Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը բաւարարեց Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանի խափանման միջոցը կալանքը ընտրելու միջնորդութիւնը: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` այս մասին դատական նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Խաչատրեանի պաշտպան Երեմ Սարգսեան:
«Դատարանը գտաւ, որ ձերբակալութիւնը ոչ իրաւաչափ էր, բայց գտաւ, որ կալանաւորելու հիմքերը բաւարար են», ըսաւ Սարգսեան:
Պաշտպանը նշեց, որ իրենք պիտի բողոքարկեն այս որոշումը:
Նշենք, որ Խաչատրեանի նկատմամբ կալանաւորումը իբրե խափանման միջոց ընտրելու միջնորդութիւնը ներկայացուցած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը: