Ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիթանի գետի ապականումի հարցին լուծումը առաջնահերթութիւն է:
Ան նշեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիին ներկայացուցած է Լիթանիի ապականումին վերաբերող զարգացումները` աւելցնելով, որ այդ հարցը կրնայ ազգային աղէտի վերածուիլ, որովհետեւ այդ ապականումին հետեւանքները հսկայական են:
Անդրադառնալով Լեռնալիբանանի միջադէպին` Ապու Ֆաուր ըսաւ, որ իրենք տեղեկատուութեան մարզէն իմացած են, թէ այդ թղթածրարը փոխանցուած է Զինուորական ատեան: «Մենք Զինուորական ատեանին կը վստահինք, սակայն եթէ ոմանք կը մտածեն, թէ Լեռնալիբանանի միջադէպին թղթածրարը Զինուորական ատեանէն աւելի արագ կրնայ Արդարութեան խորհուրդ փոխանցուիլ, ապա անոնք կ՛երազեն»: