Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխան Սաղաթէլեան. «Կառավարման Ճիշդ Տարբերակը Խորհրդարանական Համակարգն Է»

Օգոստոս 9, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Փաստինֆօ»-ի լրագրող Սոնա Գէորգեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, թէ սահմանադրական բարեփոխումներ կատարելու պարագային, նախ եւ առաջ, պէտք է վերացնել «սուփըրվարչապետական հաստատութիւն»-ը:

Յայտնենք, որ 6 օգոստոսին Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած էր, որ կը պատրաստուի կազմել յատուկ խումբ` Սահմանադրական բարեփոխումներու նպատակով. խումբին կազմաւորումը կը նախատեսուի մինչեւ 2020 թուականի փետրուար:

«Չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ կը պատրաստեն փոխելու, բայց արդարադատութեան նախարարութեան մօտ կարծես թէ բնաւորութիւն է` բան մը կ՛ընեն, յետոյ կը յայտարարեն, որ ըրած են` առանց զանգուածային քննարկումի», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ այս փոփոխութիւններուն նպատակը նաեւ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին հանգուցալուծում տալն է, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը ըսաւ. «Չեմ բացառեր, բայց, քանի որ չեմ գիտեր` ի՛նչ փոփոխութիւններու մասին է խօսքը, իրենք ալ չեն ըսած, յստակ չեմ կրնար պատասխանել»:

Սաղաթէլեան նշեց, որ եթէ իշխանութիւնները կ՛ուզեն վերադարձնել նախագահական համակարգը, ապա Դաշնակցութիւնը ամբողջութեամբ դէմ է, որովհետեւ կը կարծէ, թէ կառավարման ճիշդ տարբերակը խորհրդարանական համակարգն է, եւ իրենք 25-30 տարի պայքարած են անոր համար: «Իսկ, եթէ կ՛ուզեն վերադառնալ հինին, մենք պիտի պայքարինք անոր դէմ: Միւս մտադրութիւններուն կ՛արձագանգենք, երբ գիտնանք ի՛նչ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին: Ամէն պարագայի, մենք անտարբեր պիտի չըլլանք, աշխուժ մասնակցութիւն պիտի ունենանք այդ հոլովոյթին մէջ, որովհետեւ ատիկա մեզի համար շատ կարեւոր է:

«Սահմանադրութիւնը խաղալիք չէ, որ իրենց անձնական շահերը բաւարարելու համար ո՛ր յօդուածը որ իրենց յարիր չէ փոխեն, ատիկա մեզի համար անընդունելի է», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Նախորդը

Բակօ Սահակեան Ընդունեց Պուլկարացի Երեսփոխաններ

Յաջորդը

«Ռուսիան Եւ Թուրքիան Իտլիպի Մէջ Մեծ Ողբերգութիւն Կանխարգիլեցին» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?