
Ամերիկեան «Ռատիօ Սաուա» ձայնասփիւռի կայանը ականատեսներ վկայակոչելով հաղորդեց, որ մինչ մեծամասնութեամբ իսլամներով բնակուած հիւսիսային Նիկերիայէն հարիւրաւոր անձեր փախուստի կը դիմեն, շրջանին մէջ քրիստոնեաներուն պատկանող խանութներ հրկիզուած են:
Շրջանի բնակիչներ եւ ոստիկանութիւնը յայտնեցին, որ կիրակի-երկուշաբթի գիշեր Փութիսքոմ քաղաքին մէջ քրիստոնեաներուն պատկանող երեսուն խանութներ, ինչպէս նաեւ առեւտրական համալիր մը եւ քրիստոնեայ տեղական ղեկավարի մը բնակարանը հրկիզուած են: Ոստիկանութիւնը չէ յաջողած ձերբակալութիւններ կատարել:
Նիկերիոյ նախագահ Կուտլաք Ճոնսըն յարգանքի տուրք մատուցեց կաթողիկէ Ս. Ծնունդի օրը եկեղեցիներու ականահարման 40 զոհերուն` խոստանալով յանցագործները արդարադատութեան յանձնել: Ան քրիստոնեայ է եւ երկրին հարաւէն:
Զոհերուն մեծամասնութիւնը արձանագրուեցան մայրաքաղաք Ապուճայի մօտ գտնուող Ս. Թերեզա կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, որուն մօտ ական մը պայթեցաւ:
Յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնած է իսլամական Պոքօ Հարամ խմբակը, որուն նպատակն է Նիկերիոյ մէջ իսլամական օրէնք հաստատել, եւ գոյութիւն ունին մտավախութիւններ, որ նշեալ խմբակը կը ջանայ համայնքային պատերազմ հրահրել:
Ականահարումները միջազգային դատապարտումի արժանացան:


