Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններուն միացեալ որոշումով Սուրիա ուղարկուած է Ռուս-հայկական մարդասիրական արձագանգման կեդրոնին կողմէ տրամադրուած հերթական մարդասիրական օգնութիւնը:
Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով` օգնութիւնը ուղարկուած է մարդասիրական արձագանգման կեդրոնի միջոցներուն հաշուոյն:
Մարդասիրական օգնութիւնը նախատեսուած է Սուրիոյ բնակչութեան համար, որ տուժած է զինուորական հարցերու պատճառով:
Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան 9 բեռնատարներու մէջ բեռցուած մարդասիրական օգնութիւնը ճանապարհած է դէպի Սուրիա:
Անիկա կը պարունակէ միսի պահածոյ` 52,5 թոն, ձուկի պահածոյ` 35 թոն, 40 թոն շաքար, ինչպէս նաեւ չոր օրապահիկ` մօտ 14,5 թոն կշիռքով:
Հայկական եւ ռուսական կողմերուն ներկայացուցիչները մարդասիրական օգնութիւնը պիտի յանձնեն Սուրիոյ Կարմիր մահիկի ներկայացուցչութեան, որուն միջոցով ալ պէտք է իրականացուի հետագայ բաշխումը: