Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը` Նազարէթ Սապունճեանի Հետ

Յուլիս 16, 2019
| Newsletter, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Երէկ` երկուշաբթի, 15 յուլիս 2019-ին, աշխատանքի նախարար Քամիլ Պու Սլէյման, ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Ընկերային ապահովագրական սնտուկէն ներկայացուցիչներ հանդիպում մը ունեցած են Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան պատուիրակութեան հետ, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Լիբանանի Ճարտարարուեստի  մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան դիւանի անդամ Նազարէթ Սապունճեանը, որ նաեւ աշխատանքի նախարարութեան Զբաղուածութեան ազգային կազմակերպութեան մէջ կը ներկայացնէ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը: Այս հանդիպումի ծիրին մէջ Նազարէթ Սապունճեան «Ազդակ»-ի հետ հարցազրոյց ունենալով ըսաւ, թէ ամիսէ մը ի վեր Լիբանանի աշխատանքի նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ մինչեւ յուլիս 9 առիթ պիտի տայ բոլոր այն գործատէրերուն, որոնք տարբեր տեսակի օրինազանցութիւններ ունին իրենց աշխատանոցներով ու գործարաններով, որ անհրաժեշտ կարգաւորումները ընեն եւ օրինականացնեն իրենց տուեալները, որովհետեւ նշուած թուականէն ետք նախարարութիւնը հետապնդումներ եւ հետախուզութիւններ պիտի կատարէ այդ առումով:

Ան յայտնեց, որ աշխատանքի նախարարութեան այս որոշումին նպատակը լիբանանցի քաղաքացին գործի մղելն ու անոր աշխատատեղեր ապահովելն է` նկատի ունենալով, որ անգործութիւնը մեծ թափ ստացած է Լիբանանի տարածքին: Միեւնոյն ժամանակ այս քայլը նպատակ ունի ոչ լիբանանցի աշխատաւորներուն վիճակը կարգաւորել` օրինական դարձնելով անոնց կեցութիւնը եւ աշխատանքի արտօնութիւնը:

Նազարէթ Սապունճեան ըսաւ, թէ փաստօրէն այն աշխատանոցները եւ գործարանները, որոնք օրինաւոր կերպով չեն արձանագրուած, պետական տուրքեր չեն վճարեր, իրենց գործաւորները Ընկերային ապահովագրութեան սնտուկին մէջ չեն արձանագրած, ո՛չ ալ Յաւելեալ արժէքի տուրք կը վճարեն, մեծ վնաս կը հասցնեն օրինաւոր աշխատողներուն: Ուրեմն, անցնող շաբթուան ընթացքին աշխատանքի նախարարութիւնը սկսած է հետախուզական այցելութիւններ կազմակերպել Լիբանանի տարածքին գտնուող գործարաններ ու աշխատանոցներ: Այն գործարանը կամ աշխատանոցը, որ բոլորովին ապօրինի է, նախարարութիւնը զայն փակել տուած է: Մօտաւորապէս 30-40 գործարաններ փակուած են արդէն: Իսկ անոնք, որոնք օրինազանցութիւններ արձանագրած են, նախարարութիւնը անոնց համար յատուկ տուգանք որոշած է, իսկ շատերու համար ալ ազդարարագիր տուած է, որպէսզի իրենց կացութիւնը օրինականացնեն: Առանց արտօնագիրի ոչ լիբանանցի գործաւոր աշխատցնող լիբանանցի գործատէրերուն սահմանուած է երկուքուկէս միլիոն լիբանանեան ոսկիի իւրաքանչիւր գործաւորի համար իբրեւ տուգանք, որ եթէ վճարուի 15 օրուան ընթացքին, անիկա կը վերածուի մէկ տասներորդի: Միւս կողմէ, ազդարարագիրներ կը տրուին այն գործատէրերուն, որոնք իրենց լիբանանցի աշխատաւորները Ընկերային ապահովագրութեան սնտուկին մէջ չեն արձանագրած: Հետախուզական այցելութիւններ կատարող պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ աշխատանքի նախարարութեան քննիչէն, Ընկերային ապահովագրութեան սնտուկի քննիչէն եւ ապահովական ուժերէն անհատներէ, որպէսզի ոեւէ մէկը դիմադրութիւն ցոյց չտայ:

Նազարէթ Սապունճեան ըսաւ. «Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք շատեր առանց ճշգրիտ տեղեկութիւններ ստանալու խուճապի մատնուած են: Երէկուան ժողովը կազմակերպուած էր, որպէսզի աշխատանքի նախարարութեան հետախուզական այցելութիւններուն մասին յստակ տեղեկութիւններ եւ բացատրութիւններ տրուին գործատէրերուն, որոնք լաւապէս տեղեակ չէին իրողութենէն»:

Ան ըսաւ, որ օտարներուն համար աշխատանքի արտօնագիրին գինը, որ նախապէս 400 հազար լ. ո. էր, յառաջիկային պիտի աւելնայ, բայց սուրիացի աշխատողին համար արտօնագիրը միայն 125 հազար լ. ո. է, ասիկա առիթ է լիբանանցի գործատիրոջ` սուրիացի գործաւորները արձանագրելու: Պաղեստինցիներուն աշխատանքի արտօնագիրը անվճար է, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնց մայրը լիբանանցի է:  Շատ գործատէրեր այս իրականութենէն տեղեակ չեն եւ կը կարծեն, որ կարելի չէ սուրիացի գործաւոր աշխատցնել, ընդհակառակն` կարելի է աւելի նպաստաւոր պայմաններով:

Նազարէթ Սապունճեան յայտնեց, որ ըստ աշխատանքի նախարարութեան սահմանած օրէնքին, երեք լիբանանցի գործաւորին դիմաց արտօնութիւն կը տրուի մէկ ոչ լիբանանցի աշխատցնել: Որոշ արհեստներու համար մասնաւոր կարգադրութիւն պիտի ըլլայ եւ օտար աշխատողներու տոկոսը պիտի աւելնայ: Անոնց համար յաւելեալ արտօնութիւններ եւ կարելիութիւններ պիտի տրուին, օրինակ` դերձակութեան, կօշկակարութեան կամ մեքենայաշինութեան արհեստներու պարագային:

Ան նշեց, որ գործատէրերուն միջեւ ստեղծուած խուճապին առաջքը առնելու համար երէկուան հանդիպումը հաւանաբար որոշում կայացնէ յաւելեալ ժամանակամիջոց տալ բոլոր գործատէրերուն, որ իրենց աշխատանոցները եւ գործաւորները օրինականացնեն:

Սապունճեան խօսքի աւարտին հաստատեց, որ երկու նախարարներն ալ պատրաստակամութիւն յայտնած են դիւրացնելու աշխատանքի պայմանները, որպէսզի աւելի օրինական դառնայ գործարաններու եւ աշխատանքի դրութիւնը Լիբանանի մէջ, որովհետեւ կառավարութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկն է լիբանանեան արտադրութիւններու արտածումը զարգացնել, որպէսզի հաւասարակշռութիւն ստեղծուի արտածումի ու ներածումի միջեւ եւ  երկիրը փրկուի սնանկացումի վախէն:

Նազարէթ Սապունճեան նշեց նաեւ, որ կառավարութեան կողմէ որոշում տրուած է 22 տեսակ լիբանանեան արտադրութիւններու ներածումի տուրքեր սահմանել, որպէսզի անոնք պաշտպանուին, զարգանան: Այս որոշումը կայացնելու համար երկու-երեք տարիէ աշխատանք կը տարուէր, եւ անիկա վերջապէս իրականացած է շնորհիւ ելեւմուտքի եւ ճարտարարուեստի նախարարներուն: Այս որոշումին համամիտ եղած են Լիբանանի բոլոր քաղաքական ուժերը անխտիր:

 

 

Նախորդը

Չի Կարելի Ժողովրդին Կարգախօսներով Եւ Ամբոխահաճութեամբ Կերակրել

Յաջորդը

Անդրադարձ. Դուրս Մղման Փոխարէն Սիրաշահում

RelatedPosts

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան
Հարցազրոյց

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?