Յաղթանակի Մը Իմաստը
(ՀՄԸՄ-ի Ախոյեանութեան Առիթով)
Հին Յունաստանը, ինչպէս` արուեստի ու փիլիսոփայութեան, եղաւ նաեւ ծննդավայրը մարմնակրթանքի եւ մարզախաղերու: Եւ ասիկա պարզ զուգադիպութիւն մը չէ: Հին քաղաքակրթութեան օրրան այդ երկրի բնակիչները լաւապէս ըմբռնած էին, որ միտքն ու մարմինը հարազատ երկուորեակներ էին, եւ չկար առողջ միտք` առանց առողջ մարմնի:
Գնդախաղերու արքայ ֆութպոլին, ինչպէս նաեւ սփոր ընդհանուր պիտակին տակ ծանօթ եւ բարոյական մասնայատուկ ոգի մը ենթադրող աթլեթիզմի բոլոր խաղերու վերածնունդին հայրենիքը հանդիսացաւ Անգլիան` ասկէ աւելի քան դար մը առաջ:
Բայց մինչ միւս բոլոր մարզախաղերը կապուած էին աւանդութեան մը եւ ունէին իրենց նախատիպարները, ֆութպոլը ծնաւ դիպուածէ մը: Անգլիոյ Ռըկպի ճեմարանի գնդախաղերու ընթացքին խաղացողներէ մէկուն օրինազանցութիւնը նուիրագործուելով` ֆութպոլը անջատուեցաւ ռըկպիէն, դարձաւ առանձին մարզախաղ: Բայց անոր կազմակերպիչները մշակեցին այնպիսի ներդաշնակ օրէնքներ ու չափեր, այս մարզախաղը բարձրացուցին արուեստի այնպիսի մակարդակի մը, որ ֆութպոլը անգլիական բանակներէն շատ աւելի արագ ու ազդու կերպով նուաճեց սահմաններ եւ ժողովուրդներ: Եւ այսօր, ութսունէ աւելի երկիրներու մէջ ազգային խա՛ղ նկատուած է այս գնդախաղը, մանաւանդ` Հարաւային Ամերիկայի մէջ, ուր ֆութպոլի աստղ մը աւելի յարգ ու պատիւ կը վայելէ եւ աւելի մեծ եկամուտներ ունի, քան` հանրապետութեան նախագահ մը: Միայն Միացեալ Նահանգներն են, որ ունին իրենց իւրայատուկ ֆութպոլը եւ հեռու կը մնան միջազգային մրցանքներէն:
Տասնմէկական հոգիով կիրարկուող խմբական այս ճակատումը, ի խնդիր հակառակորդ բերդի խորտակման, չես գիտեր` խորհրդաւոր, առեղծուածին ի՛նչ կապ ունի ազգային հպարտութեան, ազգի մը ոգեկանութեան հետ, որ ոչ միայն պետութեան մը համար բարձր վարկ մը կ՛ապահովէ իր ազգային խումբին յաղթանակը, այլեւ ազգային դրօշի մը տակ ճակատող խումբը ծայր աստիճան կը փոթորկէ իր ժողովուրդին ջիղերը, կը դառնայ անոր գերագոյն հպարտութեան կամ հոգեկան փլուզման դրդապատճառը: Յաղթական խումբ մը ովսաննաներով, ցնծութեան տարերային արտայայտութիւններով կ՛ընդունուի ժողովուրդին կողմէ: Իսկ լրագիրները ճերմակի վրայ սեւով կ՛արձանագրեն ամէն տարի այն դժբախտ համակիրներու անունները, որոնք անձնասպանութեան կը դիմեն, իրենց խումբի պարտութեան պարագային:
Յիշեցինք ծայրայեղութեան հակադիր երկու բեւեռները, ոչ թէ նոր բարենիշ մը ապահովելու համար ֆութպոլին, այլ մոլեգնութեան աղէտներէն ձերբազատելով` ճշդելու համար բարձրարուեստ այս գնդախաղին բարոյական եւ ընկերային հարազատ դիմագիծը:
Ի՛նչ ալ գրենք, ի՛նչ ալ ըսենք` պարզ է, որ կարելի չէ ֆութպոլը նկատել լոկ զբօսանք մը, խաղցողին թէ հանդիսականին համար, հաւասարապէս: Հոգեկան զօրաւոր խթանիչի իր հանգամանքով այս գնդախաղը միշտ ալ անսովոր ապրումներու պիտի մղէ բոլորը, մանաւանդ երբ գերագոյն դափնեպսակ մը կայ խլելիք:
Եւ ֆութպոլին յառաջացուցած հոգեբանական այս ազդեցութիւնը կը շահագործուի մերթ պետութիւններու կողմէ իբրեւ քարոզչութեան միջոց, մերթ ալ անհատներու կամ կազմակերպութիւններու կողմէ` իբրեւ նիւթական շահու աղբիւր: Զոյգ պարագաներուն ալ ան կը պարպուի իր իտէալէն, եւ խաղացողները կը վերածուին շախմատի քարերու:
Մինչդեռ նոյն այդ խաղացողները դաշտ պէտք է իջնեն ոչ միայն օրինականացած եւ օրինադրուած խաղի մը հաճոյքը անձնապէս ներապրելու եւ զայն փոխանցելու հանդիսատես հասարակութեան, այլ` երիտասարդի իրենց էութեան խորէն կեանքի կոչելու հոգեկան կորով եւ մարտնչումի ֆիզիքական գերագոյն կենսուժ, դժուարութիւնները յաղթահարելու անխորտակելի կամք, անձնական ձեռներէցութիւն եւ հաւաքական ներդաշնակութեան եւ համագործակցութեան անշեղելի տրամադրութիւն: Ասպետական ոգի՛ն, fair play-ը ի վերջոյ, պէտք է փառապսակը կազմէ հոգեկան ու ֆիզիքական արժանիքներու այն համագումարին, զոր կը պահանջէ ֆութպոլը իր մարզիկներէն: Որեւէ մարզախաղէ աւելի` ֆութպոլի ընթացքին է, որ ասպետական ոգիին սանձերը անհրաժեշտ են բռնկած կիրքերէ յառաջանալիք աղէտները զսպելու համար:
«Ո՛չ յաղթողը ուրախանայ, ո՛չ ալ պարտեալը տխրի» պատուէրը կարծես ըսուած ըլլայ մասնաւորաբար ֆութպոլի համար: Այսինքն յաղթող խումբը յարգանք ունենայ իր մրցակիցներու թափած ճիգերուն հանդէպ, իսկ պարտեալները սրտբացօրէն գնահատեն յաղթանակողին դափնեպսակը:
Յաղթանակը հանգրուան մըն է լոկ, իսկ մրցանքը կը շարունակուի անվախճան: Ամէն վաղորդայն նոր ճակատում մը կը բերէ իրեն հետ: Այսօրուան պարտեալին սրտին մէջ նստած է վաղուան յաղթանակը:
Կարեւորը ֆութպոլին աճեցուցած խանդավառութիւնն է երիտասարդ սրտերու մէջ, անոնց կամքին թրծումը եւ մկաններուն պողպատումը, խոյանքներու ատակ հոգեվիճակներու ստեղծումը, եւ իտէալ պարագային անոնց հոգեկանի բարձրացումը, բարոյական նկարագրի կերտումը: Այս մակարդակին վրայ պէտք է զետեղել ֆութպոլին ազգային, ընկերային եւ անհատական գետիններու վրայ ունեցած արժէքը:
Անշուշտ յաղթանակին տիրանալու նախանձախնդրութիւնը արդար երազն է վեհերոտ սրտերու: Բայց այդ յաղթանակը բնական արգասիքը պէտք է ըլլայ ֆութպոլի ոգեկան իտէալի ձգտումին:
Որեւէ ազգէ աւելի` մենք, հայերս պէտք ունինք յաղթանակի հպարտութեան: Պէտք ունինք մեր մարզիկներու յաղթական տողանցքին, մանաւանդ օտար հորիզոններու տակ: Եւ այդ հպարտութիւնը ՀՄԸՄ-էն գայ թէ ՀՄՄ-էն, գրեթէ նոյնն է ամէն իրա՛ւ հայու համար:
Ամէն անգամ որ կլոր գնդակը ուռած է գաղափարական շունչով, մեր հայկական խումբերը բարձրացած են միշտ ու բարձրացուցած իրենց հետ իրենց համակիրները: Եւ այս պարագային յաղթանակը յաճախ չէ կրցած խուսափիլ իրենց ձեռքէն:
Այս տարի ՀՄԸՄ անգամ մը եւս տիրացաւ Լիբանանի ախոյեանութեան տիտղոսին: Բախտը, ինչպէս ամէն տեղ, հոս ալ ունեցաւ թերեւս օժանդակի իր դերը: Սակայն այդ յաղթանակը առաւելաբար արդիւնքն եղաւ զանազան դժուարութեանց առջեւ բարոյալքուիլ չգիտցող, յամառօրէն եւ յարատեւօրէն մարտնչող խումբը մարզիկներու անուրանալի կորովին եւ սփորի սկզբունքներու հանդէպ հաւատարիմ անոնց կեցուածքին, ինչ որ աւելի մեծ յաղթանակ մըն է, քան` ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացումը:
Ազգային գետնի վրայ կարեւորը այն է, որ խաղավայրէն մեկնած պահուն հայը չըլլայ կոտորակուած, այլ` ամբողջացած, արիացած: Այս սկզբունքով նաեւ պէտք է խաղալ ֆութպոլը եւ տանիլ յաղթանակը:
ՀՄԸՄ-ի յաղթական դրօշին տակ շատ անգամ արծուի թեւեր է առեր հայ հոգին:
Այս տարուան յաղթանակը առաջինը չէ:
Ասպետական ոգին միշտ վառ մնալով մարզիկներու սրտին մէջ` վստահ ենք, որ ան պիտի չըլլայ նաեւ վերջինը:
Սակայն հոս չ՛աւարտիր մեր Յոյսը:
1800-ական թուականներուն կը վկայուի, թէ անասնային կենցաղի մը անձնատուր էր անգլիացի ժողովուրդը ուր կ՛անցընէր իր կեանքը կերուխումի իւղայորդ սեղաններու առջեւ եւ գիշերային հաճոյավայրերու ծխապատ ու նսեմ յարկերուն տակ:
Ֆութպոլի կիրարկումէն եւ առհասարակ մարզախաղերու վերածնունդէն դար մը ետք կրթական հարցերու շուրջ գիտահետազօտական շրջապտոյտէ մը վերադարձին ֆրանսացի ուղեւոր մը կը վկայէր իր հայրենակիցներուն. «Անգլիացին բարեփոխուած է, սննդականոնը դարձած է ժուժկալ եւ առողջարար, նկարագրով` ճենթըլմեն. եւ ասիկա կը պարտի առաւելաբար սփորի տարածման»: (Թէն):
Մեր մաղթանքն այն է, որ այնպիսի ոգիով մը կիրարկուի ֆութպոլը այս երկրին մէջ, մեր երիտասարդութիւնը, մարզիկ թէ հանդիսատես, այնպիսի դրական ներշնչումներ առնէ ֆութպոլի խաղավայրէն, որ հրէշայինը հետզհետէ մեռնի հոգիներուն մէջ եւ հրեշտակայինը հող շահելով` բարձր ու աբասիր նկարագրով, անխորտակելի կամքով, անպարտելի մարմնով եւ եղբայրական զգացումներով քաղաքացիներ պատրաստուին յաւերժօրէն կապոյտ այս երկնքին տակ:
Խաղը շահող մը եւ նոյն այդ խաղը կորսնցնող մը պիտի գտնուին հարկաւ: Բայց մարզական ոգին պէտք է ըլլայ յաղթանակողը մի՛շտ:
Եւ այս կ՛ըլլայ յաղթանակներու մեծագոյնը:
Յ. ԳԵՂԱՐԴ
12/7/1969
Պէյրութ