Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Օգոստոս 1969)

Օգոստոս 3, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տերեւաթա՞փ…

Կը հարցնենք` տերեւաթա՞փ, բայց կը վարանինք պատասխանելու:

Հարցումը կասկած մըն է, հաստատում մը չէ: Յուսախաբութիւն մը չէ, բայց յոյս մըն ալ չէ:

Մեր հանգուցեալ բարեկամը` բանաստեղծ Արսէն Երկաթ գրեթէ ամէն օր կ՛այցելէր մեզի, «Յուսաբեր»-ի խմբագրատունը, եւ հոգեշահ զրոյց կ՛ունենայինք միասին` թէ՛ զինք եւ թէ՛ մեզ շահագրգռող հարցերու շուրջ:

Անգամ մը, ըստ երեւոյթին, դառնութեան կամ դժգոհութեան պահու մը, հարցուցած եղանք մեր բարեկամին:

– Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վերջը:

Այս բառը, «վերջը»` վախճանի կամ մահուան իմաստ չունէր անշուշտ: Պարզ էր, որ ամէնքս ալ նոյն վերջը, նոյն վախճանը պիտի ունենանք այս աշխարհին մէջ, ուր ափ մը հող պիտի ծածկէ մեր հողեղէն անօթը, իսկ միւսը` հոգեկան անօթը իր կայքը պիտի երթայ փնտռել երկինքի եօթը պարունակներէն մէկուն կամ միւսին մէջ:

Մեր բարեկամը պատասխանեց` չհասկնալ ձեւացնելով մեր հարցումին փոխաբերական իմաստը.

– Ամէնուս ալ վերջը Ամենայն Սրբոց գերեզմանատունն է:

Պարոն Լա Փալիս նոյն բանը պիտի ըսէր հաւանաբար, եթէ ողջ ըլլար… մեռնելէն քառորդ ժամ ետք:

– Կեանքը այսպէս պիտի շարունակուի,- բացատրեց Արսէն Երկաթ.- ամէն օր ետ պիտի երթանք` փոխանակ առաջ երթալու: Վաղը փնտռել պիտի երէկը, ինչպէս երէկը փնտռել կու տայ մօտաւոր կամ հեռաւոր անցեալը: Մեր լեզուն պիտի նահանջէ, մեր գրականութիւնը պիտի նահանջէ, մեր արուեստը պիտի նահանջէ: Հիներուն տեղ նորեր պիտի չհասնին, եւ հիները պիտի դառնան յուշ, առասպել կամ հեքիաթ: Ես յոյս չունիմ, որ մենք կրնանք նաւահանգիստ հասնիլ մեր փխրուն նաւակներով:

Արսէն Երկաթի այս յոռետես ենթադրութեանց մենք համաձայն չէինք այն ատեն: Վերջապէս կը մտածէինք, որ եթէ հայութեան մէկ մասը ետ կ՛երթայ յայսկոյս Արարատի, միւս մասը առաջ կ՛երթայ յայնկոյս Արարատի, գոնէ` արուեստի, լեզուի, գրականութեան մարզերուն մէջ: Մէկուն յետընթացը արգելք չէ միւսի յառաջընթացին:

Ետքէն, սակայն, տեսանք ու հաստատեցինք, որ մեկնողներուն տեղը պարապ կը մնայ, նորեր չեն գար լեցնելու այդ պարապը: Ուստի հետեւցուցինք, որ մեր «վերջը» այնքան ալ փայլուն չէ, ինչպէս կը կարծէինք մենք դժուար բացատրելի լաւատեսութեամբ:

Վերջին քառորդ դարուն անդարձ մեկնեցան մեր կեանքին ու գեղեցիկ դպրութեանց առաքեալներէն շատեր: Նիկոլ Աղբալեան մեռաւ, զայն փոխարինող մէկը չունեցանք: Լեւոն Շանթ հետեւեցաւ միւսին, ու կը հարցնենք հիմա, թէ ո՞ւր պէտք է փնտռել նոր Լեւոն Շանթ մը: Իրարու յաջորդեցին նաեւ ուրիշներ` Յակոբ Օշական, Լիպարիտ Նազարեան, Համօ Օհանջանեան, Գասպար Իփէկեան, Դրօ, Ռուբէն, Վ. Նաւասարդեան, Շաւարշ Միսաքեան, Ռուբէն Դարբինեան, Գուրգէն Մխիթարեան, Շաւարշ Նարդունի, Արսէն Երկաթ եւ վերջապէս` Սիմոն Վրացեան:

Ժառանգորդ ունեցա՞ն, զիրենք փոխարինող ունեցա՞ն, հիները փնտռել չտուողներ գտնուեցա՞ն: Արդեօք կան եւ մե՞նք չենք տեսներ:

Իջաւ ոչ միայն գրականութեան, այլեւ մեր թերթերուն ու հանդէսներուն մակարդակը, Թերթ ունինք, գրող չունինք, ինչպէս ատեն մը գրող ունէինք, թերթ չունէինք: Բան մը խախտած է Դանիոյ թագաւորութեան մէջ: Եւ Համլեթը, Համլեթները կանոն չեն, բացառութիւն են հիմա:

Ութ-տասը տարի առաջ, ամերիկահայ մեր բանիմաց ընկերներէն մէկուն հետ զրոյցի մը ընթացքին, խօսք դարձաւ նաեւ մեր հրապարակագրութեան եւ հրապարագիրներուն մասին: Յիշուեցաւ անունը գրողի մը, որ որոշ հմտութիւն ունէր եւ մօտէն տեղեակ էր պատմական դէպքերու:

– Այո՛,- ըսաւ մեր ամերիկահայ ընկերը,- հմտութիւն ունի, բայց ոգի չունի:

Պարզ է, որ ոգին աւելի կարեւոր է, քան` ուրիշ որեւէ առաւելութիւն` հանրային կեանքի մէջ` մանաւանդ: Տաղանդ ըսուածն ալ այդ ոգին է արդէն:

Եւ հիմա միայն կ՛անդրադառնանք, որ եթէ որոշ կէտերու մէջ մենք առաջ ենք մեր նախորդներէն, սակայն ոգիի ու ոգեկանութեան մէջ ետ ենք միշտ:

Նիկոլ Աղբալեան ոգի ունէր, Լեւոն Շանթ ոգի ունէր, Համօ Օհանջանեան ոգի ունէր: Ոգի ունէին նաեւ միւսները: Եւ այս ոգին է, որ զիրենք անփոխարինելի կը դարձնէ:

Ոգիով առաւելակշիռ էր մեր նորոգ հանգուցեալ ընկերը` Սիմոն Վրացեան:

Սակայն ոգին անփոխանցելի է, ինչպէս անփոխանցելի է ոճը: Նոյն բանը չենք կրնար ըսել գիտութեան կամ հմտութեան համար, որ անփոխանցելի չէ, փոխանցելի է: Որ նաեւ ուսանելի է, մինչ ոգին կամ ոճը ուսանելի չեն: Մարդիկ իրենց հետ կը բերեն ոգին ալ, ոճն ալ եւ իրենց հետ կ՛առնեն կը տանին:

Դարձեալ պիտի ըսենք, որ մեր դարը գիտութեան մէջ առաջ է բոլոր դարերէն, բայց ոգիի ու ոգեկանութեան մէջ յառաջընթացը կանգ առած է կարծես: Պատճառն ա՞յն է արդեօք, որ հիմա մեր փնտռածը ոգին չէ այնքան, որքան` գիտութիւնը:

Տերեւաթափը պիտի շարունակուի անշուշտ, աշխարհի օրէնքն է ասիկա: Հիմա մենք կը գտնուինք տարուան չորս եղանակներէն մէկուն մէջ. գարնա՞ն, թէ՞ ձմրան, ամրա՞ն, թէ՞ աշնան: Կը թուի, թէ կը բոլորենք կամ բոլորելու վրայ ենք ձմեռնամուտը, թերեւս` ձմեռնավերջը: Պիտի սպասենք յաջորդ եղանակին, մինչեւ որ հասնինք պտղատու եւ պտղառատ ամրան:

Բայց մեր ապրած շրջանը վերջ մը չէ, վախճան մը չէ, շիջում մը չէ. անցում մըն է մէկ եղանակէն միւսը: Կրնայ ըլլալ, որ անցման կէտին վրայ նոր տաղանդ մը յայտնուի, նոր ուղենիշ մը հաստատուի, նոր հանգրուան մը բացուի: Կրնայ նաեւ հակառակը պատահիլ կամ բնաւ չպատահիլ` ինչ բանի որ կը սպասենք, ինչ բանէ որ կը վախնանք:

Ներկայ  պայմանները շատ յոյս չեն ներշնչեր, որ մեր ակնկալութիւնները կրնան իրականութիւն դառնալ: Տկար մարդիկ պայմաններուն կը յարմարին, զօրաւորները իրե՛նք կը ստեղծեն պայմանները:

Մենք տկարներէն ենք մեր ճակատագրին իսկ բերումով: Տարագիր ու ցիրուցան, կարծես կորսնցուցած ենք խարիսխը: Կարծես կորսնցուցած ենք կողմնացոյցը: Մեր դատը կը դառնայ Քարաքասի եկեղեցիին ժամկոչ մը գտնելու շուրջ: «Այս թեմը էջմիածնակա՞ն է, թէ՞ անթիլիասական» ըսելու շուրջ:

Այս պայմաններուն մէջ դժուար է հայ ըլլալը: Այս պայմաններուն մէջ, ինչպէս կ՛ըսէր Ֆրանց Վերֆել, միայն հայը կրնայ հայ ըլլալ:

Չյուսահատինք սակայն: Տաղանդները, բացառիկ մարդիկը, բացառիկ արժէքները ամէն տարի չեն ծնիր: Եւ դար մը չէ անցած դեռ Եղիշէ Չարենցէն ասդին:

Բ. ԹԱՇԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Արեւը` Մարդկային Մարմնին Բարեկամը (Ա. Մաս)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?