ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Հակառակութիւններու պիտի հանդիպիք ամսուան առաջին օրերուն: Բացասական զգացումներ ձեզ պիտի պատեն, բայց մի՛ յուսահատիք, համբերող եղէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Իրար մի՛ անցնիք ճնշումներու եւ պատասխանատուութիւններու դիմաց: Վստահեցէք ձեր ուժին եւ կարողութեան: Մի՛ ծուլանաք, աշխատասիրութեամբ կատարեցէք ձեր գործերը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Յարմար շրջան է` ծանօթութիւններ մշակելու: Համարձակ եղէք եւ միշտ ստուգեցէք տուեալները` նախքան որեւէ քայլի դիմելը: Ձեր ճիգերուն դիմաց պիտի վարձատրուիք եւ գնահատական ստանաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Բարոյական գետնի վրայ ճնշում պիտի զգաք: Պէտք չէ վիճաբանութիւններ յարուցէք ձեր շուրջիններուն հետ: Կրնաք հարցերը դիւանագիտօրէն լուծել` առանց վիրաւորանքներու:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Յաջող ուսումնասիրութիւն մը պիտի կատարէք ձեր ասպարէզին մէջ: Հանդարտ մնացէք ու մի՛ զայրանաք: Ձեր ուժը եւ կարողութիւնը մի՛ վատնէք աննշան հարցերու համար:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր նիւթական հարցերուն պիտի յաջողիք լուծումներ գտնել: Դասաւորեցէք ձեր մուրհակները` խուսափելու համար իրարանցումէ: Ձեր նախասիրութիւններուն պէտք է ժամանակ տաք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ ամսուան առաջին օրերուն: Պէտք է հետեւողականօրէն հետապնդէք ձեր մէկ ծրագրին իրագործումը, որպէսզի ձեր աշխատանքը չուշանայ: Համարձակ եւ առարկայական եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Հանդարտ ու խաղաղ շրջան մը պիտի ապրիք` հեռու հարցերէն եւ նեղութիւններէն: Նոր աշխատանքի մի՛ դիմէք այս շրջանին: Հրաւէր մը պիտի ստանաք եւ զայն պիտի մերժէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Դրական դեր պիտի խաղաք ձեր ընկերային շրջանակին մէջ: Առիթով մը ձեր ընկերներուն միջեւ ծագած հարցը պիտի լուծէք: Սննդականոնի հետեւեցէք եւ ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Աշխատեցէք ձեր լաւագոյնը տալ ձեր գործի ծիրին մէջ: Պէտք է ժամանակ տրամադրէք նաեւ ձեր ընտանիքին եւ մանաւանդ զաւակներուն: Հեռու մնացէք անհիմն դատողութիւններէն:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Կը փափաքիք ձեր շուրջիններուն ուշադրութիւնը գրաւել եւ բացասական մթնոլորտը ցրուել: Խնայողութիւն կատարեցէք, որպէսզի նիւթական նեղութեան մէջ չիյնաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր ծրագիրի յաջողութեան համար դուք պէտք ունիք ձեր ընկերներու զօրակցութեան: Թշնամական կեցուածք պէտք չէ որդեգրէք: Ձեր սպասած լուրը վերջապէս պիտի ստանաք: