: Այդ մտածումներուն մէջ էի, երբ յիշեցի քանի մը ծերուկներ, որոնցմէ երկուքը տարիներ առաջ բաժնուած են այս աշխարհէն:

Անոնցմէ մէկը մեր դրացի Առաքել պապուկն է, որ ծանօթ էր «Թթմալօ» կեղծանունով: Ո՞ր մէկ պզտիկը կամ պատանին չի ճանչնար այս պապուկը, մանաւանդ անոնք, որոնք հեծանիւ կը քշէին, որովհետեւ իրմէ զատ հեծանիւ նորոգող չկար գիւղին մէջ: Իսկ պապուկին «Volkswagen» ինքնաշարժը յատուկ էր: Պապուկը արհեստով «սենկերիճի» էր: Ինքնաշարժին աջ կողմի աթոռը հանած էր, որպէսզի թթուածինին շիշը դնէր, երբ նորոգութեան համար տեղ մը երթար:

Եթէ իր կինը կամ այլ բարեկամ մը հետը տեղ պիտի երթար, անոնք ինքնաշարժի ետեւի նստարանին վրայ կը նստէին: Եթէ պէտք ըլլար, «Սըրըխեան» պապուկին հիւսած աթոռներէն կը դնէր, որպէսզի այդ անձը չզրկուէր պտոյտէն:  Յաճախ այդ աթոռը քրոջս բախտին կը վիճակուէր` ըլլալով տան անենափոքր անդամը, որ ստիպուած էր մօրս ընկերակցիլ: Արաբերէն չգիտնալը պատճառ կը դառնար, որ մայրս` իբրեւ թարգման, իրենց հետ երթար:

Կը սիրէր պտտիլ: Թերեւս 15 անգամ Հայաստան գացած էր եւ ամէն անգամ որ վերադառնար, մեծ ուրախութեամբ կը խօսէր հայրենիքին մասին:

Գրեթէ ամբողջ Լիբանանը պտտած էր իր կնոջ հետ եւ քանի մը անգամ ալ հասած էր Քեսապ: Տարի մը ուզեց մեզի հետ երթալ: Սահմանին զինուորը զարմացած` ըսաւ պապուկին. «Դուն ծեր, ինքնաշարժդ ծեր, ինչպէ՞ս Քեսապ պիտի հասնիք»: Իր չգիտցած արաբերէնով զինուորին պատասխանեց. «Հո՛ս սպասէ եւ պիտի տեսնես, որ ապահով պիտի երթամ ու վերադառնամ»: Այդպէս ալ եղաւ:

Անգամ մը Դամասկոս ցուցահանդէս կար (պատերազմէն առաջ տարին անգամ մը մեծ ցուցահադէս տեղի կ՛ունենար): Յանկարծ պապուկը տուն կու գայ: Կինը կը զարմանայ. «Առաքե՛լ, ինչո՞ւ եկար, այգին պիտի ջրէիր»: «Է՜հ,- կ՛ըլլայ պապուկին պատասխանը,- յիշեցի, որ այսօր Դամասկոսի ցուցահանդէսին վերջին օրն է: Գացի` Ուրֆիցենց Ժորժին ըսի, որ գոցէ՛ ջուրը, վաղը կը շարունակեմ: Թերեւս գալ տարի ցուցահանդէսին ժամանակ մեռած կ՛ըլլամ: Այդ պատճառով ջրելը կէս ձգեցի եւ եկայ: Պատրաստուէ՛, միասին երթանք»: Բայց կինը մերժեց, որովհետեւ բաւական գործ ունէր տունը: Պապուկը գնաց մինակը ցուցահանդէսը դիտելու:

Հակառակ յառաջացած տարիքին` արագ ալ կը քշէր: Բնաւ չէր ընդուներ, որ ինք արագ քշող է:

Շատ են պապուկին արկածախնդրութիւնները: Ան գնաց, բայց զինք ճանչցողները տակաւին կը յիշեն պապուկը:

Մոսիկը, որ ներկայիս Լիբանան չ՛ապրիր, քանի մը տարի առաջ Այնճար պտոյտի եկած էր. այցելութեան գացինք: Բնական է, որ պիտի յիշէինք դպրոցական օրերը: Յանկարծ Մոսիկը ըսաւ. «Ամէն անգամ, երբ ձեր ճամբայէն անցնէի ու տեսնէի, որ Առաքել պապուկը եւ Խաթուն նէնէն դուրսը  կամ տունը չեն, իրենց տան զանգը կը զարնէի եւ կը փախչէի»: Բայց երբեմն ալ տունը կ՛ըլլային, դուրս կ՛ելլէին, բայց Մոսիկը անհետացած կ՛ըլլար:

Մոսիկը բաւական ծեր էր եւ միշտ փափաք ունէր Արզ երթալու իր ինքնաշարժով: Քանի մը բարեկամի առաջարկեց, որպէսզի երթան իրենց անձնական ինքնաշարժով, բայց բոլորն ալ մերժեցին, որովհետեւ ճամբան քիչ մը դժուար էր: Իւրաքանչիւրը առաջարկեց տանիլ պապուկը, որպէսզի այդ օր չքշէ, սակայն մերժեց: Ուզեց, որ ինք քշէ: Մեռաւ փափաքը սրտին մէջ, որ չկրցաւ երթալ Արզ: Սակայն միշտ իր սրտին մէջ մնաց Ճեպել Մուսան եւ մանաւանդ Պիթիաս իր գիւղը:

Մուշտիկ (Մովսէս) պապուկը. ո՞ր մէկ այնճարցին չի ճանչնար զինք: Կարճուկ, աշխատասէր անձ մըն էր:

Շատ կը նեղուէր, երբ լսէր, որ մէկը հող ծախած էր: Կը ջղայնանար, կը բարկանար: «Հողը կը ծախե՞ն: Ինչո՞ւ կը ծախեն, որպէսզի պարապ բաներ ընեն: Օղի կը խմեն, քէֆ կ՛ընեն, կը ճամբորդեն, կ՛երթան հեռու Ամերիկաները եւ վերջը կը զղջան: Կամ` տեսէք, սա ծառերը ախորժակով կը ցանեն եւ վերջը հոգ չեն տանիր: Այս ի՞նչ սերունդ է»:  Ի զուր կ՛աշխատէին զինք հանդարտեցնել իր հարազատները, բայց ան կը շարունակէր բարկանալ: «Պարտէզը ծախեր են, հեռատեսիլ գներ են: Վերջն ալ անօթի կը մնան: Բնաւ հաշիւ չեն ըներ, թէ վերջը ի՛նչ պիտի ըլլայ: Կը կարծեն, որ դրամը յաւիտեան պիտի մնայ: Է՜հ, երբ մենք նոր եկանք այս գիւղը, որքա՜ն աշխատեցանք, որպէսզի այս ճահիճը գեղեցկացնենք: Բայց որո՞ւ կը խօսիս: Ինքնաշարժ պիտի գնեն, պիտի պտտին եւ կեանքը վայելեն»:

Մուշտիկ պապուկը իր աչքին լոյսին պէս կը պահէր իր պարտէզը: Ոչ մէկը կը համարձակէր այդտեղէն պտուղ գողնալ: Նոյնիսկ անտէր եւ կամ դրացի պարտէզներուն մէջ մէկը չէր համարձակեր մտնել: Մուշտիկ (Մովսէս) պապուկը հոն էր միշտ:

Ամբողջ օրը կ՛աշխատէր եւ բնաւ չէր գանգատեր: Գիշերները պապուկը անպայման ընթրիքի ժամանակ մէկ գաւաթ կը սիրէր խմել իր կնոջ հետ:  Բայց  Մարթա նէնէն օղին առանց ջուրի կը խմէր:  Է՜հ, ամբողջ օրը աշխատելէ ետք քիչ մը հանգիստի եւ ուրախութեան ալ պէտք ունէին:

Հաւատարիմ կուսակցական էր: Յաճախ կ՛այցելէր հօրս եւ կ՛ըսէր. «Իշի՛ վարժապիտ (նայէ՛ վարժապետ), Հայաստանը պիտի անկախանայ. ես պիտի չտեսնեմ, ամա դուք պիտի տեսնէք»: Ճիշդ այդպէս ալ եղաւ: Պապուկին մահանալէն ետք Հայաստան անկախացաւ:

