Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ա. Աշխարհամարտի Տարիներուն Հայ Եւ Թուրք Ռազմագերիները Պահուած Են Հնդկաստանի Եւ Պիրմայի Մէջ

August 10, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի

հրատարակիչ եւ խմբագիր

Օսմանեան կայսրութիւնը Ա. Համաշխարհային պատերազմի մէջ մտաւ իբրեւ Գերմանիոյ կողմնակից` ընդդէմ Ֆրանսայի, Միացեալ Թագաւորութեան, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ քանի մը այլ երկիրներու:

2,6 միլիոն օսմանցի զինուորներէն 250 հազարը գերեվարուեցան Դաշնակից տէրութիւններու կողմէ` իբրեւ ռազմագերիներ: Գերութեան մէջ տասնեակ հազարաւորները անոնցմէ մահացան հիւանդութիւններու, սովի եւ կլիմայական ծանր պայմաններու պատճառով: Օսմանցի զինուորներուն մեծ մասը թուրքեր էին, բայց կային նաեւ` քիչ թիւով հայեր, ասորիներ, յոյներ, հրեաներ, լազեր, չերքեզներ եւ արաբներ: Հայ զինուորներու մեծ մասը զինաթափուած էր, սպաննուած կամ հարկադրաբար աշխատած` բանուորական գումարտակներու մէջ: Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն մօտաւորապէս կէս միլիոն օսմանցի զինուորներ լքած էին բանակը:

Դոկտ. Համիտ Հուսէյն Փաքիստանի «Defense Journal» ամսագրին մէջ տպագրած է  հետաքրքրաշարժ պատմութիւն մը Իրաքի մէջ գերեվարուած օսմանցի ռազմագերիներու ճակատագիրին մասին. այդ ռազմագերիները աւելի ուշ ուղարկած էին Հնդկաստան եւ Պիրմա (ներկայիս` Միանմար): Այդ օրերուն Պիրման Հնդկաստանի մէկ մասն էր, մինչեւ 1937-ի անջատումը:

Ամէնէն մեծ թիւով թուրք ռազմագերիներ պատանդ տարուած էին բրիտանացիներու կողմէ եւ պահուած էին Կիպրոսի, Եգիպտոսի եւ Մալթայի մէջ, բացի Իրաքէն, Հնդկաստանէն եւ Պիրմայէն: Ռուսիա, Ֆրանսա, Ռումանիա եւ Իտալիա նոյնպէս ունէին մեծ թիւով թուրք ռազմագերիներ:

Դոկտ. Հուսէյն գրած է, որ բրիտանացիներու կողմէ Իրաքի մէջ պատանդ վերցուած թուրք ռազմագերիները սկիզբը պահած են Պասրայի երկու ճամբարներու մէջ, առաջինը  մեկուսացման ճամբար` քարանթինի մէջ պահելով հիւանդ ռազմագերիները եւ երկրորդը` դիտորդական ճամբար: Սովորաբար ռազմագերիները 2-4 շաբաթ մնացած են դիտորդական ճամբար` նախքան Հնդկաստան եւ Պիրմա տեղափոխումը: Զանոնք նաւերով տեղափոխած են Քարաչի եւ Պոմպէյ, իսկ այնուհետեւ` երկաթուղիով Հնդկաստանի երկու ճամբարներ: Պելարիոյ մէջ ռազմագերիներուն մեծ մասը ազգութեամբ ցեղային թուրքեր էին, մինչդեռ Սումերփուրի [3336] ռազմագերիներուն մեծ մասը ոչ թուրքեր էին (արաբներ, քրիստոնեաներ եւ հրեաներ):

Հետաքրքրական է` դոկտ. Հուսէյն բացայայտած է, որ Սումերփուրի ճամբարին մէջ «երկու հայեր, որոնք սահուն կերպով կը տիրապետէին անգլերէնի, ֆրանսերէնի եւ արաբերէնի, աշխատած են իբրեւ թարգմանիչներ: Մահմետականները աղօթած են ճամբարի փոքրիկ մզկիթին մէջ: Վանական ֆրանսացի մը պարբերաբար եկած է ճամբար պատարագելու` ճամբարի կաթողիկէ քրիստոնեաներուն համար: Գահիրէի հայոց եպիսկոպոս Թորգոմ Գուշագեանը այցելած է ճամբար 1916-ին, Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ:

Դոկտ. Հուսէյն նաեւ տեղեկացուցած է, որ Հնդկաստանի Պելարի քաղաքը գտնուող ռազմագերիներու ճամբարին մէջ կը պահուէին ընդամէնը 137 օսմանցի ռազմագերիներ, գրեթէ բոլորը` սպաներ: Հետագային աւելի շատ բանտարկեալներ բերուեցան հոն: «Թուրք սպաները ռազմական բարեփոխումներու արդիւնք էին եւ աշխարհիկ` մտահորիզոնով: Շատերը պարբերաբար կ՛օգտագործէին ոգելից ըմպելի, ինչ որ արգիլուած էր մահմետականներուն: Անհրաժեշտ էր բժիշկի կարգադրութիւնը, եւ սպան կրնար գնել ամսական երեք շիշ խմիչք: Ուիսքին եւ կազով ջուրը սիրուած էին սպաներու կողմէ: Հոս մահացած որոշ ռազմագերիներ թաղուած էին ճամբարէն դուրս: Գերեզմաններուն մեծ մասը վերցուած է ռազմական օդակայանի ընդարձակման ընթացքին: 1997-ին Թուրքիոյ կառավարութիւնը յուշարձան կանգնեցուց ճամբարի տարածքին մէջ եւ վերականգնեց մնացած երկու գերեզմանները»:

Պիրմայի Թայեթմիօ քաղաքը գտնուող ճամբարին մէջ «կային 3591 օսմանցի ռազմագերիներ, որոնց մեծ մասը թուրքեր էին, սակայն կային նաեւ` հայեր, սուրիացի քրիստոնեաներ եւ հրեաներ: Ռանկունի մահմետական, հայկական եւ հրէական կրօնական համայնքները նուէրներ կ՛ուղարկէին իրենց հաւատակից ռազմագերիներուն», գրած է դոկտ. Հուսէյն:

Հետաքրքրական է, որ` «բրիտանական ճամբարին վարիչը մզկիթ կառուցելու խորհուրդ տուած է թուրք սպաներուն, սակայն Սուպի պէյ, որ նշանակալից ազդեցութիւն ունէր բանտարկեալներու շրջանակին մէջ, դէմ եղած է առաջարկին` կրօնական նկատառումներով: Ան յայտարարած էր, որ երբ ռազմագերիները հեռանան, մզկիթը լքուած կ՛ըլլայ, իսկ այդ մէկը չի թոյլատրուիր կրօնական կանոններով», արձանագրած է դոկտ. Հուսէյն:

Պիրմայի Մէյիքթիլ քաղաքի ճամբարին մէջ կը գտնուէին շուրջ 10 հազար օսմանցի ռազմագերիներ: «Բանտարկեալներուն մեծ մասը օրը կ՛անցընէր պարապ նստած եւ խաղաթուղթ կամ նարտի խաղալով: Օսմանցի կարգ մը ռազմագերիները կ՛օգտագործէին իբրեւ աշխատողներ` ծխախոտի մշակման վայրերու մէջ, ամբարտակ փորելու եւ Շանի երկաթուղին կառուցելու համար», կ՛աւելցնէ դոկտ. Հուսէյն:

Պիրմայի երկու ճամբարներուն մէջ մահացած է մօտաւորապէս հազար օսմանցի ռազմագերի: «2012-ին յարաբերութիւնները Միանմարի եւ Թուրքիոյ միջեւ բարելաւուած էին, եւ երկու կառավարութիւնները համաձայնած էին վերականգնելու գերեզմանատուները: Թայեթմիոյի գերեզմանատունը վերականգնուած էր թրքական հովանաւորութեամբ, եւ աշխատանքները աւարտած էին 2016-ին», կը յայտնէ դոկտ. Հուսէյն: Այսուամենայնիւ, Պիրմայի մէջ հակաիսլամական տրամադրութիւններու պատճառով կեղծ  լուրեր տարածուեցան այն մասին, որ մզկիթ կը կառուցուի` «հին եւ քանդուած գերեզմանոցը վերականգնելէ բացի, ուր Մէյիքթիլայի մէջ թաղուած են օսմանցի ռազմագերիները… Թուրքիոյ  կառավարութիւնը համաձայն էր վերականգնելու գերեզմանատունը, սակայն մզկիթ կառուցելու ծրագիր չկար: Այս լուրը յանգեցուց հակաիսլամական բռնութիւններու, եւ գերեզմանոցը վերականգնելու  ծրագիրը յետաձգուեցաւ… Գերեզմանոցները թալանուեցան Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն, իսկ 70 տարիներու լքուած վիճակը ջնջեց անցեալի հետքերուն մեծ մասը: Տարիներու ընթացքին տեղւոյն մահմետականները հաւաքեցին  մօտաւորապէս 200 գերեզմանաքարեր եւ զանոնք տեղափոխեցին տեղւոյն մզկիթին բակը: 2013-ին Թուրքիոյ կառավարութիւնը նախատեսեց նաեւ վերականգնել ռազմագերիներու գերեզմանատունը Սումերփուրի մէջ [Հնդկաստան], որ ունէր մօտաւորապէս 149 գերեզման: Այս շրջանը հպարտ «արքայազուն»-ներու (Rajput) կեդրոնն է. անոնք Ա. եւ Բ. աշխարհամարտերուն կռուած էին բրիտանացիներու կողքին: Տեղացիներէն ոմանք բողոքած էին վերականգնման նախագիծին դէմ` պնդելով, որ «ռաճփութ»-ներու յուշահամալիր չկայ, անոնք կռուած են ամբողջ աշխարհի մէջ, մինչդեռ կը նախատեսուի յուշարձան կառուցել օտարերկրացի զինուորներու համար»:

Շատ ցաւալի է իմանալ, որ օսմանեան բանակին մէջ գտնուող հայ զինուորները Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն գերեվարուած եւ պահուած են Հնդկաստանի եւ Պիրմայի մէջ: Անոնք խուսափած են մէկ աղէտէ` յայտնուելով մէկ այլ արհաւիրքի` գերութեան մէջ: Անոնցմէ շատեր մահացած եւ թաղուած են այդ հեռաւոր երկիրներուն մէջ:

Հայ, թուրք եւ այլ ցեղային խումբերու զինուորները ահաւոր չափով վնաս կրած են երիտթրքական «խունթա»-ի անխոհեմ որոշումներուն պատճառով` Ա. Աշխարհամարտի մէջ մտնելով իբրեւ Գերմանիոյ դաշնակից եւ մահուան դատապարտելով միլիոնաւոր հայեր, ասորիներ եւ յոյներ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Արեւը` Մարդկային Մարմնին Բարեկամը (Բ. Մաս)

Յաջորդը

Տիանա Աբգար` Ճափոնի Մէջ Հայաստանի Դեսպան

RelatedPosts

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.