Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԿԵՐՊՈՎ ՆՇԵՑ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ

December 27, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 25 դեկտեմբերին, Լիբանանի Հայ կաթողիկէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Ս. Ծննդեան տօնը: Պէյրութի Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագին հանդիսապետեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը` հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը հաւատացեալներուն ուղղած իր պատգամին մէջ ի միջի այլոց նշեց.

«Հարցնող մը կրնայ ըսել. ուրախանալու համար պատճառ կա՞յ: Անշո՛ւշտ թէ կայ, որովհետեւ եթէ Յիսուս աշխարհ եկած չըլլար եւ մարդկութիւնը փրկած չըլլար իր մահուամբ ու հրաշափառ յարութեամբ, բոլոր մարդիկ չարին ու մեղքին ստրուկ պիտի մնային, եւ ամէն օր պիտի ենթարկուէին Սատանայի խաբէութիւններուն, իրարու վնաս պիտի հասցնէին եւ երջանկութիւնը բնաւ պիտի չվայելէին:

«Իսկ մեզի համար, Ծննդեան տօնը ամէն տարի կը նորոգէ մեր սրտին մէջ եւ քրիստոնեայ հասարակութեան համար ուրախ զգացումներ, որոնք կ՛իրականանան ամէն անգամ, որ մեզմէ մէկը բարիք մը ընէ եւ կամ բարիք մը ընդունի, ամէն անգամ, որ կը ներենք ուրիշներուն իրենց յանցանքները եւ կամ ուրախութիւն կը սփռենք մեր շուրջ: Այս ուրախութիւնը փոխանցիկ կը դառնայ մեր միջավայրին մէջ եւ մեր ծանօթներուն մօտ:

«Յիսուսին տուած ուրախութիւնը մարդկային ուրախութիւն մը չէ, որ անցողակի է, ինչպէս` զուարճանալ, հագուիլ, պտտիլ, դրամ շահիլ, այլ` Յիսուս մեզի կը շնորհէ մնայուն ուրախութիւն, զոր նոյնիսկ առօրեայ նեղութիւնները, անհանգստութիւնը կամ ձախողանքը չեն կրնար մեր սրտէն խլել: Որովհետեւ մեր ուրախութիւնը հիմնուած է հաւատքին վրայ, այսինքն` որ Յիսուս միշտ մեզի հետ է, մեզ կը սիրէ ու կը պահպանէ եւ մեզմով կ՛ուզէ մարդոց բարիք հասցնել եւ քրիստոնեայ հասարակութիւնը աւելի խաղաղ ու երջանիկ դարձնել»:

Ս. Ծննդեան եկեղեցական արարողութենէն ետք հոգեւոր տէրը եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց հաւատացեալներուն շնորհաւորութիւնները, ապա ան շարունակեց շնորհաւորութիւնները ընդունիլ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ՆԻԿԵՐԻՈՅ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.