Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիանա Աբգար` Ճափոնի Մէջ Հայաստանի Դեսպան

Օգոստոս 10, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Տիանա Աղաբէկ Աբգարեան, ծնած է 12 հոկտեմբեր 1859-ին, Ռանկուն, Բրիտանական Պուրմա: Փոքր տարիքին իր ընտանիքին հետ հաստատուած է Կալկաթա, ուր հայկական աշխուժ գաղութ մը գոյութիւն ունեցած է: Ծնողքը եղած են պարսկահայ, հայրը` Նոր Ջուղա քաղաքէն, իսկ մայրը` Շիրազէն: Ան եղած է ընտանիքին 7 զաւակներէն ամէնէն փոքրը: Տիանա Աբգար իր նախնական ուսումը ստացած է Կալկաթայի Ս. Սանդուխտեան վարժարանի աղջկանց դպրոցին մէջ: Ան սահուն կը խօսէր հայերէն, անգլերէն, հինտու եւ ճափոներէն:

Տիանա Աբգար 1888-ին, 29 տարեկանին կ՛ամուսնանայ Աբգար Միքայէլ Աբգարի հետ, որուն մօր ընտանիքին արմատները Տիանայի մօր ծննդավայրէն էին:

Աբգար ընտանիքի անդամները մեծանուն առեւտրականներ եղած են հարաւային եւ Ծայրագոյն Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ:

1891-ին երիտասարդ զոյգը կը հաստատուի Ճափոնի Եոքոհամա քաղաքը ու կ՛ընդլայնէ ընտանեկան առեւտուրի գործունէութիւնը` հիմնելով արտածման ու ներածման ընկերութիւն մը: Տիանան կը զբաղի իր զաւակներուն դաստիարակութեամբ եւ նոյն ժամանակ կը սկսի գրելու: Յաջորդաբար լոյս կը տեսնեն անոր գրական եւ պատմագիտական 10 գիրքերը, որոնցմէ երեքը նուիրուած էին Հայաստանի ու հայութեան դէմ գործուած բռնութիւններուն, ջարդերուն եւ տեղահանութեան:

Տիանա Աբգար օտար շրջանակներու մէջ համարձակօրէն կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին ծանր վիճակը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, եւ իր ջանքերուն շնորհիւ է, որ Ճափոնը կ՛ըլլայ առաջին երկիրը, որ կը ճանչնայ Հայաստանի անկախութիւնը 1920-ին:

Գնահատելով Տիանա Աբգարի հայրենասիրական գործունէութիւնը` այդ օրերուն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանջանեան զայն կը նշանակէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ճափոնի դեսպան եւ Եոքոհամայի հիւպատոս: Ան մեծ ճիգ կը թափէ Հայաստանի նորաստեղծ հանրապետութեան ճանաչման համար ու կը յարգուի միջազգային դիւանագիտական շրջանակներու կողմէ: Սակայն ան չի բաւարարուիր. կը զբաղի նաեւ բարեսիրական գործունէութեամբ` օգնելով 1915-ի Ցեղասպանութենէն փրկուած գաղթականներուն:

Հայաստանի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Համօ Օհանջանեանի նամակը` ուղղուած Տիանա Աբգարին, 22 յուլիս 1920-ին.

«Արտաքին գործերի մինիստր,
Երեւան, 22 յուլիս 1920 թ.

Յարգելի՛ տիկին,

Ինձ լաւ յայտնի է, որ Ծայրագոյն Արեւելքում ոչ ոք չի գործել այնքան, ինչքան դուք` մեր նորածին հայրենիքի շահերը պաշտպանելու եւ մեր հայրենակիցների ծանր վիճակը թեթեւացնելու համար: Նոյնպէս ինձ յայտնի է, որ այդ հեռու վայրերում ոչ մի հայ չունի այնքան մեծ հեղինակութիւն տեղացիների եւ մեր հայրենակիցների մօտ, ինչպէս դուք, ուստի ես ձեզ նշանակում եմ Հայաստանի հիւպատոս Ճափոնում եւ յուսով եմ, որ չէք մերժի ստանձնել այդ ծանր պաշտօնը` յօգուտ մեր երիտասարդ հայրենիքի:

Սորա հետ միասին ուղարկւում է ձեզ համապատասխան հաւատարմագիր, վստահ եմ, որ ճափոնական կառավարութեան կողմից ոչ մէկ արգելքի չէք հանդիպիր ստանալու անհրաժեշտ Exequatur:

Ուղարկում ենք ձեզ արտաքին գործերի մինիստրութեան վերջին տեղեկագիրը, որից դուք կը ծանօթանաք Հայաստանի ներկայ վիճակի հետ: Կ՛օգտուենք ամէն մի դէպքից ձեզ միշտ տեղեկութիւններ տալու եւ խնդրում ենք մեզ նոյնպէս տեղեակ պահել Ծայրագոյն Արեւելքի կեանքին:

Ընդունեցէք սրտագին ողջոյններիս հաւաստիքը:

Մինիստր նախագահ եւ արտաքին գործերի մինիստր
ՀԱՄՕ ՕՀԱՆՋԱՆԵԱՆ

Տիկին Դիանա Աղաբէկ Աբգարին, Եոքոհամա»

Ինչպէս իր նախնիները, Տիանա «Անահիտ» Աբգարը եւս եղած է սփիւռքի երեխայ, թէ՛ իր նախահայրերը եւ թէ՛ անոր ամուսնոյն նախահայրերը եղած են 1605-ին Արաքս գետի ափին բռնի տեղահանուած եւ պատմական Ջուղայէն բռնի տեղահանուածներու շրջանակէն:

1920-ին ան արդէն հրատարակած էր Հայոց ցեղասպանութեան, միջազգային յարաբերութիւններու, անպատժելիութեան ազդեցութիւնը համաշխարհային գործերուն եւ համաշխարհային խաղաղութեան նուիրած ինը գիրքեր:

Տիանա Աբգար կը փորձէ հրաշքներ գործել` օգնելով աղքատ օտարներու դժուար վիճակներուն, յատկապէս երբ անոնց մէջ կանայք եւ երեխաներ կային:

Նոր կարգավիճակը կը ծանրացնէ Տիանա Աբգարի ճակատագիրը եւ իր պաշտօնը Ճափոնի կառավարական շրջանակներուն մէջ: Բացի դիւանագիտական պարտականութիւններէ` ան նպաստեց նաեւ հայ փախստականներու, որոնք հեռաւոր ափերուն, մասնաւորաբար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ապահով ապաստան գտան: Ան 20 դեկտեմբերի 1920-ին նամակով մը դիմած եւ տեղեկացուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին` հայկական տառապանքներուն մասին: Ան տեսնելով մեծ տէրութիւններու անպատասխանատու գործերը` առիթով մը  ըսած է. «Ես աւելի շատ կը վստահէի սատանային, քան` եւրոպական ուժերուն»:

Տիանա Աբգար իր հիւպատոսական պաշտօնէն կը դադրի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումով:

Տիանա Աբգարի հաւատքին եւ Հայ եկեղեցւոյ նուիրումը եղած է անսահման: 10 փետրուար 1920-ին Միացեալ Նահանգներու հայ հոգեւորականներուն ուղղուած նամակին մէջ ան կ՛ըսէ. «Հայ եկեղեցիի նման եկեղեցի չկայ` իր կենսական ոգիով եւ աղօթքի մխիթարութեամբ, ոչ ալ այն, ինչը  կարենայ ունենալ հայկական պատարագի ուրախալի զգացումը: Ես չեմ գիտեր` արդեօք կու գա՞յ այն օրը, որ հնարաւորութիւնը կ՛ունենամ ըլլալ իմ եկեղեցւոյ շեմին եւ ըլլալ զանգուածի մասնակից, իմ ականջները լսեն ու սփոփուին այդ աղօթքներով»:

Տիանա Աբգարը 67 տարեկանին կ՛ունենայ զանազան ֆիզիքական դժուարութիւններ, վերջնական հարուածը կ՛ըլլայ 8 յուլիս 1937-ին, երբ Տիանա Աբգարը կը փակէ իր աչքերը 10 յուլիս 1937-ին: Եոքոհամայի միութեան եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած էր հսկայական բազմութիւն մը` հրաժեշտ տալու իրենց համայնքի միակ գործիչին, որ 46 տարիներու ընթացքին ծառայած եւ ապրած է արժանապատուութեամբ: Թաղման արարողութեան ընթացքին Rev. Schenk կը խօսի Տիանա Աբգարի մասին` ըսելով. «Յիսուս Քրիստոսի լաւ զինուոր, պահապան, ուժեղ, խիզախ եւ հաւատարիմ` իր համոզումներուն»: Տիանա Աբգարը կը թաղուի Եոքոհամայի օտարերկրացիներու գերեզմանոցը, ամուսնոյն կողքին: Անոր գերեզմանաքարը փորագրուած է պարզ բառերով եւ կը վայելէ անոր կեանքն ու հաւատքը` «Երկրի ստուերից դուրս, երկնային Հօր օրուան: Մենք սիրեցինք նրան, բայց Աստուած սիրում էր իր լաւագոյնը»:

Անոր դամբանին այժմ հոգ կը տանին Թոքիոյի հայ-ճափոնական բարեկամութեան   ընկերակցութիւնը:

Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. կաթողիկոսը, ըստ արժանւոյն գնահատելով Տիանա Աբգարի գործունէութիւնը, 1926-ին անոր յատուկ կոնդակ կ՛ուղարկէ հայ ժողովուրդի շահերուն ծառայելուն եւ դժուար պահերուն անոր կողքին ըլլալուն համար:

 

 

Նախորդը

Ա. Աշխարհամարտի Տարիներուն Հայ Եւ Թուրք Ռազմագերիները Պահուած Են Հնդկաստանի Եւ Պիրմայի Մէջ

Յաջորդը

Գեղանկարը Մկրատով Կը Կիսեն Պատին Յարմարցնելու Համար

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?