Պաքու Փարիզէն կը սպասէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ ջանքերու աշխուժացում: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ֆրանսայի անկախութեան տօնին նուիրուած ընդունելութեան ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Խալաֆ Խալաֆով:
Անոր համաձայն, սթաթիւս քոն անընդունելի է:
«Տագնապը պէտք է լուծուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրին մէջ` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն հիման վրայ», ըսած է Խալաֆով: