Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ներքին Տեղահանուածներու Գրասենեակը Կը Նշէ. «Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցները Խեղաթիւրուած Ձեւով Ներկայացուցած Են ՄԱԿ-ի Յատուկ Զեկուցողի Յայտարարութիւնները»

July 20, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Թերթ» կայքը հարցում ուղղած է ՄԱԿ-ի Ներքին տեղահանուածներու մարդու իրաւունքներու հարցերով զեկուցող Սեսիլիա Հիմենես-Տեմերային` հասկնալու համար, թէ արդեօք իրականութեան կը համապատասխանէ՞ ազրպէյճանական լրատու գործակալութիւններու հրապարակած այն տեղեկութիւնը, թէ ան իր խօսքին մէջ Հայաստանը մեղադրած է «Ազրպէյճանի տարածքները գրաւելու յանցանքով»:

Հարցումին պատասխանած են ՄԱԿ-ի Ներքին տեղահանուածներու գրասենեակէն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ յատուկ զեկուցողը ե՞րբ պիտի այցելէ Հարաւային Կովկաս, գրասենեակը յայտնած է. «2019-ին եւ 2020-ին Հարաւային Կովկաս ոչ պաշտօնական որեւէ այցելութիւն չենք նախատեսած»:

Իսկ «շարք մը ազրպէյճանական լրատու գործակալութիւններ ներկայացուցած են, որ տիկին Հիմենես-Տեմերան վերջերս մասնակցած է Ժընեւի մէջ ազրպէյճանական առաքելութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին, որուն ընթացքին յատուկ զեկուցողը Հայաստանը մեղադրած է «Ազրպէյճանի տարածքները բռնագրաւելու» յանցանքով: Այդ հրապարակումները որքանո՞վ կ՛արտայայտեն տիկին Հիմենես-Տեմերայի կարծիքը» հարցումին գրասենեակը պատասխանած է.

«Յատուկ զեկուցողը ծանուցագիր ստացած է 1 յուլիս 2019-ին Ժընեւի մէջ զուգահեռ ընթացող Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին իր մասնակցութեան վերաբերեալ հրապարակումներու մասին, ուր նշուած եղած է, որ անոնք ճշգրիտ կերպով չեն ներկայացուցած ձեռնարկի ժամանակ իր կատարած յայտարարութիւնները: Մենք կրնանք հաստատել, որ այդ յօդուածներուն մէջ նշուած վերնագիրներն ու յայտարարութիւնները Յատուկ զեկուցողի միջամտութիւնը կը ներկայացնեն խեղաթիւրուած ձեւով: Ան ձեռնարկին այդպիսի յայտարարութիւններ չէ կատարած:

«Լրատուական գործակալութիւնները անճշդութիւններուն մասին տեղեկացուած են թէ՛ Յատուկ զեկուցողի գրասենեակին, թէ՛ ալ ձեռնարկի կազմակերպիչներուն կողմէ, որմէ ետք ալ սրբագրուած է այդ յայտարարութիւններու վերագրումը»:

 

Նախորդը

Խորհրդարանը 83 Թեր Քուէներով Վաւերացուց 2019-ի Պետական Ամավարկը

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Մէջ Իրանի Դեսպանատան Առջեւ Բողոքի Ցոյց` Ընդդէմ Իրան-Հայաստան Զինուորական Գործակցութեան

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.