Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ. «Շրջանային Զարգացումներուն Պատասխանատուութիւնը Լիբանանին Պէտք Չէ Վերագրել»

July 24, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, Սալամ «Սի. Էն. Էն.»-ի հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց Արեւմուտքին, որ շրջանային զարգացումներուն պատասխանատուութիւնը Լիբանանին չվերագրէ:

Ան նշեց, որ Լիբանան չի կրնար հակակշռել Սուրիոյ տագնապին մէջ Հըզպալլայի միջամտութիւնը, որ տակաւին կը շարունակուի, հակառակ անոր որ լիբանանեան պետութիւնը յանձնառու կը մնայ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութեան:

Ան նշեց, որ Հըզպալլա աշխուժ մասնակցութիւն ունի Լիբանանի քաղաքական կեանքին, խորհրդարանին ու կառավարութեան աշխատանքներուն մէջ, եւ ան կը ներկայացնէ լիբանանցիներու մեծ համեմատութիւն մը, «բայց եւ այնպէս Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի միջամտութիւնը` Լիբանանի վրայ իր հետեւանքները կ՛ունենայ», ըսաւ Սալամ:

Նախկին վարչապետներուն Ռիատ այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Սալամ նշեց, որ այդ այցելութիւնը համադրուած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Ան յայտնեց, որ Լիբանանի նախկին երեք վարչապետները` ինք, Ֆուատ Սինիորան եւ Նեժիպ Միքաթին, սէուտցի պատասխանատուներուն ներկայացուցած են իրենց մտահոգութիւնը` շրջանային լարուած եւ անապահով կացութեան Լիբանանի վրայ ունեցած հետեւանքներուն նկատմամբ:

Սալամ հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա շրջանին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի` աւելցնելով, որ անոր կեցուածքները միշտ ի նպաստ Լիբանանի եղած են եւ զօրակցութիւն ապահոված երկրին, յատկապէս Թաէֆի համաձայնագիրին ընթացքին, երբ վերջ դրուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին:

Շրջանին մէջ Իրանի դերակատարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Սալամ նշեց, որ շրջանին մէջ Իրան ազատ համարձակ կը վարուի` աւելցնելով, որ իրեն համար անորոշ է, թէ այդ վարուելակերպը ինչի՛ կրնայ յանգեցնել:

 

Նախորդը

Արսլան Ուահապի Հետ Քննարկեց Քապըր Շմունի Միջադէպին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Ապու Ֆաուր. «Ո՛վ Որ Կը Մտածէ, Թէ Լեռնալիբանանի Միջադէպին Թղթածրարը Զինուորական Ատեանէն Աւելի Արագ Կրնայ Արդարութեան Խորհուրդ Փոխանցուիլ, Կ՛երազէ»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.