Մուշտիկ պապուկը 95 տարեկան էր. հիւանդ պառկած էր, գրեթէ մահամերձ: Աչքերը լաւ ալ չէին տեսներ: Հակառակ իր ծանր վիճակին` խրատները անպակաս էին իր շուրջիններուն:

«Ես ըսեցի ձեզի, անկա՛խ պիտի ըլլայ Հայաստանը»: Այս մէկը Մուշտիկ պապուկին խօսքերն էին: Միշտ ուզած եւ երազած  էր, որ Հայաստանը անկախ ըլլայ: Այդպէս ալ եղաւ: Իր մահանալէն վերջ Հայաստան անկախացած էր:

Թիւճար պապուկը 86 տարեկան է: Ծնած է Պիթիաս, Ճեպել Մուսա: Հակառակ յառաջացած տարիքին` եռանդուն է: Գրեթէ ամէն ձեռնարկի կամաւոր կ՛երգէ: Երբեմն հրաւէրի ալ չի սպասեր: Սրտանց կը բարեւէ, որու որ հանդիպի: Հակառակ անոր որ երբեմն եկեղեցիին մէջ կը քնանայ, բայց ընդհանրապէս ներկայ է պաշտամունքներուն` մինակը կամ կնոջ` Մանուշակին հետ:

Կը սիրէ հողագործութիւնը (թէեւ հիմա այլեւս չի ցաներ): Բերքը կը տանէր ընդհանրապէս Զահլէ եւ կը ծախէր: Բոլոր տանտիկինները կը ճանչնային զինք:

Օր մը եկաւ եւ խնդրեց, որ իրեն այցետոմս տպենք, վրան ալ` հեռաձայնին թիւը: Տոմսին վրայ գրել տուաւ «Կաղամբի թագաւորը» երկու լեզուով` հայերէն եւ արաբերէն:

Նոր տարուան շրջանին անպայման մօրուք կը ձգէ: Կամաւոր Կաղանդ պապա կ՛ըլլայ բոլորին: Պիտի երգէ, պարէ եւ ուրախացնէ բոլորը:

Այս տարի Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի ամավերջի հանդէսին հրաւիրուած էին բոլոր անոնք, որոնք ծնած են Ճեպել Մուսա, որպէսզի բեմ բարձրանան եւ իրենց սրտին խօսքը ըսեն շրջանաւարտ աշակերտներուն: Իւրաքանչիւրը ունէր մէկ վայրկեան: Թիւճար պապուկին մաղթանքն էր նոր սերունդին. «Ուր ալ երթաք, հայ մնացէք, հայու հետ ամուսնացէք ու հայ օճախը շէնցուցէք»:

Այս սերունդին դժուար եղած է ձգել Մուսա Լեռը եւ հաստատուիլ նոր երկիր, նոր գիւղ մը շինել, ուր ամէն կողմ ճահիճ էր: Սակայն, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, անոնք ստեղծած են նոր հայրենիք մը եւ անոր կապուած են անկեղծօրէն ու հաւատարմաբար` Մուսա Լեռը իրենց սրտին եւ մտքին մէջ պահելով:

Հիմա՛, մենք, որպէս իրենց ժառանգորդները, մեր պարտականութիւնն է հոգալ եւ շարունակել անոնց սկսածը: Մեծ է մեր պարտականութիւնը այս աշխարհին վրայ, ուր մարդիկ շուտով կրնար օտարանալ եւ հոսանքին հետ երթալ: Հրաման չունինք միայն մեր անձերուն մասին մտածելու եւ հանգիստ ապրելու, այլ հետեւելու ենք մեր նախնիներուն` որպէս անհատ եւ ազգ:

 

 

Նախորդը

Քրմապետ Մը` Իմաստասիրութեան Մեհեանին Մէջ (Յիշելով Անմահանուն Դաստիարակ Շահան Ռ. Պէրպէրեանը)

Յաջորդը

Հարցազրոյց Երիտասարդ Արուեստագէտներու Հետ

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?