Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծառայասէր Եւ Հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ական Վրէժ Թազեանի Յիշատակին* (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

July 9, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ծառայասէր ՀՄԸՄ-ական մը եւս կը կորսնցնենք այսօր:

Մահուան ահաւորութիւնը կը զգանք ու այս դառն իրականութեան դէմ յանդիման կը կանգնինք այն պահուն, երբ մեր մօտիկներէն ու հարազատներէն մէկը յանկարծ անվերադարձ կը մեկնի առյաւէտ` սուգի մատնելով իր շրջապատը:

Այսպէս, անակնկալ ու ցնցիչ եղաւ նաեւ Վրէժ Թազեանի մահուան բօթը: Անոր անհաւատալի մեկնումով կը կորսնցնենք ազնիւ հայորդի մը, ընտանիքի բարի հայր մը, յոգնութիւն չճանչցող եւ իր սկզբունքներուն ու համոզումներուն կառչած յամառ միութենական մը:

Վրէժ Թազեան` իբրեւ խոնարհ զինուոր մը իր միութեան, հաւատաց ՀՄԸՄ-ին, դարձաւ միութենական եւ իբրեւ խոնարհ ծառան այդ միութեան` գործեց ՀՄԸՄ-ին համար:

Յաճախելով ՀՄԸՄ կոչուող կառոյցին բոլոր դասարանները, եղբ. Վրէժ եղած է գայլիկ, սկաուտ, պասքեթպոլի փայլուն մարզիկ, ՀՄԸՄ Այնճարի պասքեթպոլի տղոց եւ աղջկանց խումբերու մարզիչ, ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի վարչական, գործած է Շրջանային վարչութեան յանձնախումբերու մէջ եւ ապա ընտրուած է  Շրջանային վարչութեան անդամ ու երկար տարիներ եղած է ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի ներկայացուցիչ:

Բոլորս կը վկայենք Վրէժ Թազեանի` ազգասիրութիւնը, ծառայասիրութիւնը, ՀՄԸՄ-ին նուիրուածութեան ոգին ու անոր մարդկային արժանիքները, որոնք, կամայ թէ ակամայ, յարգանք ու սէր կը պարտադրէին իր անձին հանդէպ:

Անկարելի էր, որ ան բացակայէր` ընկերային թէ մարզական հաւաքներէ, ազգային ձեռնարկներէ, տօնական հանդիսութիւններէն եւ իրեն համար կարեւորագոյնը նկատուող` մայիսեան տողանցքներէն:

Աւա՜ղ:

Բացակայութիւն մը, որ սովորական չէր մեզի, ատիկա նկատեցինք կիրակի, 26 մայիսին տեղի ունեցած  աւանդական փառատօնին, որմէ ակամայ բացակայած էր Վրէժ Թազեան` հիւանդութեան պատճառով:

Հասակ առած է Այնճար հայաւանին մէջ, յաճախած է Ազգային Յառաջ վարժարանը, ամուսնանալով նմանապէս ՀՄԸՄ-ական քոյր Մարօ Գազանճեանին հետ` կազմած է հայ աւանդութիւններու հաւատարիմ ընտանիք, եւ իրենց զաւակները դաստիարակուած ու թրծուած են իրենց ծնողքին հայաշունչ կրթութեամբ:

Սիրելի՛ եղբ. Վրէժ,

Այս լուռ եւ անակնկալ մեկնումդ խոր վիշտ պատճառեց ընտանեկան պարագաներուդ, հարազատներուդ, շրջապատիդ եւ քու սիրած միութեանդ` ՀՄԸՄ Լիբանանի ամբողջ ընտանիքին ընդհանրապէս ու ՀՄԸՄ Այնճարին` մասնաւորաբար:

Դեռ շատ կանուխ էր:

Առնելիք եւ տալիք ունէիր կեանքին:

Սէր եւ գուրգուրանք ունէիր տալիք ընտանիքիդ, զաւակներուդ ու թոռներուդ:

Ուրախութեան պահեր ունէիր առնելիք անոնցմէ:

Տակաւին տալիք ունէիր միութեանդ:

Սակայն… սակայն մահն ու  ճակատագիրը ժամ չէին ճշդած քեզի, դաժան են անոնք, հզօր, ահաւոր ու անխիղճ:

Սա պահուն մեր աչքին առջեւ արագ-արագ կը տողանցեն պատկերներ,  միասին ապրած միութենական պահեր` ժողովական կեանք, տողանցք, յաղթանակի ուրախութիւն եւ պարտութեան տխրութեան պահեր, խրախճանքներ, ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքեր… Պատկերներ, որոնք արագօրէն իրարու կը յաջորդեն մեր յիշողութեան պաստառին վրայ ու կը դառնան յուշ ու անմոռանալի յիշատակներ:

Վրէժ Թազեանի նման հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ականներու արժանիքները թող վարակիչ ըլլան եւ օրինակելի թարմութիւն պահեն իրերայաջորդ սերունդներու մօտ:

Այս տխուր առիթով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ բոլոր մասնաճիւղերու անունով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր կողակիցին քոյր Մարոյին, իր զաւակներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն:

ՀՄԸՄ Այնճարի մասնաճիւղի առաջարկով եւ Շրջանային վարչութեան որոշումով յետմահու կը պարգեւատրենք Վրէժ Թազեանը` ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան» շքանշանով:

Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ եղբ. Վրէժ:

Յարգա՛նք յիշատակիդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

 ՀՄԸՄ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

*Դամբանական` արտասանուած յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին:

 

Նախորդը

Եօթ Օր Կորսուած Դրախտում

Յաջորդը

«Հազարաւոր Վայրեր Ծածկանուններ Ունէին, Օրինակ` Ծաղիկը Կամ Վիշապը` Պոլիսն Էր…»

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.