Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (2 Օգոստոս 1969)

Օգոստոս 2, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սփիւռքի Գոյատեւումը
Եւ Հայրենի Գրողը

Պէյրութ լոյս տեսնող «Էջեր Գրականութեան եւ Արուեստի» պարբերականը թիւ մը նուիրած է սփիւռքի հայութեան գոյատեւման հարցին` հաւաքելով Հայաստանէն ղրկուած քասնմէկ գրողներու կարծիքները:

Շատ հետաքրքրական է գիտնալ իսկապէս, թէ ի՛նչ կը խորհին մեր հայրենի գրողները սփիւռքի հայութեան ապագան խնդրոյ առարկայ դարձնող թիւ 1 հարցի մասին:

Ծայրագոյն արեւմուտքէն մինչեւ Երեւան ամէն հայ կը փափաքի եւ կը մաղթէ, որ հայ գաղութները պահեն իրենց ազգային դիմագիծը, գոյատեւեն իբրեւ հայ եւ շարունակեն ապրիլ հայութեան իտէալներով: Այս ուղղութեամբ տարակարծութիւն չկայ: Սակայն ինչպէ՞ս իրագործել այս հրաշքը` յաղթահարելով օտար միջավայրերու եւ աւերիչ ժամանակի բոլոր արգելքները: Հայաստանի գրողները պատասխանած են ահա այս հարցումին:

Եթէ խտացնենք քսանմէկ ստորագրութիւններու տակ երեւցող պատասխանները, կը ստանանք երեք հիմնական առաջարկներ, որոնք գրեթէ բոլոր գրողներուն կողմէ կը համարուին հիմնական դարմանը մեր ցաւին:

Ա.- Սփիւռքը պէտք է սերտ կապ պահէ Խ. Հայաստանին հետ, որովհետեւ հայապահպանման հիմնական ազդակը մայր հայրենիքն է: Այս կապերն են, որ` «Արիւնատար անօթներ պիտի լինեն հայ ժողովուրդի բոլոր զանգուածների կեանքի եւ կենսունակութեան համար»:

Կապ ըսելով` միայն փոխադարձ այցելութիւնները պէտք չէ հասկնալ, այլ նաեւ գրական ու մշակութային ստեղծագործութիւններու փոխանակութիւն` լայն չափերու վրայ: Առաջարկողներ կան նոյնիսկ, որ սփիւռքի մէջ լոյս տեսնող լաւագոյն գիրքերը ազատ վաճառք ունենան Հայաստան, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Հայաստանի հրատարակութիւնները կը վաճառուին արտասահմանի գրախանութներուն մէջ:

Գեղեցի՜կ առաջարկ եւ օգտակար նախատեսութիւն: Դժբախտաբար, սակայն,  մինչեւ այսօր խօսքի սահմաններէն անդին չանցաւ այս ծրագիրը: Սփիւռքի գրական եւ մշակութային հարստութիւններուն հանդէպ մեր հայրենիքը կը շարունակէ պահել իր միակողմանի կեցուածքը: Որով` հայութեան հատուածներուն միջեւ հոգեւոր մշակոյթի ազատ ու սերտ հաղորդակցութեան ազդակը,

ազգապահպանման տեսակէտէն, չի խաղար այն ներզօր դերը, որ սպասելի էր:

Մշակութային կապերու սերտացումը, սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ, կը բախի տակաւին այլ արգելքներու, որոնց գլխաւորներէն մէկն է նոր ուղղագրութիւնը: Չխօսինք լեզուի տարբերութեան մասին: Արեւելահայերէնը խորթ չէ եղած բնաւ մեր ականջներուն եւ հոգիին, երբ կը կարդայինք Րաֆֆիներն ու Ահարոնեանները մեսրոպեան ուղղագրութեամբ եւ մեսրոպեան բառերով: Մինչեւ այսօր հայ ուսուցիչը կը զգուշանայ նորահաս պատանիին ձեռքը տալ Հայաստանէն եկած հրատարակութիւնները` ուղղագրական շփոթ չստեղծելու մտահոգութեամբ:

