Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Յուլիս 1969)

Յուլիս 9, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մշակոյթի Անկախութիւն

Շուրջ երեսունհինգ տարի առաջ, 1934 սեպտեմբերին, Երկրորդ Ռայխի կրօնից նախարարը մասնաւոր շրջաբերականով կը հրահանգէր բովանդակ Գերմանիոյ մէջ տօնակատարել Աստուածաշունչի գերմաներէն թարգմանութեան 400-ամեակը:

Ինչպէս ծանօթ է, Աստուածաշունչը առաջին անգամ գերմաներէնի թարգմանեց կրօնական մեծ բարեկարգիչը` Լութեր (1483-1546), Մեսրոպ Մաշտոցէն ճիշդ տասնհինգ դար ետք, 1534-ին:

Իր դարուն մեծագոյն դէպքերէն էր Լութերի այս ձեռնարկը, ինչպէս իր դարուն մեծագոյն դէմքերէն էր Լութեր ինքն ալ: Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը պիտի ծառայէր արմատացնելու քրիստոնէութեան ոգին գերման ժողովուրդին մէջ: Բայց աւելի հիմնական եւ աւելի կարեւոր էր անոր դերը գերման լեզուի կազմութեան տեսակէտէն:

Լութերէն առաջ տիրող գրական լեզուն լատիներէնն էր Գերմանիոյ, ինչպէս եւրոպական կարգ մը այլ երկիրներու մէջ: Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ, Լութեր ստեղծեց ազգային լեզու մը, որ իր կարգին ստեղծեց գերման գրականութեան դասական շրջանը, ինչպէս իրաւամբ կը նկատէ Ջ. Կրինֆիլտ:

Նոյն դերը կատարեց եւ նոյն ազդեցութիւնը ունեցաւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը նաեւ մեր մէջ, այն տարբերութեամբ միայն, որ Հայաստանի լուսաւորիչները տասնմէկ դար առաջ գլուխ հանած էին նոյն գործը հեռաւոր Արեւելքի յետընկած մէկ անկեան մէջ:

1934 սեպտեմբերին կը տօնուէր Լութերի յաղթանակը իր բուն հայրենիքին` Գերմանիոյ մէջ:

1934-ի վերջերը եղերաբախտ հայրապետը` Խորէն Ա. առանձին կոնդակով կը հրահանգէր, ինչպէս կ՛ընէր Երրորդ Ռայխի կրօնից նախարարը, տօնակատարել Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան 15-րդ դարադարձը` Երուսաղէմի այն ատենուան պատրիարք հոգելոյս Թորգոմ արքեպիսկոպոսին պաշտօն տալով կազմակերպել ու ղեկավարել յոբելենական հանդիսութիւնները համայն գաղթաշխարհի մէջ:

Գաղթաշխարհը ընդառաջ գնաց մեր «կրօնից նախարար»-ին կոչին ու հրաւէրին: Ամէն տեղ, ուր որ հայաշատ գաղութ մը կար, Աստուածաշունչի թարգմանութեան 15-րդ դարադարձը տօնակատարուեցաւ մեծ շուքով ու հանդիսաւորութեամբ:

Հայկական ոսկեդարը սկսաւ ուրեմն Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ եւ վերջացաւ Վարդանանց պատերազմով, ինչ որ կը նշանակէ 44 տարուան կարճ շրջան մը (ո՛չ իսկ լրիւ յիսուն տարի): Այդ քառասունչորս տարուան մէջ տեղի ունեցած երեք «հրաշք»-ներ.

ա.- Այբուբենի գիւտը,
բ.- Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը,
գ.- Աւարայրի հերոսամարտը:

Իրականին մէջ այս երեք «հրաշք»-ները անբաժան են իրարմէ եւ կը կազմեն հայութեան մղած մեծ պատերազմին երեք ճակատամարտերը.

ա.- Մշակոյթի անկախութեան ճակատամարտ,
բ.- Լեզուի անկախութեան ճակատամարտ,
գ.- Քաղաքական անկախութեան ճակատամարտ:

«ՅՈՒՍԱԲԵՐ»

Ի՞նչ Կ՛ընենք Մենք…

Եթէ կեանքը կը դաւաճանէ մեզի քիչ մը ամէն տեղ ու քիչ մը ամէն մարզի մէջ, հապա ի՞նչ կ՛ընենք մենք իբրեւ ժողովուրդի մը, որ անցեալի փառքը ունի իր ետին եւ ապագայի լոյսը` իր դիմաց, վերանորոգ հայրենիքով:

Շեշտեցինք նախորդով, որ անհամեմատօրէն տժգունած է հայ անհատ մարդուն հաւաքական մտածողութիւնը ու անհամեմատօրէն կը փայլի՜ ինքնագոհութեան եւ անձնական բարօրութեան ձգտումը:

«Ի՞նչ կ՛ընենք»-ը, այս պարագային, իր պատասխանը կը գտնէ հետեւեալ պարզ ու առարկայական հաստատումին մէջ. կը ջանանք չընկլուզիլ: Իբրեւ մարդիկ, որոնք անցած են կրակէ ու ջուրէ, ճաշակած են դառնութիւնը անապահով եւ թափառիկ կեանքի ու հաստատած են գերիշխան ուժը նիւթական բարօրութեան եւ ընկերային դիրքերու, շաբթուան հինգ կամ վեց օրերը կը յատկացնենք ապրուստի պայքարին, իսկ մնացեալ մէկ կամ երկու օրերուն ալ կէ՜ս ականջով կը փորձենք լսել, թէ ի՛նչ կ՛անցնի-կը դառնայ մեր մէջ ու մեր շուրջ…

Ճշդենք, որ ուրուագծուած այս պատկերին մէջ նկատի ունինք տարասփիւռ հայութեան ճնշիչ մեծամասնութիւնը եւ երբե՛ք` «սակաւ ընտրեալ»-ները, որոնց մասին ալ պիտի ուզենք քանի մը խօսք ընել, աւելի ուշ:

Մենք ա՛յն հաւաքականութիւնն ենք այսօր, որ պետական ուրոյն հովանիէ զուրկ, տեղական թէ ընդհանուր բացասական ազդակներու ենթակայ անհատական պատասխանատուութիւնը չենք զգար յանձնառութեանց գնով գործօն դեր ստանձնելու հաւաքական կեանքի մէջ: Եւ եթէ նոյնիսկ հետաքրքրութիւն մը ունինք «ազգ»-ին կամ ազգային մտահոգութեանց հանդէպ, մեր այդ հետաքրքրութիւնը մեզ կը մղէ, շա՜տ շատ, ակնկալելու, որ ազգը, ի՛նք, իր յայտնի մարմիններով ու ղեկավարութեամբ, ճա՜րը գտնէ ընդհանրական մեր ապահովութիւնը պահպանելու:

Այս փիլիսոփայութիւնը յատուկ է սնանկացած հաւաքականութիւններու, որովհետեւ հանրային կամ ընկերային դաստիարակութեան տէր ոեւէ մարդ կը գիտակցի, թէ առանց անհատական պարտաւորութիւններու լրիւ կատարման, որեւէ ազգ կամ ժողովուրդ ի վիճակի չէ իր ղեկավարութիւնները տեսնելու իրենց դերին ու կոչումին մէջ:

Հայ կեանքի բնորոշիչ գիծերէն մէկը դարձած է կրաւորականութիւնը անհատ ազգայինին: Եթէ դիմո՜ւմ մը կը կատարուի իրեն` նիւթական կամ բարոյական որեւէ յանձնառութեան, կ՛ընդառաջէ կամ կը մերժէ: Սակայն ի՞նչ է արդեօք համեմատութիւնը անոնց, որոնք չեն սպասեր այդ հրաւէրին, չեն ակնկալեր, որ մէկը բռնէ իրենց թեւէն ու նստեցնէ աթոռի մը վրայ, կամ` բանա՜յ դուռները իր առջեւ ու այս կամ այն պատասխանատուութեան կոչէ զինք…

Ի՜նչ է համեմատութիւնը մարդոց, որոնք նախ կ՛ուզեն անդրադառնալ, թէ իբրեւ հայ անհատ` ինքնաբեր մղումը պէտք է ունենան ճանչնալու իրենց ժողովուրդը, ըմբռնելու անոր ընդհանրական կեանքի պահանջները, մտահոգութիւններն ու կարելիութիւնները: Ապա` գիտակցելու, թէ չի բաւեր յանգիլ անձնական եզրակացութիւններու: Հարկ է առաջ նետուիլ, տեսակէտ ունենալ եւ պաշտպանել, համոզել կամ համոզուիլ, լսելի դարձնել մեր ձայնն ու լսել ուրիշները:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Երկրորդ Տարուան Հունձքը (2018 – 2019) Պանծացուց Հայոց Պատմութեան Տիտանները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?