Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Յուլիս 1969)

Յուլիս 17, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բոլոր Ժամանակներու Մեծագոյն Արկածախնդրութիւնը Սկսաւ

 Արմսթրոնկ Եւ Ընկերները
Մեկնեցան Լուսին

«Ափոլլօ 11» Քենետի Հրուանդանէն Արձակուեցաւ Անթերի
Կանոնաւորութեամբ Եւ, Երկու Անգամ Երկրին Շրջանը Կատարելէ Ետք,
Ներկայիս Կը Սուրայ Դէպի Իր Թիրախը

Առաջին Մարդը Լուսին Պիտի Իջնէ
Երկուշաբթի Առաւօտ Ժամը 8:21-ին

ՔԵՆԵՏԻ ՀՐՈՒԱՆԴԱՆ, 16 (ԱՖՓ).- Մարդը մեկնեցաւ դէպի լուսին: Ժիւլ Վեռնի երազը դարձաւ իրականութիւն. երեք ամերիկացիներ` Նէյլ Արմըսթրոնկ, Մայքըլ Քոզինզ եւ Էտվին Ալտրին, իրենց ծանր զգեստներուն մէջ մխրճուած, ժամը 13:32-ին Կ.Ժ. (Պէյրութի ժամով` 15:32 Քենետի Հրուանդանէն սկսան մարդկութեան պատմութեան առաջին «Երկրէն Լուսին» ճամբորդութեան:

«Մունփորթ»-ի «39-Ա» արձակման խարիսխին մէջ «Ափոլլօ»-ի արձակումը, իր բոլոր մանրամասնութիւններուն մէջ, տեղի ունեցաւ կատարեալ կանոնաւորութեամբ: «Ափոլլօ-Լեմ»-ի անջրպետային հրթիռը նախատեսուած ժամուն ճամբայ ելաւ խլացուցիչ դղրդիւնով մը` ամէն կողմէ արձակելով բոցերու երկար խուրձեր, պարուրուած` սրճագոյն թանձր ամպով մը: Արձակումին հետեւեցան հարիւրհազարաւոր հետաքրքիրներ, որոնք երեք  օրէ ի վեր հաւաքուած են Քենետի Հրուանդանին շրջանը, եւ պատկերասփիւռի վրայ` միլիոնաւոր ամերիկացիներ, որոնք անհամբեր են իրենց փոքր պաստառներուն վրայ ապրելու պատմական այն պահը, երբ մարդը, երկրային իր շղթաները կոտրելով, պիտի բանայ անջրպետի բուն հետազօտման առաջին գլուխը:

Նէյլ Արմսթրոնկ` առաքելութեան հրամանատարը, անջրպետին «Քրիստափոր Քոլոմպոս»-ը, ցոյց տուաւ կատարեալ տիրականութիւն մը թէ՛ արձակումը նախորդող վայրկեաններուն եւ թէ՛ արձակումէն ետք:

Արձակումէն քանի մը վայրկեան առաջ Նէյլ Արմսթրոնկ, «բարի ճանապարհ»-ի մաղթանքներուն, «Ափոլլօ»-ի կատարէն, 100 մեթր բարձրութենէն, պատասխանեց. «Շատ շնորհակալ ենք: Գիտենք, որ սքանչելի ճամբորդութիւն մը պիտի ըլլայ: Մինչեւ հիմա շրջուած թուահամարը կատարեալ էր»:

Պահ մը ետք, մինչ հրթիռը, իր ծանր զանգուածը վերցնելով, քանի մը մեթր վեր բարձրացած էր, Արմսթրոնկ ըսաւ. «Ամէն բան լաւ կ՛ընթանայ»:

Սկսած էր երկար ճամբորդութիւն մը` 350.000 քմ հեռաւորութեան մը վրայ: Երբ հրթիռը արձակուեցաւ, հսկայ նետի մը պէս սլացաւ դէպի մարդկութեան երազներուն թիրախը:

Պահ մը Երկիրը, կարծէք, զգալով սարսուռը այս անմոռանալի վայրկեանին, դողաց մինչեւ հեռուները:

12 Վայրկեան Ետք, Ծիրի Վրայ

Անմոռանալի էր այդ պահը աննախընթաց ծաւալով բազմութեան համար, որ 36 յարկանի շէնքի մը բարձրութեամբ հրթիռին մեկնումը տեսաւ: «Ափոլլօ» դէպի երկինք կը տանէր բազմադարեան յոյսը մարդկութեան մը, որ երկար ժամանակ կը հաւատար, թէ նման բան պիտի չպատահի երբեք, մարդը բնաւ պիտի չկրնայ դուրս գալ իր երկրային բանտէն` հետազօտելու համար տիեզերական անծանօթը, իր այցելութիւնը սկսելով ամէնէն հաւատարիմ աստղէն, տժգոյն լուսինէն:

Հոն` վերը, երեք հոգի ներկայիս կ՛ապրին մարդկային այս երազը: Իրենց մեկնումէն 12 վայրկեան ետք նշան մը լուր տուաւ իրենց, թէ հրթիռը, ըստ նախատեսութեան, մտած է երկրային ծիրի մը մէջ: «Սաթիւռն 5» հրթիռին երրորդ յարկը կատարելապէս պատասխանեց հրավառութեան հրահանգին:

Երկուքուկէս ժամ շարունակ Արմսթրոնկ եւ իր ընկերները դարձան Երկրին շուրջ` սպասելով բուն մեկնումին:

Ժամը 18:16-ին (Պէյրութի ժամ) «Ափոլլօ-11» ճամբայ ելաւ դէպի լուսին: Շնորհիւ երրորդ յարկին հրավառումին` արագութիւնը 28.100 քմ-էն բարձրացաւ ժամական 39.200 քմ:

«Ափոլլօ» այս պահուն ձերբազատեցաւ Երկրին քաշողականութենէն` մտնելու համար լուսնային շաւիղին մէջ: Այն ատեն սկսաւ եռաթոռ խուցին եւ հրթիռին երրորդ յարկին անջատման գործողութիւնը: «Ափոլլօ» կատարեց 180 աստիճանի դարձուածք մը եւ քիթը ուղղեց Լեմին: Երբ կցումը կատարուեցաւ, երկրորդ յարկը, որ այլեւս անօգուտ դարձած էր, լքուեցաւ եւ մայրխուց «Լեմ» լծորդութիւնը խոյացաւ դէպի Լուսին: Այդ պահուն ժամը 19:41 էր (Պէյրութի ժամ):

Միջմոլորակային ճամբորդութիւնը պիտի տեւէ երեք օր, որոնց ընթացքին, աստղանաւորդները նաւարկութեան բազմաթիւ փորձեր պիտի կատարեն, պիտի ուսումնասիրեն աստղերը, պիտի ստուգեն մեքենաները, պատկերասփիւռի հաղորդումներ պիտի կատարեն եւ ուղղութեան ճշդումներ պիտի ընեն, եթէ հարկ տեսնուի:

Շաբաթ, 10 յունիս, ժամը 19:26-ին (Պէյրութի ժամ) «Ափոլլօ» լուսինէն միայն 148 քմ. հեռու պիտի գտնուի: Խուցին գլխաւոր մղիչը պիտի վառի եւ «Ափոլլօ» լուսնային հաւկթաձեւ ծիրի մը մէջ պիտի դրուի:

Երկու անգամ լուսինին շուրջ դառնալէ ետք, մղիչը դարձեալ պիտի վառի, ծիրը պիտի դառնայ գրեթէ կլոր:

Կիրակի, 20 յուլիս, ժամը 18:37-ին (Պէյրութի ժամ), վճռական ժամ: Լուսինային մոտիւլին ոտքերը պիտի բացուին: Նէյլ Արսմթրոնկ եւ Էտվին Ալտրին ժամեր առաջ Լեմի մէջ մտած պիտի ըլլան: Մոտիւլը պիտի բաժնուի հրավառութեան խուցէն: Երկու մարմինները կողք կողքի պիտի թաւալին: Լեմի հրթիռները նոր մղում մը պիտի ստանան եւ լուսնէջքի այս մեքենան պիտի հեռանայ լուսնային ծիրի մը մէջ մտնելու համար (ժամը 22:08, Պէյրութի ժամ): Լեմը պիտի մօտենայ էջքի վայրը, հետզհետէ աւելի, ու պիտի իջնէ: Գործողութիւնը տեւած պիտի ըլլայ 70 վայրկեան:

Մարդը հասած պիտի ըլլայ լուսին:

Առաքելութիւնը այսպիսով յաջողած պիտի ըլլայ: Երկու երկրաբնակներ իջած պիտի ըլլան լուսին: Արդարեւ, ՆԱՍԱ-ն կը խորհի, որ իր առաքելութեան մէջ յաջողած պիտի ըլլայ, նոյնիսկ եթէ երկու մարդիկը չկարողանան ոտք դնել լուսնի վրայ:

Եւ սակայն այլ է ՆԱՍԱ-յին նպատակը: Մարդը պէտք է հետազօտէ լուսինը: Ուստի, երկուշաբթի, 21 յուլիս, առաւօտեան ժամը 8:21-ին (Պէյրութի ժամ), Նէյլ Արմսթրոնկ պիտի բանայ Լեմի դռնակը, պիտի իջնէ սանդուխին 9 աստիճաններէն եւ ոտքը պիտի դնէ լուսնին վրայ: Քսան վայրկեան ետք անոր պիտի միանայ Էտվին Ալտրին: Երկու լուսնագնացները գիտական գործիքներ պիտի զետեղեն լուսնին վրայ եւ զանազան փորձեր կատարելով` լուսնային նմուշներ պիտի առնեն:

Ժամը 10:32-ին (Պէյրութի ժամ) երկու աստղանաւորդները պիտի վերադառնան իրենց մոտիւլը: Ժամը 19:55-ին (Պէյրութի ժամ) թռիչք պիտի առնեն լուսնէն: Ժամական 8.800 արագութեամբ մեքենան դուրս պիտի գայ լուսնին քաշողականութենէն, ծիրի մէջ պիտի մտնէ եւ պիտի ձեռնարկէ մայր խուցին կցուելու գործողութեան: Ժամը 23.16-ին (Պէյրութի ժամ) կցումը պիտի կատարուի: Արմսթրոնկ եւ Ալտրին պիտի վերագտնեն իրենց ընկերը, որ 30 ժամ միջոցին մէջ սպասած պիտի ըլլայ զիրենք:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?