Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատանեկան Մնջախաղ

Յուլիս 8, 2019
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Համազգայինի պատանեկան «Արեգ» թատերախումբը, Հրայր Գալեմքերեանի բեմադրութեամբ, ներկայացուց «Լուիս Պլէք»-ի «Ուան սլայթ հիթչ» (Դոյզն խոչընդոտ մը, 2011) զաւեշտը` «Փոքր հարուած մը» վերնագրով (1):

Հեղինակը եւ բներգը.- Այս երկու հատուածները  կարելի է միացնել, որովհետեւ բներգը ներշնչուած է հեղինակի անձնական կեանքէն: Պլեք (1948 – ) ամերիկացի հրեայ մըն է, որուն  հիմնական զբաղումն է կատակաբանութիւնը (stand up comedy), թէեւ ուսանած է թատերագրութիւն: Պլեք ծանօթ է յատկապէս որպէս շինծու լուրերու (Fake News) քաղաքական «մեկնաբան»` հեռատեսիլի «Տի տէյլի Շու» ծրագրին մէջ(2): «Խոչընդոտը» իր յօրինած միակ թատրերգութիւնն է: Պլեք համալսարանը աւարտած է 1977-ին, երբ … շատ «հասուն» տարիքի էր (29): Մինչ այդ, 1974-ին, այսինքն երբ ուսանող էր, ամուսնացած  եւ քանի մը ամիս ետք ամուսնալուծուած է: Պլեք «ծփացող» մը (drifter)  եղած է մինչեւ 40 տարեկան:

Համալսարանը աւարտելէ ետք, երկու տարի կենակցած է գրող աղջկան մը հետ:  Զաւեշտին գլխաւոր հերոսը` Ռայըն, նոյնպէս 30-ը անց «ծփացող մըն է (drifter), որ երեք տարի կենակցած է Քորթնիի հետ, որ … այո՛, գուշակեցիք, գրող մըն է: Պլեքի ընկերուհին զինք լքելէ 6 ամիս ետք ամուսնացած է: Քորթնի Ռայընը լքելէ 7 ամիս ետք պիտի պսակուի գրեթէ կատարեալ երիտասարդի մը` Հարփըրի հետ: Ընկերուհին հեռաձայնով Պլեքը տեղեկացուցած է պսակի մասին, բայց չէ հրաւիրած զայն: Այստեղ կը սկսի զաւեշտի հնարովի շարունակութիւնը: «Ի՞նչ կրնար պատահիլ, եթէ ներկայ ըլլայի պսակին»` հարց կու տայ … Պլեքի վիրաւորուած ինքնասիրութիւնը:  Զաւեշտին մէջ պսակը տեղի չ*ունենար: Քորթնի սիրելու եւ ամուսնանալու ատակ չէ: Ձախողութեան մեղքը կը բարդուի ասպարեզամոլ կնոջ վրայ: Կը «պսակուին» Քորթնիի ծնողները: Իմա` կը վերանորոգեն իրենց սիրոյ ուխտը:

Վերջաբանը առ երեւոյթ բարոյախօսական է: Քորթնիի մայրը զգացական երկար մենախօսութեամբ մը կու տայ ի՛ր մեկնաբանութիւնը յետպատերազմեան «Նորածիններու պայթում»-ին (Baby Boom 1946-64) (3): Մենախօսութիւնը կը թուի ողբերգական, բայց կարելի է նաեւ մեկնաբանել որպէս սեւ հումոր:

Դիպաշարը նմանութիւն ունի ա՛յլ սիրային եռանկիւններուն: Մենք չենք գիտեր, թէ ինչպիսի՛ անձ էր Պլեքի մրցակիցը: Զաւեշտին հերոսները, սակայն, տրամագծօրէն հակադիր տիպարներ են: Հակադիր տիպարներ են նաեւ «Տը Ֆիլատելֆիա սթորի» (1940) դասական ժապաւէնին մրցակիցները: Այդտեղ եւս շքեղ հարսանիքի մը նախօրէին կը յայտնուի հարսնացուի «նախորդը»: Այդտեղ եւս մրցակիցները  հակապատկերներ են. մէկը կիրթ ու կոճկուած, միւսը` սանձարձակ: Այդտեղ եւս հարսնացուն (Քեթրին Հեփպըրն) մետասաներորդ պահուն կը յայտնագործէ, թէ ինք իսկապէս ի՛նչ կ՛ուզէ կեանքէն: Որմազդին մէջ Հեփպըրն կանգնած է իրաւարարի գահաւորակին վրայ, մինչ մրցակիցները դաշտին մէջ կը ճակատին: Զաւեշտին հերոսուհիի վարմունքը ե՛ւս փոխ առնուած է ոչ թէ Պլեքի անձնական կեանքէն, այլ` հոլիվուտեան ֆիլմադարանէն:

«Խոչնդոտ»-ի առաջին տարբերակը գրուած է 1981-ին, Ռիկընի գահ բարձրանալէ անմիջապէս ետք: Պարզ է, որ այդքան հապճեպ թխուած գործ մը յաջողութիւն չէր կրնար ունենալ: Քանի մը ելոյթէ ետք զաւեշտը կը փակուի:  Շուրջ 30 տարի ետք Պլեք կը վերանայի եւ կը հրատարակէ ներկայ տարբերակը:

Վերախմբագրուած զաւեշտին մէջ Պլեք կը յայտնուի որպէս երկու կերպար: Երիտասարդ Պլեքը կը տեսնենք Ռայընի մէջ, իսկ հասուն Պլեքը` բժիշկի: Ի դէպ, «Տոք»¬ը Սայմընի ծածկանունն է: Այդ ակնարկ է ե՛ւ կերպարի նկարագրին, ե՛ւ ականաւոր թատերագիրին, որուն թերեւս Պլեք նմանակել կը ցանկար:

Լեզուական.- Զաւեշտին անգլերէն բնագիրը հասանելի է համացանցի վրայ(4)  : Տրամադրութեանս տակ չունիմ, սակայն, հայերէն թարգմանութիւնը: Կրնամ անդրադառնալ մասնակի կերպով` հիմնուած մէկ ելոյթի վրայ, որուն կշռոյթը չափազանց արագ էր: Հետեւաբար գրեթէ անկարելի էր ե՛ւ հետեւիլ, ե՛ւ արձանագրել:

Առաջին հերթին հարկ է նշել, որ Պլեք բարկացկոտ, պոռչտացող, հայհոյող կատակաբան մըն է:  Ներկայ ելոյթին մէջ գօտիէն վար հայհոյութիւնները համեմատաբար սակաւաթիւ են, մօտաւորապէս` տասը, արտասանուած` գլխաւորաբար Քորթնիի եւ Ռայընի (այսինքն երկու «գրողներու» ) կողմէ: Կան նաեւ սեռային սրախօսութիւններ: Կ՛իմանանք,  օրինակ, որ լուսանկարիչ երկու կիները միասեռական են, ուրեմն եւ … արտակարգ բծախնդիր: Բոլոր ակնյայտ հայհոյութիւնները, ինչպէս սպասելի էր, գրաքննուած էին: Ամորձիքներու հատումը փոխարինուած էր լեարդի վերացումով, ինչ որ համարժէք չէ: Առաջինը «տղամարդկութեան կորուստ է, իսկ երկրորդը` կեանքի: Սպրդած են քաղաքավար-հեգնական ակնարկներ, ինչպէս` «արգասաբերութեան խորհրդանիշը ամլացնել» (5) : Ի դէպ, բժիշկը իր ձեռքին ունէր ցարասի աւելի նմանող կոտրած զարդ մը, երբ այդ նախադասութիւնը կ՛արտասանէր: Այդ կը թելադրէր, որ «խորհրդանիշ»-ի իմաստը չէր ընկալուած: Նոյն սեռին կը պատկանի նաեւ «հերփեսազուրկ սէր»-ը, եւ` ոչ միայն:  «Herpes» վեներական փոխանցիկ ախտ մըն է:

Պլեք հրեայ մըն է: Այդ անխուսափելիօրէն կը նշանակէ` բացայայտ կամ ծածուկ հրէական ակնարկներ: Բացայայտ ակնարկները ջնջուած են: «Մարսիի հրեայ հօրեղբայրը կ՛ըսէ, թէ …»  թարգմանուած է մօտաւորապէս . «Մէկը ըսաւ,  թէ  մարդիկ կը ծրագրեն, Աստուած կը ծիծաղի»: Գաղափար, որ չէ ջնջուած, ի հարկէ հրէական է: Հարկ է, որ մարդիկ ոչ թէ մշակեն իրե՛նց ծրագիրները, այլ, ինչպէս Աբրահամ եւ այլք, անսակարկ կատարեն Եհովայի՛ ծրագիրը, Եհովայի՛ կամքը, որ ի հարկէ իրենց կը փոխանցուի… Րաբբիներու միջոցով:  Բժիշկը մօտաւորապէս կ՛ըսէ, թէ ինք «վճարած է իր հայրերու սխալներուն համար, իսկ այժմ կը վճարէ իր զաւակներու սխալներուն համար»: Այդ թիւր թարգմանութիւն է, որ կորսնցուցած է ե՛ւ հրէական կրօնի ակնարկը, ե՛ւ բառախաղը: Պէտք է թարգմանուէր հայրերու մեղքեր եւ որդիներու սխալներ: Եհովա քինեխնդիր աստուած է, կը սպառնայ, որ մեղաւորներու պատիժը պիտի կրէ անոնց մինչեւ չորրորդ սերունդը (Գիրք Ելից 20:5): Նոր կտակարանը այդպիսի սպառնալիք չունի: Մերը սիրող, ներող հայր Աստուած է:

Անուններու հնչիւնէն կը թուի, թէ թարգմանողը ֆրանսախօս ուսումի հետեւած է: Bette (Davis) երգչուհիի անունը, օրինակ, անգլերէնով կը հնչուի «Պեթթի», իսկ ելոյթի մէջ կը հնչուի ֆրանսերէն «Պեթ»: Կերպարներու անուններուն անգլիական հնչիւններն են` Ռայըն, ոչ Ռայան, Տաք, ոչ Տոք –  Մելընի, ոչ Մելանի, եւ այլն: Կան թարգմանական բազմաթիւ սխալներ, որոնք իմաստի խախտում կը բերեն: Կու տամ լոկ մէկ քանին.

Ռայըն կ՛ըսէ, որ իր տունը այժմ ճամբան է (the road): Թարգմանուած է «փողոց»: Երկուքը բոլորովին տարբեր բաներ են: Քաղաքային փողոցային կեանքը բացատրելու կարիք չկայ: Ամերիկայի մէջ, սակայն,  բազմաթիւ մարդիկ անհատնում ճամբաներու վրայ կը թափառին բան մը փնտռելու համար: Այս բներգով կայ ընդարձակ աւանդ: Յատկապէս 70-ական թուականներուն, այսինքն` այս գործի նախօրէին, նկարահանուած են  քանի մը տասնեակ ժապաւէններ, որոնցմէ այս պահուն կրնամ յիշել` Scarecrow, Paper Moon, Five Easy Pieces,  Easy Rider, եւ այլն: Ռայըն կը յայտարարէ, որ կը փնտռէ Ամերիկայի կորուսեալ հոգին: Առասպելական Jean  Kérouac-ի կանուխ յիսունական թուականներուն գրուած վէպը կը կոչուի  «On The Road» (6) : Ռայըն կ՛ուզէ գրել այսօրուա՛ն  Ճամբու վէպը:  Թարգմանողը կը թուի ծանօթ չըլլալ այդ մշակոյթին:

Բժիշկը զուգարան գտնելու համար Ռայընի կ՛առաջարկէ երթալ Տէյթըն: Թարգմանուած է մօտաւորապէս` «Գնա՛ փողոցին ծայրը»: Կորսուած է հումորը: Տէյթընը կը գտնուի Սինսինաթիէն 70 քմ հեռաւորութեան վրայ: Բացի այդ` 1796-ին նուաճողական քայլարշաւ մը տեղի ունեցած է Սինսինաթիէն մինչեւ Տէյթըն: Ռայըն հետիոտն է: Ուրեմն այստեղ կայ նաեւ հաւանական ակնարկ` ամերիկեան պատմութեան: Թարգմանողը կը թուի ծանօթ չըլլալ …

«Lone Hunter» կամ «Lone Wolf» (Միայնակ գայլ-որսորդ) առասպելներու հերոս մըն է, որ կը թափառի «Նոր աշխարհ»-ի անծանօթ բնութեան մէջ: Թարգմանուած է` «առանձին մնացած որսորդ»:  Թարգմանողը կը թուի…

Բժիշկի «Times a- wastin…» տողը ակնյայտ ակնարկ է Պապ Տիլընի ծանօթ  «For the times they are a-changin*» տողին, որ 60-ական թուականներուն այլախոհական նշանախօսքի վերածուած էր: Թարգմանողը կը թուի…

«Poker» հրակիշ է, կը նմանի միջնադարեան մետաղեայ լախտի, այլ ոչ թէ` «ածուխ բռնելու գործիք»:  Այդ սրածայր ձողը յաճախ կը գործածուի տնային ոճիրներու ընթացքին: Յիշուած է, օրինակ, վերջերս բեմադրուած Ակաթա Քրիսթիի «Թակարդ»-ի բնագրին մէջ: Այդտեղ եւս կորսուած էր «Poker»-ի  հումորը: Թարգմանողը…

Chocolate fountain (շատրուան) հաւաքոյթի մը շքեղութեան կամ շքեղ երեւալու ճիգին խորհրդանիշներէն մէկն է, թարգմանուած է` «շոքոլայի աւազան», որ Guiness մրցանիշներու աշխարհին կը պատկանի:

Now he does (հիմա` այո) կը նշանակէ, որ Ռայըն շատ արագ յաջողած է բժիշկի թղթախաղի քառեակի չորրորդը (համեմատաբար` հեռու ընկեր) վերածել թմրամոլի մը: Թարգմանուած է`  «միասին կը ծխենք»: Այդ անիմաստ է: Ռայըն երբեք կրկին պիտի չհանդիպի այդ մարդուն: Catered Inquisition¬ը թարգմանուած է` «Ճաշով հարցաքննութիւն». պէտք էր ըլլար` «սպասարկուած շքեղ հաւատաքննութիւն», որ սեւ հումոր է: Սպանական հաւատաքննութիւնը նորակազմ պետութեան կողմէ ծրագրուած լայնածաւալ սպանդ մըն էր: Կորսուած է իմաստը:

Խեցգետինի մաքրութեան վերաբերեալ` «Ritual» կը նշանակէ հանդիսաւոր «ծէս», ոչ թէ` հասարակ «սովորութիւն», կորսուած է հումորը:  Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ Մեյթակի շուրջ դառնալ, եւ այլն, եւ այլն  …

Դուռը, ինչպէս` այլ կարծր իրեր, կը «կոտրեն», չեն «կտրեր»: Այդ տարածուած փողոցային սխալախօսութիւն է: «Տակս պիտի ընեմ» հայատառ, ծիծաղաղերս թրքերէն է, այլ ոչ` «բեմէն հնչող անսխալ հայերէն» (7)  եւ այլն:

Բարի՛. պահ մը ենթադրենք, որ հայերէնը «անսխալ» էր: Այդ անբաւարար է, որովհետեւ այստեղ դպրոցականներու շարադրական մրցում չենք գնահատեր: Պլեքի բնագիրը խառնուրդ մըն է համալսարանական վերամբարձ բարբառի (ժարկոն), դիտաւորեալ սխալախօսութեան  եւ հայհոյաբանութեան: Մենք կը լսենք ե՛ւ «Հայզենպերկի սկզբունք» կամ «Ճէյն Օսթինի վէպ» ե՛ւ  ասոնց առընթեր «whatchamacallit»  կամ «Whatshisname» (8): Ա՛յդ էր, որ զաւեշտին պիտի տար իւրայատուկ համ ու հոտ: Բոլորին սիրելի Զիատ Ռահպանիի լեզուն հիմնովին սխալախօսական է, բայց միաժամանակ` յոյժ արտայատիչ եւ դիպուկ: Որո՞ւ է հարկաւոր դասագրքային, հականեխուած, անհամ-անհոտ լեզուն:

Յուսամ, որ վերջին անգամ կը կրկնեմ. հարկ է, որ թարգմանողը քաջ տեղեակ ըլլայ թատերագրի լեզուին եւ մշակոյթին: Բառարանային անտեղեակ թարգմանութիւնը իմաստի սպանդ է:

Որմազդը կը թուի ըլլալ անշուք  պսակի մը ծանուցումը ( անշո՞ւք … բայց չէ՞ որ …):  Կուպիտոնի  նետը շամփրած էր մէկ սիրտ, ոչ երկու կամ նոյնիսկ … երեք: Ելոյթին մէջ, սակայն, չկան սէր ու նորապսակներ:

Բեմայարդարումը առնչութիւն չունէր տուեալ վայրի, ժամանակի եւ մշակոյթի հետ, այսինքն` 18-րդ դարու աւանդով կահաւորուած տան մը միջին Ամերիկայի (Օհայօ) մէջ: Բեմը կը ներկայացնէր ոչ թէ բնակարան, այլ` վերացական վայր մը: Տարածքը սահմանող տժգոյն վանդակաճաղը անիրական, դիւրաբեկ միջավայր մը կը ստեղծէր: Ասոր կը հակադրուի Ռիկընի քաղաքական հսկայ  ծաղրանկարը, ինչ որ անիրապաշտ է: Ամերիկացիք չունին նման սովորոյթ: Խորապատկերին մէջ կար նաեւ առեղծուածային փոքրիկ դիմանկար մը: Արդեօք ո՞վ էր ան: Աթոռներու դասաւորումը աւելի նման էր սպասման սրահի, քան` հանգստաւէտ տան: Ի՞նչ կը նշանակէր այս հակասական այլաշխարհիկ եւ ապաժամանակ համադրումը:  Ինչպէ՞ս կ՛առնչուէր Պլեքի զաւեշտին հետ:

Երաժշտութիւնը խորապատկերային էր, ունէր սահմանափակ դեր: Ոչ զարմանալիօրէն նոյն բնոյթի էր, ինչ որ` բեմայարդարումը, այսինքն անվայր եւ անժամանակ: Մինչդեռ հեղինակը բացայայտօրէն նշած է, որ հնչեն ութսունականներու երգեր, ինչպէս. «Bette Davis Eyes», որ 1981-ի ամէնէն մեծ «հիթ»-ն էր եւ Մատոնայի «Հոլիտէյ»-ը, որ  «հիթ» էր նաեւ  Մ. Նահանգներէն դուրս: Սպասեցէք… հեռախօսով կ՛իմանանք, որ խորապատկերի փոքրիկ  դիմանկարը կը ներկայացնէ 80-ականներու երգչուհի մը: Ուրեմն թերեւս կը խորհրդանշէր այդ երաժշտութեան լուսանցքայնացումը: Հարկ էր, որ այս լուսաբանութիւնը փոխանցէի ընթերցողին, որովհետեւ այլապէս կարելի պիտի չըլլար գուշակել: Իսկ հիմա հարկ է գուշակել, թէ ինչո՛ւ նոյնինքն թատերագրի պատուիրած միս ու ոսկոր երաժշտութիւնը փոխարինուած էր վերացական մեղեդիներով: Թերեւս` նոյն պատճառով, որ  միս ու ոսկոր տունը փոխարինուած էր վերացական դիւրաբեկ «վանդակաճաղով», որուն ետին կը տարածուի գորշ դատարկութիւն:

Երիտասարդ դերակատարները երեւի չյօժարէին կրել 80-ականներու մազումօրուսը: Մոռնանք նորաձեւութիւնը: Կային այլ անհասկնալի կէտեր: Ինչո՞ւ, օրինակ, մինչեւ վերջին պահը հարսի հայրը մնաց իր գիշերանոցով: Ինչո՞ւ Ռայըն լուացքի աւարտը աւելի քան ժամ մը սպասելէ ետք դուրս եկաւ` բժիշկի կարճ տափատներէն մին հագած:

Երկու լուսարձակներ ուղղուած էին բեմի կեդրոնի աջ եւ ձախ կողմերը: Դերակատարներէն ոմանք կը սկսէին մենախօսել մէկ լուսարձակի տակ, ապա արհեստականօրէն կը լռէին, կը փոխադրուէին դէպի մի՛ւս լուսարձակ եւ կը շարունակէին այնտեղ: Տեղի փոփոխութիւնը, սակայն, չէր համապատասխաներ որեւէ իմաստի կամ կատարումի փոփոխութեան: Ինչո՞ւ ուրեմն: Լուսաւորումը այլապէս մեկնաբանական նկատելի դեր չունէր:

26 ապրիլ 2019
(Շար. 1)

———————-

  1. Հարցազրոյց, «Ազդակ», 12 ապրիլ 2019
  2. Runnells Ch., « Lewis Black Comedy Comes To Florida» News Press 8 յունուար  2015
  3. Նորածիններու թիւը գրեթէ կրկնապատկուեցաւ բաղդատած պատերազմի տարիներուն: Մեծ թիւով տղամարդիկ վերադարձան իրենց կիներուն եւ կամ նոր ընտանիքներ կազմեցին:
  4. Տե՛ս www.dramatists.com/previews/4601.pdf
  5. Նման խորհրդանիշներ կան Մեծամորի թանգարանի մուտքին առջեւ, Տաթեւի շրջափակին մէջ եւ այլուր
  6. Jean-Louis Lebris de Kérouac 1922-1969 ամերիկեան «Պիթնիք» սերունդի ռահվիրաներէն
  7. Արշօ Պալեան, «Փոքր հարուած մը» կատակերգութիւնը …, «Ազդակ», 13 ապրիլ 2019
  8. Հայզէնպերկի յաճախ սխալ մեկնաբանուող «Անորոշութեան սկզբունք»-ը կ՛ըսէ, թէ կան քանակական զոյգեր (ինչպէս ոյժ եւ ժամանակ կամ վայր եւ թափ), որոնք միաժամանակ 100 տոկոս ճշգրտութիւն չեն կրնար ունենալ: Ճէյն Օսթինի գրեթէ բոլոր տիպարները կիներ էին:
Նախորդը

Ծառայասէր Եւ Հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ական Վրէժ Թազեանի Յիշատակին* (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

Գրողի Անկիւն. Մայքին Աղօթքը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը Բ.

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?