Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Արցախի Հետ, Արցախի Մէջ

August 23, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք Արցախը ծաղկեցնելու, անոր ճանաչման նպաստելու եւ խաղաղութեան պատգամը շեշտադրելու համահայկական ճիգերը նոր թափ ստացան:

Արցախի մէջ կազմակերպուած բանակումներ, Հայ դատի յանձնախումբերուն ջանքերով Արցախ ուղղուած օտարազգի քաղաքական գործիչներ, լրագրողներու համահայկական ժողով, ՀՅԴ Ընդհ. ժողով, ՀՅԴ-ի կազմակերպութեամբ «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորում եւ,  վերջապէս, Ստեփանակերտի մէջ Համահայկական 7-րդ մարզական խաղերու բացում: Այս բոլորը Արցախին ուղղուած համահայկական զօրակցութիւնը շեշտադրող քայլեր էին, որոնց մասնակցեցան բոլորը անխտիր` անկախ քաղաքական, գաղափարական կամ աշխարհագրական իրենց տարբերութիւններէն, որպէս համախումբ ուժ, որ պատրաստ է ամէն ձեւով նեցուկ կանգնելու Արցախին:

Համահայկական 7-րդ մարզական խաղերուն Արցախի մէջ բացման հանդիսաւոր արարողութեան խանդավառութեամբ հետեւեցաւ համայն հայութիւնը:

Արցախի մէջ նման համահայկական խաղերու կազմակերպումն ու աշխարհի չորս կողմերէն հարիւրաւոր հայ երիտասարդներու Արցախ ժամանումը հայկական Արցախը պահպանելու եւ զարգացնելու համահայկական խոստում մըն էր, որ դրական մթնոլորտ ստեղծելով մէկտեղ, Արցախի դերը շեշտադրող, Արցախ այցելութիւնը խթանող ու մարզանքի ճամբով խաղաղութեան պատգամ մը փոխանցող ազդակ մը հանդիսացաւ նաեւ:

Սա յստակ պատգամ մըն էր Արցախի թռիչքը կասեցնել փորձողներուն, թէ որքա՛ն ալ սպառնալիքներ տեղան քաղաքական բեմի վրայ, որքա՛ն ալ խոչընդոտներ սահմանուին Արցախ այցելութեան ու Արցախի ճանաչելիութեան սահմանափակման համար, աշխարհատարած հայութիւնը Արցախի կողքին է, անոր մէկ մասն է ու պայքարին ջահակիրը, եւ այս անգամ երեք ջահերով կը հասնի Ստեփանակերտ:

Երեք ջահերու բոցավառումը հայկական երեք խորհրդանշական վայրերու մէջ` Կիլիկիոյ Մուսա Լերան ստորոտին, Արարատեան դաշտի Խոր Վիրապին եւ Արցախի Տիգրանակերտի, սփիւռքը, հայրենիքն ու Արցախը խորհրդանշող դէմքերու ձեռամբ, համահայկական մեր տեսիլքին նկատմամբ հաւատքի դրսեւորում մը հանդիսացաւ` երիտասարդ մարզիկներուն պատմական մեր իրաւունքներուն տէր կանգնելու յստակ ուղերձ մը յղելով:

Միայն հպարտութեամբ կարելի էր դիտել այս համախմբումը, այս միասնութիւնը եւ հաւատալ, որ նման ձեռնարկներու առթած խանդավառութիւնն ու ուղղած արտաքին թէ ներքին պատգամները իրենց գործնական արձագանգը եւս կը գտնեն գետնի վրայ:

Հազարաւոր սփիւռքահայ երիտասարդներու այցելութիւնը Արցախ բնականաբար պիտի նպաստէ Արցախը իրողապէս ճանչնալու, անոր ապրած տագնապներն ու զարգացման հոլովոյթը շօշափելու: Փոխադարձաբար նաեւ Արցախի ու Հայաստանի մեր հայրենակիցները մրցումներու  շփումներու ընդմէջէն աւելի լաւ պիտի ճանչնան իւրաքանչիւր երկրէ ժամանած սփիւռքահայ երիտասարդները, անոնց տագնապներն ու առաւելութիւնները: Առանց այս մերձեցումներուն, միասնականութեան ուժը շօշափելու ընծայուած այս առիթներուն, հաւանաբար պիտի դանդաղի փոխազդեցութեան գործօններու ճշդումն ու օգտագործումը:

Միւս կողմէ` ճիշդ է, որ այստեղ մրցումներու արդիւնքներէն աւելի կարեւոր կը համարուին հայ մարզիկներու մէկտեղումը, փորձառութիւններու փոխանակումը, սակայն նոյնքան ցանկալի պիտի ըլլար, որ համահայկական մարզական կեանքն ալ օգտուէր այսպիսի ձեռնարկներէ` նոր մակարդակներ նուաճելու, մասնագիտացած հայ մարզիկներու փաղանգը ընդլայնելու եւ իւրաքանչիւր շրջանի մարզական կեանքին համար զարգացման նոր հորիզոններ բանալու:

«Գ.»

Նախորդը

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի. Եգիպտոսի Մարզական Նուաճումը

Յաջորդը

Արհեստագիտական Նորութիւններ

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.