Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բեկոր Աշոտի Մահուան 27-րդ Տարելիցի Նշում

August 26, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ամէն հայ պէտք է զգայ, որ առանց իրեն հայրենիքը կը փլի»: Այս խօսքերը կը պատկանին Արցախի Հանրապետութեան Ստեփանակերտի առաջին վաշտի հրամանատար, «Արցախի հերոս», «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր, ՀՅԴ անդամ Բեկոր Աշոտին (Աշոտ Ղուլեան, Ասկոլկա):

Արցախի հերոսի յիշատակի օրը` 24 օգոստոսին, Ստեփանակերտի մէջ  տեղադրուած անոր յուշարձանին մօտ իրենց յարգանքի տուրքը  մատուցած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանապետ Լեւոն Մնացականեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, Բեկորի մարտական եւ կուսակցական ընկերները, ընտանիքի անդամները, անոր անունը կրող դպրոցի ուսուցիչները, աշակերտներ, մարզիկներ:

Ձեռնարկի ընթացքին կատարուած է Աշոտ Բեկորի յիշատակին Արցախի բռնցքամարտի ֆետերասիոնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած յուշամրցաշարքի բացումը: Յուշամրցաշարքին մասնակցեցան Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան աւելի քան 150 մարզիկներ:

Այս տարի կը լրանայ Բեկորի մահուան 27-ամեակը: Բեկորի այրի Նելլի Ղուլեան նշած է, որ այդ տխուր յիշատակի օրը իրենց համար մեծ սփոփանք է, որ իրենք մինակ չեն:

Աշոտ Ղուլեանի անունը կրող Ստեփանակերտի թիւ 2 դպրոցի ուսուցչուհի Կարինէ Դադայեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է Բեկորի ու անոր մարտընկերներուն օրինակով մատաղ սերունդը դաստիարակելը: «Անոնց կենդանի շունչը ամէն օր ոգի կու տայ հայ մանուկներուն եւ մեզի», ըսած է Կարինէ Դադայեան:

Աֆղանիստանի պատերազմի վեթերաններու միութեան նախագահ, ազատամարտիկ Վահրամ Ղահրամանեան իր ելոյթին մէջ նշած է, որ Աշոտ Ղուլեան արժէքը կը ներկայացնէ մեր անցած ամբողջ մարտական ուղին, կ՛ամբողջացնէ յաղթանակի ճամբան. «Աշոտ Ղուլեանը բոլորիս մտապատկերին մէջ մնացած է նոյն ժպտերես, ծաղկուն դէմքով տղան, մենք կը մեծնանք, կը ծերանանք, բայց ինք մեր բոլորին մտապատկերին մէջ կը մնայ նոյնը»:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն  մէկուն սարկաւագը` գնդերէց Մանաւազդ սարկաւագ Մկրտչեան անդրադարձած է Բեկորի մարդկային բարձր տեսակին.

«Բեկորը եւ անոր նմանները զոհեցին ամէնէն սուղը` յանուն այն հայրենիքին, որուն մէջ այսօր մենք կ՛ապրինք: Աշոտ Ղուլեան իր կեանքը բեկորներու բաժնեց ու նուիրեց մեզի եւ անոր բեկորները այսօր անթեղուած են բոլորիս սրտերուն ու հոգիներուն մէջ եւ կ՛արտայայտուին մեր գործերու տեսքով»:

 

Նախորդը

Հարաւային Արուարձանները Ականահարումի Թիրախ` Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարքերու Կողմէ. Սէյիտ Նասրալլա. «Սահմանին Կանգնած Իսրայէլացի Զինուորները Այս Գիշերուընէ Սկսեալ Թող Անապահով Վիճակի Մէջ Ըլլան Եւ Սպասեն Մեզի»

Յաջորդը

Յանուն Ամուլսարի Փրկութեան Երթ` Երեւանի Կեդրոնին Մէջ

RelatedPosts

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն  Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան  Զինուորական Աջակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան Զինուորական Աջակցութիւնը

October 9, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ

October 9, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար  Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան  Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.