Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերահսկիչ Թըրմոնտ Նեցուկ Կը Կանգնի Ուսումնական Ծրագիրին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթին Ներառումին

August 19, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունեց Քալիֆորնիա նահանգի Հանրային ուսմանց վերահսկիչ Թոնի Թըրմոնտի նեցուկը Հայոց ցեղասպանութեան ներառումին` Որակաւոր ուսման յանձնաժողովի ցեղային ուսուցմանց դասընթացքներուն մէջ:

«Կ՛ողջունենք վերահսկիչ Թըրմոնտի չորեքշաբթի օրուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կատարած յայտարարութիւնները` հայերուն անցեալը ցեղային ուսուցմանց դասընթացքներուն մէջ ներառելուն վերաբերեալ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոր` մեր մտահոգութիւնները լսելուն եւ անոնց լուծում գտնելուն համար: Քալիֆորնիոյ պատմութեան եւ ընկերաբանութեան ուսմանց շրջանակը յստակօրէն կը նշէ կարեւորութիւնը հրեաներու Ողջակիզման եւ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթերու դասաւանդման: Մենք յոյս ունինք եւ կը սպասենք, որ ցեղային գիտութեան դասընթացքը հիմնուած ըլլայ սոյն շրջագիծին վրայ: Մենք մեր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցները ի գործ պիտի դնենք` վստահ ըլլալու համար, որ նիւթը յարմարօրէն ներկայացուի», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ, փաստաբան Նորա Յովսէփեան:

Չորեքշաբթի օրուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, պատասխանելով Քալիֆորնիոյ հրէական օրէնսդիր յանձնաժողովի մտահոգութիւններուն, վերահսկիչ Թըրմոնտ ըսաւ. «Մեզի հետ կապ հաստատեցին շատ մը ուրիշ ցեղային խումբեր, որոնք կը կարծեն, որ իրենց պատմութիւններն ալ պէտք է պատմուին: Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելով` ես միայն ըսեմ` իբրեւ օրինակ, որ մենք լսեցինք հայ համայնքի եւ այլ համայնքներու ղեկավարները: Մինչ ցեղային ուսուցումը ունի պատմական շրջագիծ, մեր գործը պիտի ըլլայ ստեղծել ցեղային ուսմանց Քալիֆորնիոյ տարբերակը»:

Նշենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութիւնը եւ Հայ դատի յանձնախումբի ուսումնական յանձնախումբը նամակներ յղած էին Որակաւոր ուսման յանձնաժողովին ու Քալիֆորնիոյ Ուսումնական բաժանմունքին` յստակ առաջարկով` հայոց անցեալը ներառելու ցեղային ուսմանց ծրագիրի վերջնական տարբերակին մէջ:

 

Նախորդը

Փաշինեան. «Մեր Խնդիրն Է, Որ Ներդրուած Եւ Ծախսուած Ամէն Դրամի Դիմաց Ստացուի Շատ Արդիւնք»

Յաջորդը

Արծրուն Յովհաննիսեան. «Հայաստանի Զինուած Ուժերը Ռազմավարական Նշանակութեան Դիրքերու Վրայ Վերահսկողութիւն Հաստատած Են»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.