Ոչ մէկ կասկած ունինք հայրենի գրողներու սրտցաւ անկեղծութեան մասին, երբ անոնք կը բաղձան սփիւռքի եւ հայրենիքի հոգեկան կապերու ամրապնդումը: Կասկած չկայ նաեւ, որ սփիւռքի գոյատեւումը կը շահի այսպիսով: Սակայն պէտք է որ այդ կապերը հիմնուած ըլլան գրական ու մշակութային իրական արժէքներու արդար գնահատումին վրայ:

Բ.- Հայ մշակոյթի պահպանումը կը համարուի գոյատեւման երկրորդ էական ազդակը: Պահել հայ գիրը, հայ լեզուն, հայ դպրոցը եւ Հայ եկեղեցին ամէն գնով: Եթէ հայ մշակոյթը մնայ վառ ու կենդանի, մեր գաղութներն ալ կը մնան հայ` բանիւ ու գործով: Ու փոխադարձաբար: Հայրենի գրողները շեշտը կը դնեն առաւելաբար հայ լեզուին վրայ. «Չմոռանաս քո մայր լեզուն»: Լեզուն չմոռանալու գլխաւոր միջոցն ալ դպրոցն է բնականաբար: Ոմանք զարմացած են, թէ ինչո՞ւ միլիոնները կը ծախսուին եկեղեցիներ կանգնելու համար, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ դպրոցներու դրամ չի յատկացուիր:

Առարկութիւն չունինք: Քառասուն տարի է, միաձայն բարբառով, հանապազօրեայ աղօթքի պէս, սփիւռքի չորս անկիւններէն մենք եւս նոյն բանը կ՛ըսենք. պահել հայ մշակոյթը, հայերէն խօսիլ հայերէն երգել, հայերէն աղօթել: Այս ուղղութեամբ եղած են անհուն զոհողութիւններ` նիւթական եւ բարոյական գետնի վրայ: Եղած են եւ այսուհետեւ ալ պիտի ըլլան: Մեր բոլոր վարժարաններն ու հոգեւոր տուները հայ ժողովուրդի ճիգին, քրտինքին եւ զոհողութեան արդիւնքներն են: Ամէն մէկ գաղութ, սակայն,  քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական առանձնայատուկ պայմաններուն տէր է: Հայրենի գրողը հեռուէն դժուար կ՛ըմբռնէ անշուշտ, թէ ինչո՛ւ տեղ մը միայն եկեղեցի կը շինուի, ուրիշ տեղ հայ դպրոցը իր դերը չ՛արդիւնաւորեր, եւ այլ գաղութի մը մէջ մեր զաւակները ի սպառ կը մոռնան հայ լեզուն:

Ասոնք բոլորը մեր տան ամէնօրեայ ցաւերն են, որոնց լաւապէս հաղորդ ըլլալու համար պէտք է միասին ապրիլ:

Գ.- Իբրեւ երրորդ ազդակ` ցոյց կը տրուի յարատեւելու կամքը: «Կապ ու մշակոյթ վճռական արդիւնք չեն տայ, եթէ չլինի գոյատեւելու կամքը, հայ մնալու ներքին հրամայական պահանջը»:

Հոգեկան ուժերու գերազանց արդիւնքին անվերապահ հաւատացողներ ենք: Գիտենք նաեւ, որ այլասերումը կը սկսի այն վայրկեանէն, երբ ազգ մը զէնքերը վար կը դնէ եւ անձնատուր կ՛ըլլայ զինք շրջապատող ընկերային եւ քաղաքակրթական միջավայրին:

Ի՞նչ ընել սակայն, որ հայ մնալու սրբազան կրակը մշտարծարծ մնայ հոգիներուն մէջ: Ի՞նչպէս ընել, որ սփիւռքի հայութիւնը իր ամբողջութեան մէջ հզօր եւ անսասան պահէ գոյատեւելու եւ յաղթանակելու իր կամքը: Մնայ պատնէշին վրայ` վճռական եւ աննահանջ:

Հարցեր են ասոնք, որոնք միշտ պատասխանի կը սպասեն:

Մ. ԻՇԽԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Լեզուական Կատակերգութիւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?