Խե՜ղճ Լուսին…
Այսօր կը մեռնի՛ս դուն:
Ու վերջին շունչդ կ՛ըլլայ բոցարծարծ միջոց` կրակի տրուած հազարաւոր քերթողագրքի, որոնք կը խօսէին քու մասիդ` որպէս սիրահարներու բարեկամի, որպէս տխրութեան բաժնեկցի:
Խե՜ղճ լուսին:
Հեռաւոր ամէն բանի պէս որքան սիրուն էիր, որքան առինքնող, որքան գեղեցիկ, քնքուշ, բարի, քիչ մը լալկան, շատ թաւշային, բաւական խորհրդածութեան հրաւիրող:
Այսօրուընէ սկսեալ դուն դուն չես դուն հո՛ղ ես, տարրալուծարանի հետաքրքրութի՛ւն ես, հարստութեան ա՛կ ես թերեւս, հիւանդութեան բոյն ես, ով գիտէ` ամէ՛ն ինչ ես, բայց, բայց այլեւս դուն դուն չես:
Անկումդ մարդուն մեծութեան փաստը պիտի ըլլայ:
Մինչ դաշտին վրայ քանի մը մեթրէն ֆութպոլիստներ չեն կրնար քառանկիւնէն ներս տեղաւորել գնդակը, աշխարհ ականատես պիտի ըլլայ, թէ ինչպէ՛ս գիտնականները այսքան միլիոն մեթր հեռաւորութենէն արձակուած հրթիռով կրնան կո՛լ ընել, խորհրդաւորութեան ժամանակաւո՛ր բերդապահ:
Մահդ, սակայն որ միայն քու մահդ չէ. քեզի հետ որքա՜ն բան պիտի մեռնի, արդէն մեռնիլ սկսած է այն օրէն ի վեր, երբ սկսաւ հոգեվարքդ. այսինքն` այն օրէն ի վեր, երբ աշխարհի մեծերը մրցումը սկսած յայտարարեցին քեզ ունենալու համար:
Մեռաւ ռոմանթիկ գրողը, վերջինը, մեռաւ ու կը մեռնի տակաւ խորհուրդը քեզի կապուած, մեռաւ ու կը մեռնի տակաւ յոյսը, քնքուշութիւնը, լուսի՛ն:
Մահդ խեղճո՛ւկ քիչ մը աւելի պիտի խեղճացնէ մարդը:
Խորհուրդի դրօշդ բզիկ-բզիկ եղած` տեղի պիտի տայ միւսին, որ կը կրէ մարդու փառատենչութեան կնիքը:
Խե՜ղճ լուսին:
Մահովդ քիչ մը Մարդն է, որ կը վերածնի. ճիւղակե՞րպ. ո՛վ գիտէ, կամ`
Մահովդ քիչ մը մարդկայնականութիւնն է, որ կ՛անցնի վերջին հոգեվարքին:
Երբ առաջին մարդը ոտք դնէ կողիդ, արդէն լուսին ըլլալէ կը դադրիս, լուսի՛ն:
Կը մեռնի՛ս դուն: Ա՜յ, չմեռնէի՛ր լուսին…
Ե. Ե.
Հայու Անուն Լուսնին Վրայ
Երբ «Ափոլլօ 11» լուսին հասնի, հրթիռի երկրորդ բաժանմունքին մէջ, ուր հաստատուած է լուսնային կառքը (մոտիւլ լիւներ), գիտական նուրբ եւ զգայուն գործիք մը` յղացուած եւ շինուած ADL-ի մասնագէտներուն կողմէ, կայք պիտի հաստատէ լուսնի վրայ: Այս գործիքը կը կոչուի Laser Ranging Retro Reflector Arry (LRRRA) եւ կը կշռէ 65 լիպրա:
Յիշեալ գործիքին վրայ արձանագրուած են տասը անուններ` մասնաւոր մետաղեայ պիտակներով, որոնցմէ մէկը հալէպահայ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտ ընդհանուր խմբապետ եղբ. Լեւոն Պապլուզեանն է:
Գիտական այս գործիքին գործունէութեան տեւողութիւնն է 10 տարի: Հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ Երկրի եւ լուսնի ճշգրիտ հեռաւորութիւնը չափել տարուան զանազան ժամանակաշրջաններուն` լէյզըր ճառագայթներու արձակումով: Նաեւ գործիքը ճշգրիտ գիտական տեղեկութիւններ պիտի հաղորդէ հրաբխային ժայթքումներու եւ այրող երկնաքարերու բախումներու պատճառով յառաջացած վիճակներու շուրջ:
Լեւոն Պապլուզեան, որ կը նկատուի ADL-ի մասնագէտներու կարեւոր հեղինակութիւններէն մէկը, իր ուսումը ստացած է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ապա Հալէպ վերադարձած ու իր մասնակցութիւնը բերած է Հալէպի ազգային եւ մարզական կեանքին մէջ: Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է 1957-էն ի վեր: