Հայաստանը պիտի շարունակէ յարաբերութիւններ զարգացնել Ռուսիոյ, Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հետ, գերմանական «Մարշալ» հիմնադրամի աւագ փորձագէտ Ճոնաթան Քացին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան` յուլիսին Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին, կը յայտնէ «Ամերիկայի ձայն»-ը:
«Մեզի համար ամէնէն կարեւոր մարտահրաւէրն է, ամէնէն կարեւոր առաջնահերթութիւնը` յստակօրէն նշել, որ Հայաստանի «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը բացարձակապէս ներքին իրադարձութիւն էր», գերմանական «Մարշալ» հիմնադրամի կայքին մէջ հրապարակուած` Ճոնաթան Քացին տուած հարցազրոյցի մէջ նշած է նախարար Մնացականեան: Անոր համաձայն, պաշտօնական Երեւանը որեւէ ձեւով պիտի չվտանգէ «թաւշեայ յեղափոխութեան» ձեռքբերումներն ու խոստումները կտրուկ քայլերով արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ.
«Հայաստանի արտաքին քաղաքական օրակարգը կառուցուած է շատ նուրբ ձեւով, որպէսզի ազգային անվտանգութեան ճարտարապետութեան մէջ ներառուի համագործակցութիւնը մեր հիմնական գործընկերներուն` Ռուսիոյ, Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն հետ: Այնպէս որ, մենք արկածախնդիր չենք, որպէսզի վտանգենք մեր նաւը»:
Արտաքին գործոց նախարար Մնացականեանի համաձայն, ղարաբաղեան տագնապին լուծումով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան համագործակցութեան լաւ օրինակ է, հակառակ այլ ոլորտներու մէջ երկիրներուն միջեւ եղած լուրջ տարակարծութիւններուն: Հայաստանը հետաքրքրուած է շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման գործով, ըսած է Մնացականեանը ամերիկեան վերլուծաբանին` աւելցնելով. «Երբ դուն Հայաստանի նման կայունութեան կղզի ես, ատիկա ձեռնտու է բոլորին»:



