Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Չկասեցնել Բողոքը

Յուլիս 16, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոնի միջազգային խաղաղութեան աջակցութեան կեդրոնի (BICC) գիտաշխատող դոկտ. Մաքս Մուչլերի համաձայն, «Եւրոպական երկիրներու օրէնքներուն մեծ մասը կը խօսի մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման անհրաժեշտութեան մասին, սակայն եւրոպական եւ ամերիկեան զէնքերու լարուած տարածքներ արտահանումը կը շարունակուի առանց այդ օրէնքներուն նկատմամբ որեւէ յարգանքի ցուցաբերման»:

Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութիւնը չորեքշաբթի, 10 յուլիսին Փարիզի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ ցոյց մը կազմակերպած էր բողոքելու համար ֆրանսազրպէյճանական տնտեսական համագործակցութեան շրջագիծին մէջ Ֆրանսայի` Ազրպէյճանին զէնք մատակարարելու որոշումին դէմ: Հայ երիտասարդները դիտել կու տային, որ այդ զէնքերը կ՛օգտագործուին մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն սպանութեան համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս կու գար յայտարարութեամբ մը` յայտնելով, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն վստահեցուցած է, թէ ֆրանսական զէնքերը պիտի չօգտագործուին հայ ժողովուրդին դէմ: Բողոքող երիտասարդները, սակայն, շեշտած են, որ Մաքրոնի այս հաստատումը հիմք չունի, հետեւաբար անհրաժեշտ է խօսիլ փաստացի տուեալներով:

«Մեզ կը մտահոգէ այն իրողութիւնը, թէ ինչպէ՛ս Ֆրանսան արցախեան հակամարտութեան կողմերուն զէնքի վաճառքը բացառած ըլլալով մէկտեղ` զէնք կը մատակարարէ Ազրպէյճանին: Այս որոշումին դէմ պէտք է բողոքենք», ըսած է շարժումի կազմակերպիչներէն Պերճ Քերթեշեանը:

Իսկ թէ ինչպիսի՞ արդիւնք պիտի տայ բողոքի այս շարժումը, կախեալ է շարժումի մասնակիցներուն աշխուժութենէն եւ շարժումին մէջ յաւելեալ կողմերու ներգրաւումէն:

Բողոքը արդարացի է, անոնց միանալու են մարդասիրական, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններ, քաղաքական գործիչներ` անգամ մը եւս պարզելով պատկերը քառօրեայ պատերազմին ընթացքին, թէ յետ-պատերազմեան շրջանին Պաքուի կողմէ օգտագործուած զէնքերով նահատակուած բոլոր անմեղ քաղաքացիներուն, սահմանը պաշտպանող ու ազրպէյճանական կողմի դիպուկահարներուն զոհը դարձած այն հարիւրաւոր անմեղներուն, որոնք պարզապէս իրենց հայրենի հողին վրայ ապրելու իրաւունքը կը պաշտպանէին: Բողոքը արդարացի է, յատկապէս` այն պատճառով, որ Ֆրանսան մատակարարուած զէնքի օգտագործումը վերահսկելու մեքանիզմները չունի:

Քաղաքական բեմին վրայ բողոքի նման ալիքներ բարձրացած ու արդիւնաւորուած են նախապէս:

Եմէնի պատերազմի տարիներուն, օրինակ, մարդասիրական կազմակերպութիւններու, խորհրդարանականներու եւ քաղաքական գործիչներու բանեցուցած ճնշումին հիման վրայ, Գերմանիան սահմանափակեց իր արտածած զէնքերու օգտագործումը Եմէնի մէջ. այդուհանդերձ, մարդկային իրաւանց եւրոպական կազմակերպութիւններ առաւել մեծ ճնշումներ բանեցուցին գերմանական «Ռէյնմեթըլ» զինուորական եւ ինքնապաշտպանական ճարտարագիտական սարքեր արտածող ընկերութեան վրայ` դադրեցնելու Սէուտական Արաբիա կատարած իր զինուորական արտածումները, հակառակ պարագային ընկերութիւնը պատասխանատու համարելով Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ յարձակումներուն պատճառով արձանագրուող մարդկային զոհերու աճին:

Օրին, հակառակ ֆրանսական կողմին այն պնդումներուն, թէ զէնքերու օգտագործումը վերահսկելի է Ֆրանսայի կողմէ, ոչ կառավարական, մարդասիրական կազմակերպութիւններու հետեւողական ճնշումները Մաքրոնը ստիպեցին խորհրդարանական հետաքննութիւն սկսելու զէնքերու վաճառման օրինականութեան գծով:

Նոյն ամիսներուն, նման ճնշումներու պատճառով, Գերմանիոյ Անվտանգութեան խորհուրդը որոշում կայացուց դադրեցնելու Եմէնի պատերազմին մասնակից կողմերուն Գերմանիոյ կողմէ զինամթերքի մատակարարումը, նոյնը կատարեց Նորվեկիան: Այս բոլորը տեղի ունեցան ժողովրդային եւ խորհրդարանական ճնշումներու շնորհիւ:

Հայկական կողմին քարոզչական լծակները նուազ ազդեցիկ չեն այս առումով: Այս բոլորը, սակայն, կը թելադրեն գործակցութիւնը պետական եւ սփիւռքեան կառոյցներու, քաղաքական գործիչներու:

Քաղաքական ճնշումները կրնան կասեցնել պետութիւններու տնտեսական համարուող գործակցութեան այն ոլորտները, որոնք կրնան ծառայել լարուած տարածաշրջաններու հարցերու բարդացումին եւ մարդկային զոհերու բազմապատկումին:

«Գ.»

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (16 Յուլիս 1969)

Յաջորդը

Հայկական «Ադամեան» Ապրանքանիշի Պատկերասփիւռները Առաջին Խմբաքանակն Արդէն Պատրաստ Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?