ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Քաջալերելի ընթացք մը պիտի ունենաք ձեր գործին եւ ընկերային միջավայրին մէջ: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարելաւուի եւ պիտի սկսիք ձեր ծրագիրները իրականացնել:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Կարեւոր աշխատանք մը իր աւարտին պիտի հասցնէք: Բարի լուր մը պիտի ստանաք եւ ուրախանաք: Յառաջիկայ օրերը բախտաւոր պիտի ըլլան ձեզի համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր կատարելիք վճարումները դասաւորեցէք, որպէսզի կուտակումներ չունենաք: Տրամաբանական դատողութիւն ունեցէք եւ խնդիրները անմիջապէս լուծեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Կ՛ապրիք գեղեցիկ ու հաճելի պահեր` ձեր ընկերներուն ներկայութեամբ: Ժամանակը յարմար է նոր ծանօթութիւններ մշակելու: Կեանքին հանդէպ ձեր նայուածքը բոլորովին պիտի բարեփոխուի:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Պիտի նեղանաք ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկուն կեցուածքէն: Մի՛ հետեւիք ձեր բացասական միտքերուն եւ զգացումներուն: Հեռու մնացէք հակադարձութենէ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Մի՛ յամառիք եւ աշխատեցէ՛ք հանդարտ աշխատանքային յարաբերութիւններ մշակել ձեր շրջապատին հետ: Ճնշող օր մը պիտի ունենաք: Ծայրայեղութիւններու մի՛ դիմէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Մի՛ գանգատիք, այլ ձեր պարտաւորութիւնները լիուլի կատարեցէք, նոյնիսկ եթէ ստիպուիք որոշ զիջումներ կատարելու: Նիւթական դժուարութեան մը դիմաց կը գտնուիք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ընկերային գետնի վրայ աշխուժ շրջան մը պիտի ունենաք: Ձեզմէ կը պահանջուի մտային եւ աշխատանքային կարողութիւններու բարելաւում, որպէսզի դուրս գաք տեղքայլի ձեր վիճակէն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ծանր ու նեղացնող մթնոլորտի մը մէջ կը գտնուիք: Օրէնքները մի՛ խախտէք, որքան ալ զայրացած ըլլաք: Ամսուան ոչ բախտաւոր օրերէն մէկն է, հանդարտ մնացէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Աշխատանքային առումով, այս օրերը յոգնեցուցիչ պիտի ըլլան ձեզի համար: Ձեր պատասխանատուութիւնները պիտի բազմապատկուին: Յոգնութեան պատճառով առողջական խնդիր մը պիտի ունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Պահեցէք ձեր հաւասարակշռուած կեցուածքը ձեր գործին մէջ: Դրական շրջան մըն է` յարաբերութիւններ եւ կապեր հաստատելու: Աշխատանքային ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պիտի նախընտրէք հեռու մնալ լուսարձակներէ: Հանգստացէք ու վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր հաշիւները` առանց նոր քայլերու ձեռնարկելու:
