ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ուրախ եւ հաճելի պահեր պիտի ապրիք ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ: Լուր մը պիտի լսէք եւ ուրախանաք: Յաջողութիւն պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր ծրագիրներու գործադրութիւնը պիտի ուշանայ: Այս շրջանին կարեւոր որոշումներ մի՛ տաք եւ բախտին մի՛ վստահիք: Հոգ տարէք ձեր առողջութեան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Դուք պէտք ունիք ձեր բարեկամներու օգնութեան, որպէսզի աւելի արագ լուծէք ձեր հարցերը: Անոնց կարծիքը լսեցէք եւ յամառութիւն մի՛ ընէք` կառչելով միայն ձեր կարծիքին վրայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր գործի ծիրին մէջ հակառակութիւններ պիտի ծագին: Պահանջկոտ շրջան մըն է, պատրաստ եղէք փոփոխութեան եւ նորութեան: Ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկուն հարցով պիտի մտահոգուիք ժամանակաւորապէս:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ժառանգութեան հետ կապուած հարց մը պիտի ունենաք եւ զայն պիտի յաջողիք լուծել դատարանի միջոցով: Ճկուն պէտք է ըլլաք, եթէ կ՛ուզէք ձեզ գոհացնող լուծումներու հասնիլ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Մեղմացուցէք եւ հանդարտեցուցէք մթնոլորտը ձեր գործատեղիին մէջ: Աշխատեցէք խնայողութեամբ ապրիլ, որպէսզի նիւթական դժուարութեան չմատնուիք յառաջիկային:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Հանգիստի ժամանակ պէտք է տրամադրէք: Լուսարձակները պիտի կեդրոնանան ձեր գործին վրայ, հետեւաբար բծախնդրութեամբ կատարեցէք ձեր աշխատանքը:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր պարտականութիւններուն մէջ մի՛ թերանաք: Կանուխ գացէք աշխատանքի, որպէսզի հանգիստ աւարտէք ձեր գործերը: Մի՛ գանգատիք, այլ ամէն ինչէ գոհ եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ամսուան հաճելի ու գեղեցիկ օրերէն մէկը պիտի ըլլայ: Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ այս շրջանին: Յաջողութիւններ պիտի արձանագրէք տարբեր մարզերու մէջ: Զգացական հանդիպում մը պիտի ունենաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր ընտանիքի անդամներուն կողքին մնացէք թէ՛ լաւ, թէ՛ վատ ժամանակներուն: Փոփոխական տրամադրութիւն մը պիտի ունենաք, որ պիտի ազդէ ձեր ընկերային յարաբերութիւններուն վրայ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր մտային կարողութիւնները ի գործ դրէք, որպէսզի վերջ տաք ձեր կասկածներուն եւ մտահոգութիւններուն: Յստակ եղէք ձեր քննարկումներուն մէջ: Ձեր ժամանակին յարգը գիտցէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր աշխուժութիւնը պիտի վերագտնէք եւ կարեւոր որոշումներ պիտի տաք այս շրջանին: Փոփոխութիւններ պիտի մտցնէք ձեր արտաքին կերպարանքին վրայ: Նոր ծրագրի գործադրութեան յարմար ժամանակ է: