ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Հոգ պէտք է տանիք ձեր նիւթական վիճակին, որպէսզի նեղութեան չմատնուիք: Արտաքնապէս գրաւիչ կերպարանք մը պիտի ունենաք եւ շատերու ուշադրութիւնը պիտի գրաւէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Լուսինը ձեր կողքին պիտի ըլլայ, ու ձեր գործերը պիտի դիւրանան: Պիտի վերագտնէք ձեր ինքնավստահութիւնը: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ուշադիր եղէք, որ աշխատանքային քննարկումներու մէջ չձախողիք: Յուսահատեցնող շրջան մըն է, բայց լաւատես եղէք, որովհետեւ պայմանները շուտով պիտի փոխուին :
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Մինակ մի՛ մնաք: Աշխատեցէք մաս կազմել միութեան մը կամ կազմակերպութեան մը, որպէսզի օգտակար ձեւով լեցնէք ձեր ժամանակը եւ հաճելի պահեր անցընէք` մարդոցմով շրջապատուած:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Դրական շրջան մըն է: Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ: Այս ընթացքին գործի մէջ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Աշխատանքային ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Նոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Յարմար ժամանակ է ճամբորդութեան եւ ծրագիրներու իրագործման: Եթէ ձախողութեան մատնուիք, մի՛ յուսահատիք, կրկին փորձեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր ջիղերը պինդ պահեցէք: Խնդիրներէ հեռու մնացէք այս շրջանին: Հանդարտ եւ լուռ կատարեցէք ձեզի վստահուած գործերը: Հանգիստի ժամանակ տրամադրեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Աշխատանքային հանդիպումի մը պիտի մասնակցիք. ձեր շուրջինները պիտի հիանան ձեր գաղափարներով եւ մօտեցումներով: Ուշադիր եղէք եւ հեռու մնացէք նախանձոտ մարդոցմէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Պիտի զօրանայ ձեր բախտը: Ամսուան ամէնէն հաճելի օրերէն մէկը պիտի ապրիք: Լաւ առիթներ ու յաջողութիւններ պիտի ունենաք: Ձեր ընկերները գոհ պիտի մնան ձեր սիրալիր վարմունքէն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Որքան ալ հեռու ըլլաք ձեր նպատակէն, մի՛ յանձնուիք, աշխատեցէք ամէն գնով իրականացնելու ձեր երազանքը: Անցողիկ ճնշումներ պիտի ունենաք ձեր անձնական կեանքին մէջ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ընտանեկան նեղութիւններ պիտի ունենաք: Փոքր անհասկացողութիւնները օրին լուծեցէք, որպէսզի անոնք չկուտակուին: Բացասական միտքերը հեռու վանեցէք ձեզմէ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պաշտպանեցէք ձեր իրաւունքները ու տէր եղէք ձեր դատին: Ժամանակը յարմար է օգտագործելու ձեր կարողութիւնները` հասնելու համար ձեր նպատակին: Մանրամասնութիւնները սերտեցէք որոշում տալէ առաջ: